Արխիւ

Շաբաթ, Յունուար 30, 2021

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Թէեւ մարդ արարածը ընդհանրապէս իր մանկութիւնը չի յիշեր, սակայն իր ծնողքը եւ կամ մօտիկ բարեկամներ այդ յուշերը՝ ըլլան անոնք դրական թէ բացասական, իրեն կը հաղորդեն՝ երբ ան մեծնայ եւ հասկնալ սկսի։ Իմ այդ քաղցր յուշերէն երկուքը կ՚ուզեմ բաժնել այսօր մեր ընթերցողներուն հետ։

Շաբաթ, Յունուար 30, 2021

ԱՆՈՅՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Հայրենի երկինքին տակ ես չեմ քալեր այլ կը թռչիմ…
Հայաստանը քարաստան է կ՚ըսեն, բայց ինծի համար ծաղկաստան է ան…
Ես այնտեղ կը զգամ այնքան թեթեւ, այնպէս երջանիկ, որ ուրիշ ոչ մէկ երկիր կրնայ պարգեւել…

Շաբաթ, Յունուար 30, 2021

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վերջին մի քանի ամիսները մեր համազգային կեանքին մէջ անորոշութեան, հիասթափութեան եւ յուսահատութեան մեծ ալիքներ բարձրացուցին, եւ այսօր մեզմէ շատեր տակաւին չեն կրնար հասկնալ, թէ ի՞նչ պատահեցաւ վերջին մի քանի ամիսներու ընթացքին եւ թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր յետագան:

Շաբաթ, Յունուար 30, 2021

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Սուրբ Սարգիս ծնած էր քրիստոնեայ ընտանիքի մը մէջ, Կապադովկեան Կեսարիոյ Գամիրք գաւառին մէջ։ Ան եղած էր զինուորական եւ Կոստանդիանոս կայսրի շրջանին՝ անոր թագաւորութեան միջոցին հասած էր մինչեւ ստարատեգութեան, այսինքն՝ զօրապետութեան, զօրավարի աստիճանին։

Շաբաթ, Յունուար 30, 2021

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Հայաստանի Բանակի օրուան առթիւ, Վաղարշապատ քաղաքի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Հանրապետական մաղթանք։

Շաբաթ, Յունուար 30, 2021

Երէկ, Շիշլիի գերեզմանատան մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն տեղի ունեցաւ բարեյիշատակ Յովհաննէս եւ Մկրտիչ Էսաեան եղբայրներու հոգւոցն ի հանգիստ։ Էսաեան հարազատները ոգեկոչուեցան բիւր յարգանքով։

Շաբաթ, Յունուար 30, 2021

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ, ժամը 11.00-ին, Պատրիարքարանի պաշտօնական ընդունարանին մէջ ընդունեց Թուրքիոյ Կաթողիկէ հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանը՝ ընկերակցութեամբ Տ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրատեանի։ Հանդիպման ներկայ եղան Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան եւ Միջեկեղեցական յարաբերութեանց տեսուչ Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան։

Շաբաթ, Յունուար 30, 2021

Հայաստանի առկայ քաղաքական տագնապի մթնոլորտին մէջ եռեւեփը կը շարունակուի։ Ամիսներէ ի վեր երկիրը կը մաքառի՝ պատերազմի ծանր հետեւանքներէն ելք մը որոնելով։

Շաբաթ, Յունուար 30, 2021

Մոսկուայի մէջ փոխ-վարչապետներու ժամադրութիւն: Այսօր Աղտամէ ներս պաշտօնապէս գործել կը սկսի Թուրքիա-Ռուսաստան համատեղ զինուորական կեդրոնը, որ նախատեսուած է Լեռնային Ղարաբաղի հրադադարի դիտարկման համար:
Զարիֆ Իսթանպուլի երէկուան շփումներով աւարտեց տարածքաշրջանային մեծ շրջագայութիւնը: Ըստ վերլուծաբաններու, Կովկասի նոր իրավիճակով Թեհրանին տեսակէտէ յատուկ դերակատարութեան մը ազդանշանները առայժմ չկան, սակայն անոր քաղաքականութիւնը կը հակի դէպի Պաքու:

Շաբաթ, Յունուար 30, 2021

ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Նպատակս քարոզ մը խօսիլ չէ, այլ պարզ փնտռտուք մը կատարելն է աղօթանուէր հաւատացեալի մը ուղղած մէկ հարցումին որպէս պատասխան։ Լսած էր, որ ոմանք «փրկեա՛ զմեզ ի չարէն» կ՚արտասանեն փոխանակ «ի չարէ» ուղիղ ձեւին, ինչպէս ինքս նաեւ լսեր եմ։

