Արխիւ

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2020

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Խօսք. «Մենք ապօրինի [պոռնկութենէ ծնած] զաւակներ չենք» (Յհ 8.41):
Մեկնութիւն.
Պոռնկութիւն կը կոչէ կռապաշտութիւնը, նախ՝ որովհետեւ մարգարէները սովորութիւն ունէին այդպէս կոչելու:

Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 22, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կեանքը, եթէ ուշադրութեամբ դիտուի իրերը եւ իրողութիւնները, անվերջ երկունք մըն է։ Աւելի յստակ տեսնելով՝ կեանքը դժուարութիւններու, անգութ ուժերու, անդիմադրելի զօրութիւններու, անվերջ ցաւերու եւ վիշտերու մէջ ընթացք մը, եւ մահուան դէմ պայքա՛ր մըն է։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2020

Եւրոմիութիւն-Ատրպէյճան Գործընկերութեան խորհուրդի հերթական ժողովը օրերս տեղի ունեցաւ Պրիւքսելի մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, ԵՄ-Հայաստան Գործընկերութեան խորհուրդի նիստն ալ տեղի ունեցած էր անցեալ շաբթուան երկրորդ կէսին։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2020

Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին յաջորդած իրավիճակին մէջ Հայաստանի Սիւնիքի մարզի իրադարձութիւնները դարձած են հրատապ։ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանագծման աշխատանքներուն զուգահեռ յառաջացած են լուրջ մարտահրաւէրներ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2020

Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան 40-րդ օրուան առթիւ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ հռչակուած եռօրեայ սուգը կ՚եզրափակուի այսօր։
Շաբաթավերջին համայն հայութիւնը սգաց նահատակներու կորուստը եւ հերթական անգամ խոնարհեցաւ անոնց լոյս յիշատակին առջեւ։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2020

Վեհափառ Հայրապետը երէկ այցելեց Եռաբլուր եւ նախագահեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կատարուած հոգեհանգստեան պաշտօնին:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. «Միայն ուժեղ պետութիւնով հնարաւոր է յաւերժացնել մեր ինքնութիւնն ու լինելութիւնը, նաեւ մեր քաջորդիներու յիշատակը։ Չվտանգենք մեր պետականութիւնը անխոհեմ քայլերով, գործենք յանուն մեր ժողովուրդի ու հայրենեաց անկորուստ պահպանութեան, զօրացման ու յառաջընթացի»:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2020

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

«Կաղանդը կու գայ տարին մէկ անգամ, եւ երբ կու գայ, կ՚ուրախացնէ»:
Այո՛, ոմանց համար ատիկա ուրախ ժամանակ է, ուրիշներուն համար անիկա իսկապէս կրնայ թշուառ, հին ժամանակ մը ըլլալ:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2020

ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

Շատ որոշ է, որ համաշխարհային ներկայ լաբիւրինթոսին ու մանաւանդ արցախեան պատերազմի հոգեբանական ազդեցութեան տակ ոչ ոք տրամադրութիւն ունի մեր գրական «դարաւոր» խնդիրներով զբաղելու:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2020

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Գեղագիտութիւնը փիլիսոփայութեան այն ճիւղն է, որ կ՚ուսումնասիրէ գեղեցկութեան եւ ճաշակի բնոյթը, ինչպէս նաեւ արուեստի փիլիսոփայութիւնը եւ զգացական արժէքները։ Այլ խօսքով՝ գեղագիտութիւնը կը քննադատէ արուեստը, մշակոյթը եւ ընդհանուր առմամբ՝ բնութիւնը։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 21, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Մինակութիւն» եւ «առանձնութիւն»՝ թէեւ մերձիմաստ բառեր են, բայց նոյնիմաստ կամ հոմանիշ չեն։ Այս ուղղութեամբ, անոնք կը նմանին «տարիքոտ ըլլալ»ու եւ «ծերութեան». ծերութիւնը միայն տարիքի հետ կապ ունեցող վիճակ մը չէ՛։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 19, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Կը շարունակենք ներկայացնել «ձայնի տեսակներ»ը՝ տեսնելու համար լեզուի մը հարստութիւնը եւ ճոխութիւնը։
Սակարանի ձայն = ժխոր, վժվժուք։
Սառի (ճեղքուելու) ձայն = ճայթիւն. ճայթիլ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 19, 2020

Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբը արցախցի երեխաներուն համար կը հնչեցնէ «Սառցէ սիրտը» երաժշտաշարը։ Այսպէս, Արցախէն Հայաստան եկած երեխաներուն տօն պարգեւելու նպատակով դեկտեմբերի 24-էն մինչեւ 27-ը «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրէն ներս պիտի ցուցադրուի օսքարակիր «Սառցէ սիրտը» շարժանկարի շարքը, որու երաժշտական հատուածները կը կատարէ Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբը:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 19, 2020

Պրիւքսելի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան գործընկերութեան խորհուրդի երրորդ ժողովը։ Բանակցութիւններու ընթացքին Եւրոպական պատուիրակութիւնը գլխաւորեցին ԵՄ-ի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորել եւ Եւրոյանձնաժողովի Ընդլայնման ու հարեւանութեան հարցերով յանձնակատար Օլիվեր Վարհէյի։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 19, 2020

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ հրադադարի համաձայնութիւնը հետեւողականօրէն կ՚իրականացուի եւ ռուս խաղաղապահները ամէն ինչ կ՚ընեն իրավիճակը կայունացնելու համար։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 19, 2020

Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի ծանր հետեւանքներով պայմանաւորուած իրավիճակին մէջ Հայաստանի ներքին քաղաքական անելը կը մնայ առկայ։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջը այս ամբողջին մէջ առանցքային խնդիրն է։ Շաբաթներէ ի վեր կացութիւնը անփոփոխ է երկրէն ներս։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 19, 2020

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Արաս» հրատարակչութիւնը ներկայիս գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է հոգելոյս դերասան, հրապարակագիր ու հրատարակիչ Յակոբ Այվազի յուշերը։ «Sahne Arkadaşlarım: Tiyatro Tarihimizden Simalar» խորագրեալ այս գիրքը կ՚ընդգրկէ Յակոբ Այվազի կողմէ հայերէնով գրի առնուած յուշեր, որոնք թրքերէնի թարգմանուած են «Արաս»ի ընտանիքի սիւներէն Փայլինէ Թովմասեանի կողմէ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 19, 2020

ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրատան մէջ վերջին օրերուն հիւրընկալուեցան խումբ մը ռուս լրագրողներ։ Այսպէս, մեր հիւրերն էին Սերկէյ Ակափով, Կլեպ Լաւրով եւ Վերա Քորոթեւա, որոնք վաւերագրական նիւթ մը կը պատրաստեն թրքահայութեան մասին։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 19, 2020

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Այդ շաբաթ թոռնուհիս՝ Վանան, մեզի էր: Մեզի պիտի մնար: Ահա թէ ինչո՞ւ կրկին ապրեցայ վիճակներու այս անգամ ուրախ խառնուրդը: Լուրը կայծակի արագութեամբ մտքիս մէջ նոր ցնծութիւն բերաւ:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 19, 2020

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երեւանի մէջ կայ կարծիք, թէ վերջին օրերու դէպքերը՝ մասնաւորապէս Արցախի որոշ բնակավայրերու ուղղութեամբ, նախօրօք «ձեռք բերուած» համաձայնութիւններու հետեւանքն են։ Անոնց մասին Երեւան կը շարունակէ պաշտօնապէս լռութիւն պահել։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 19, 2020

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Երբ Հայրենիքի ու պետականութեան խնդիրն է, ցանկացած հայ՝ ընդ որում Եկեղեցին ու եկեղեցականութիւնը, իրաւունք ունի միջամտելու։ Այսօր, այնպիսի ժամանակաշրջան մը կ՚ապրինք, ուր մեր՝ որպէս ազգ ու պետութիւն-Հայրենիք գոյութիւնը վտանգուած է։

Էջեր