Արխիւ

Չորեքշաբթի, Յունուար 13, 2021

ԵՐԱՄ

Այսօր յարութիւն առի։
Քաղաքը, ուր կը բնակիմ, Երեւանն է. արեւային քաղաք կ՚ըսեն։

Չորեքշաբթի, Յունուար 13, 2021

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Երկրի մը ղեկը ոչինչով կը տարբերի ինքնաշարժի, հանրաշարժի, շոգեկառքի, օդանաւի կամ նաւի ղեկէն: Բոլոր պարագաներուն բարեյաջող ճամբորդութիւնը, թռիչքը կամ վայրէջքը կախեալ է մէկ հոգիէն՝ շարժավարէն, նաւաստիէն կամ օդանաւորդէն:

Չորեքշաբթի, Յունուար 13, 2021

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Verba volant scripta manent». Խօսքը կը թռչի. Գիրը կը մնայ։ Այս մշտանորոգ խօսքը ամէն շրջանի եւ ամէն միջավայրի համար ի զօրու, գործադրութեան ուժ ունեցող խօսք մը, իրականութիւն մըն է։

Երեքշաբթի, Յունուար 12, 2021

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ Քրեմլինի մէջ մէկտեղեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանն ու Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը:
Ստորագրուեցաւ յայտարարութիւն մը. յետպատերազմեան իրավիճակի պայմաններով՝ Մոսկուա, Երեւան եւ Պաքու որոշեցին ստեղծել փոխ-վարչապետներու մակարդակով աշխատանքային խումբ մը, որու առաջին ժողովը տեղի պիտի ունենայ մինչեւ ամսավերջ:
Այս նոր համաձայնութիւններու կեանքի կոչուիլը թէեւ կ՚ենթադրէ տարածքաշրջանային ձեւաչափերով փոխել Կովկասի տնտեսական դիմագիծը, սակայն, հայ ռազմագերիներու վերաբերեալ հրատապ հարցերուն համար շօշափելի լուծման հեռանկար մը չէ ձեւաւորուած, իսկ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կապակցութեամբ ալ օրակարգի վրայ մնալ կը շարունակեն տակաւին չկարգաւորուած խնդիրներ:

Երեքշաբթի, Յունուար 12, 2021

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Տասը տարի առաջ, յունուար ամսուն, Եգիպտոսի կառավարութիւնը երկրին մէջ ժամանակաւորապէս արգելափակեց հեռաձայնային հաղորդագրութիւններու ծառայութիւններն ու համացանցը, այդպիսով դարձաւ առաջին երկիրը, որ ժամանակաւորապէս արգելափակած է համացանցը ամբողջութեամբ:

Երեքշաբթի, Յունուար 12, 2021

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Համեմատական այս երեւոյթներու կիզակէտը կը հանդիսանայ տարիքս, որ պիտի յայտնաբերուի ստորեւ նշուած երկու դէպքերուն ընդմէջէն։ Դէպքեր՝ որոնք թէ՛ մղոններով հեռու եղած են իրարմէ եւ թէ տարիներով բաժանուած իրարմէ։

Երեքշաբթի, Յունուար 12, 2021

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Դարձեալ եւ ուրիշ կերպով կը մեկնաբանուի խօսքը. «Ես Ինծի համար փառք չեմ փնտռեր», այսինքն՝ հիմա չե՛մ ուզեր բարձրանալ, որովհետեւ չարչարնքներէն առաջ անարգութիւն կը փնտռէր եւ ո՛չ՝ բարձրութիւն:

Երեքշաբթի, Յունուար 12, 2021

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ իրեն համար՝ նպատակ մը չէ՛։ Ուրիշ խօսքով՝ մարդիկ իրենց համար չեն ապրիր։ Մարդուն ապրելու նպատակը ապրեցնե՛լն է։ Եթէ անցաւոր պահու մը համար դեղ եւ դարման չըլլայ մարդ հիւանդ մարդկութեան, եթէ ան չհասնի մարդկութեան օգտակար ըլլալու, նպաստ մը բերելու, հապա ինչո՞ւ կ՚ապրի։

Երեքշաբթի, Յունուար 12, 2021

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական Աթոռը 2020 թուականի յունուարի 11-ին ունեցած էր իր 85-րդ գահակալը՝ յանձին Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։ Իսկ երէկ երեկոյեան, Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Պատրիարք Սրբազան Հօր գահակալութեան առաջին տարեդարձին առիթով տեղի ունեցաւ գոհաբանական աղօթք՝ նախագահութեամբ Նորին Ամենապատուութեան։

Երեքշաբթի, Յունուար 12, 2021

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ Հայրապետական սրբատառ կոնդակով յունուարի 11-ին Հայաստանէ ներս, Արարատի մարզին մէջ հիմնուեցաւ Մասիացոտնի թեմը։