Ուրբաթ, Յունուար 29, 2021

Հայաստանի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեան վարակուած է քորոնաժահրով։ Երէկ, երբ երկրէն ներս կը նշուէր Բանակի օրը, Սերժ Սարգսեան չայցելեց «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոնը, ինչ որ հանրային կարծիքի ուշադրութեան արժանացաւ։

Ուրբաթ, Յունուար 29, 2021

Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան պետական քարտուղար Ժան-Պաթիստ լը Մուան երէկ Երեւանի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Արտաքին գործոց նախարար Արա Այվազեանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նիկոլ Փաշինեան ֆրանսացի բարձրաստիճան դիւանագէտին հետ քննարկած է տնտեսական համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։

Ուրբաթ, Յունուար 29, 2021

Հայաստանի դիմագրաւած քաղաքական տագնապի պայմաններուն ներքեւ, յարատեւ բողոքի եւ պոռթկումի բազմաբնոյթ դրսեւորումները կը շարունակուին։ Մասնաւորապէս Երեւանի կեդրոնին միշտ հանրութեան հակազդեցութիւնը շօշափելի կը դառնայ վարչապետ Փաշինեանի իշխանութիւններուն դէմ՝ յետպատերազմեան ծանր իրավիճակին մէջ։

Ուրբաթ, Յունուար 29, 2021

ԱՔ կուսակցութեան Շիշլիի մասնաճիւղի նորընտիր ղեկավարութեան ներկայացուցիչները երէկ այցելեցին ԺԱՄԱՆԱԿ-ի խմբագրատունը:
Կէօքհան Եիւքսէլ եւ իր ընկերները բարձր կը գնահատեն միասնականութեան մթնոլորտի շարունակութիւնը՝ միշտ փոխադարձ բարի կամեցողութեամբ:

Ուրբաթ, Յունուար 29, 2021

Սուրբ Սարգիսի տօնը հայերու մէջ ամենասիրուած տօներէն մէկն է, իսկ Սուրբ Սարգիս զօրավարը հայ ժողովուրդի ամենասիրելի եւ մեծ ժողովրդականութիւն վայելող սուրբը, որուն ժողովուրդը կը դիմէ ջերմեռանդութեամբ եւ խոր հաւատքով՝ ապաւինելով ամենահաս եւ արագահաս սուրբի բարեխօսութեան՝ թէ՛ վտանգի, թէ՛ նեղութեան անել վիճակներէն սուրբ միջոցով ազատելու համար։

Ուրբաթ, Յունուար 29, 2021

Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Սուրբ Աթոռի (Վատիկան) մօտ Հայ Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Ս. Արք. Պարսամեան, վերջերս հրաւիրուած էր մասնակցիլ կարգ մը միջեկեղեցական արարողութիւններու, որոնք կազմակերպուած էին Քրիստոնեաներու միութեան աղօթքի շաբթուան ծիրէն ներս։

Ուրբաթ, Յունուար 29, 2021

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Գերապատիւ եւ սիրեցեալ Թաթուլ հայր սուրբ,
Ձեր հիւանդութեան լուրերը համատարած տխրութիւն եւ ցաւ ստեղծեցին համայնքէն ներս. կարծես, առանց այդ ալ պակաս ըլլային պատճառները։ Այսպիսի վիճակներու մէջ համայնքը կը վերածուի մեծ ու միասնական ընտանիքի մը, որմէ հասած պատուական զաւակներուն շարքին կը գտնուիք։ 

Ուրբաթ, Յունուար 29, 2021

ԵՐԱՄ

Բաց կապոյտ ինքնաշարժ մը, հին սովետական, կը յառաջանար ձորերուն մէջ։ Պատուհանը բաց էր. տղամարդու արմուկ մըն էր անկէ դուրս։ Բացուեցաւ ծալքը թեւին, դուրս եկաւ ձեռքը, մատներուն միջեւ գլանիկ մը վառ։

Ուրբաթ, Յունուար 29, 2021

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Համակարգիչի պաստառին վրայ պատկերներ կը թերթէ: Բնութեան պատկերներ՝ ծով, ովկիանոս, անտառներ, գետեր, ջրվէժներ, գունեղ երկինք... Կը նշմարէ Հիւսիսային բեւեռներու երկնակամարին գծագրուող հիասքանչ լուսերեւոյթը՝ աւրորան, որ կը կրէ բնութեան բոլոր երանգները եւ կը պարէ սառցապատ լեռներուն կամարին, սպիտակը կը գունաւորէ եւ կարծես կ՚օժտէ զայն բոլոր այն գոյներով, որոնցմէ զրկուած է երկրին այս հատուածը:

Ուրբաթ, Յունուար 29, 2021

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդիկ ընդհանրապէս մէկու մը արժէք կու տան իր արտաքինը նկատի ունենալով, զոր օրինակ, իր ասպարէզին համեմատ եւ շատ անգամ կ՚անտեսեն բուն իսկ «անձ»ը։

Էջեր