Երեքշաբթի, Յունուար 12, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Այն ինչ, որ կատարուեցաւ երէկ՝ անսպասելի չէր։ Մասնաւորապէս հայկական կողմը՝ սկսելով Երեւանէն եւ հասնելով մինչեւ սփիւռքեան հեռաւոր ափեր, ակնդէտ կը հետեւէր Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցած եռակողմանի գագաթաժողովին, որովհետեւ շշուկներ կային, թէ Փաշինեան շարունակելով իր «ձախորդ փանոսեան» դերը, կրնար ծանրակշիռ եւ բոլոր առումներով ալ հայկական շահերէն հեռու փաստաթուղթի մը տակ ստորագրել, բայց այդպէս չեղաւ։

Երկուշաբթի, Յունուար 11, 2021

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Միտքը սահման չունի, մտածելով մարդ կրնայ թռչիլ հոգեւոր տիեզերքին մէջ շա՜տ աւելի հեռուները քան որեւէ սաւառնակ կամ հրթիռ, որ կրնայ երթալ նիւթական տիեզերքի անհաշուելի եւ աներեւակայելի հեռաւորութիւնները։ Միտքը ո՛չ ժամանակ եւ ո՛չ ալ տարածք կը ճանչնայ. մարդ երեւակայութեամբ կրնայ անհունօրէն տարածուիլ եւ անժամանակ կերպով ընթանալ։

Երկուշաբթի, Յունուար 11, 2021

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, ուրբաթ, յունուարի 8-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Պատրիարքարանի Ընկերային օժանդակութեան յանձնախումբի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Խաչիկ Ճանէլի։ Քորոնա համավարակի սահմանափակումները նկատի ունենալով նուազ թիւով անդամներ ներկայացան Նորին Ամենապատուութեան։

Երկուշաբթի, Յունուար 11, 2021

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, երէկ, Հայաստանի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ, յետպատերազմեան իրավիճակի պայմաններուն ներքեւ, յաւարտ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի մասնաւոր աղօթք կատարուեցաւ՝ Արցախի ռազմական գործողութիւններու հետեւանքով գերեվարուածներու եւ անյայտ կորսուածներու համար։ Բոլորը աղօթք բարձրացուցին առ Աստուած գերիներու տունդարձին մաղթանքով։ Վեհափառ Հայրապետի բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբանութիւնը կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի մասնակցեցաւ Ս. Գայիանէի վանքէն ներս։

Երկուշաբթի, Յունուար 11, 2021

ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

Թերեւս ոմանք տարակարծիք գտնուին ինծի՝ ըսելով, թէ անծանօթ բանաստեղծ մը նախ իր ինքնագիր գործերով կը ծանօթացնեն ընթերցողներուն ու ոչ թէ այլ լեզուներէ կատարած թարգմանութիւններով կամ փոխադրումներով: Որոշ չափով համամիտ եմ:

Երկուշաբթի, Յունուար 11, 2021

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Ալֆրէտ Ատլէր յայտնի հոգեբան մըն է, որ ստորակայութեան, անարժէքութեան զգացումը կը դիտարկէ՝ որպէս անձի զարգացման մէջ հիմնաքարային դերակատար։ Ան կը պնդէ, թէ մարդ կը ձգտի կատարելութեան, քանի որ մարդիկ միշտ կը ձգտին հասնիլ անձնական մեծ կարեւորութիւն ներկայացնող նպատակներու։

Երկուշաբթի, Յունուար 11, 2021

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի տանտիրութեամբ եւ մասնակցութեամբ Մոսկուայի մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպումը։ Նիկոլ Փաշինեան այս առթիւ աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Մոսկուա, ուր եռակողմանի հանդիպման առընթեր նախատեսուած է իր առանձնազրոյցը Վլատիմիր Փութինի հետ։ Արցախի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութենէն ի վեր առաջին անգամ այսպէսով կը մէկտեղուին այդ համաձայնութեան տակ ստորագրութիւն դրած երեք երկիրները։

Երկուշաբթի, Յունուար 11, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ռոպերթ Քոչարեանի բանբեր Վիկտոր Սողոմոնեանի բացառիկ յայտարարութիւնները՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ին:
«Ռուսաստանի հետ համագործակցութեան մակարդակը բաւարար չէ այս տարածքաշրջանէն ներս Հայաստանի անվտանգութիւնը
ապահովելու համար։ Բոլորին ակնյայտ է, որ մենք պէտք է մտածենք յարաբերութիւններու աւելի սերտ աստիճանի մը մասին»:

Երկուշաբթի, Յունուար 11, 2021

Այսօր Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի գահակալութեան առաջին տարեդարձն է։ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին վրայ ան բոլորած է իր առաջին տարին եւ այս օրուան դրութեամբ կը թեւակոխէ երկրորդը։ Որպէս Նուիրապետական Աթոռի գահակալ՝ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը անցեալ տարուայ ընթացքին տարածած է իր հովանին թրքահայ հաւատացեալ հօտին վրայ։

Շաբաթ, Յունուար 9, 2021

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան նախագահը կը մատնանշէ աշխարհի վրայ կենցաղային կարիքներու եւ սննդամթերքի հետզհետէ հասունացող տագնապը:
Պերճ Սեդրակեան. «Ներքին հայեացքով պիտի կարենանք իրագործել պետականաշինութեան եւ համայնքային կառոյցներու նոր եւ նորարարական նախատիպեր՝ որոշելու համար մեր ճակատագիրը»:

Էջեր