Արխիւ

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2020

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Տ. Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեանը։ Հարկ է նշել, որ մօտաւոր անցեալին Նորին Սրբազնութիւնը անցուցած էր լուրջ սրտի անհանգստութիւն մը եւ բուժման համար մեկնած՝ արտասահման։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2020

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ԳԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Անկախ ձեր տարիքէն՝ հիւանդանոցին մէջ ծնող տեսնելը միշտ ճնշող եւ խանգարող հանգամանք է: Դուք ձեզ անօգնական կը զգաք, քանի որ անոնք անզօր են ու խոցելի:

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2020

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Վերջին շաբաթներուն մենք նկատեցինք, անշուշտ, որ Փաշինեանի հրաժարականին հետամուտ քաղաքական ուժերը փողոցին մէջ յստակ պահանջ մը ներկայացուցին։ Բայց եւ այնպէս, այդ բողոքի հաւաքներէն, երթերէն եւ անհնազանդութեան գործողութիւններէն անդին՝ աւելի քան յստակ դառնալ սկսած է, որ Հայաստանի քաղաքական «անիշխանական» իշխանութեան համար անհանգիստ է մարդ մը։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2020

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Գրեթէ բոլորիս զգացումներուն, մարդկութեան տառապանքներուն եւ բոլոր տեսակի տագնապներուն յաճախ թարգման կը հանդիսանան գրողներ, որոնք երբեմն կը փորձեն բառերու ետին թաքցնել իրենց գաղափարները կամ մօտեցումները։ Նման հեղինակներու որպէս օրինակ կարելի է տալ Լուի-Ֆերտինանտ Սելինը, որ բազմաթիւ ընթերցասէրներու ուշադրութեան կեդրոնին կը գտնուի թէ՛ իր գրածներով եւ թէ իր ապրածներով։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Բնաւ խորհա՞ծ էք սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներ. մեր կեանքի ո՞ր օրը որ կ՚ապրինք՝ կը նմանի ուրիշ օրուան մը։ Թէեւ ոմանք իրենց ապրած կեանքը «միօրինակ ընթացք» մը կը նկատեն, բայց իրապէս ամէն նոր օր անակնկալ մըն է մեզի համար. ամէն օր կարծես «նոր կեանք» մը, «տարբեր աշխարհ» մը, եւ այդ «նոր»երուն մէջ մենք ալ կարծես ուրիշ «նոր» մարդեր կ՚ապրինք այդ նոր օրերը յաջորդաբար։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2020

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս առաւօտ հանդէս եկաւ ընկերային ցանցերու վրայ  ելոյթով մը՝ ժողովուրդի հետ զրոյցի ձեւաչափին մէջ։ Այս առթիւ ան տեղեկացուց, որ 19 դեկտեմբերին պիտի լրանայ Արցախի լայնածաւալ պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան 40-րդ օրը։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2020

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ տեղեկացուց, որ Լեռնային Ղարաբաղի հրադադարի վերահսկման համար նախատեսուած Ռուսաստան-Թուրքիա համատեղ դիտարկման կեդրոնը պիտի ստեղծուի Աղտամի շրջանէն ներս։ Ան այս յայտարարութիւնը ըրաւ շաբաթավերջին ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի ամերիկացի եւ ֆրանսացի համանախագահները ընդունելով։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 14, 2020

Հայաստանի ներքին քաղաքական առկայ փակուղիին մէջ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան կը շարունակէ զանազան մակարդակներու վրայ շփումներն ու խորհրդակցութիւնները։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջով ամբողջ երկրէն ներս կը շարունակուին զանազան ձեւաչափերով բողոքի ցոյցերը։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 12, 2020

Թոմաս տը Վաալ. «Հիմա ա՛լ աւելի դժուար է Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցը լուծել»:
«Հրադադար եւ զինադադար ունինք, բայց շատ հեռու ենք քաղաքական համաձայնութենէ», համոզուած է վերլուծաբանը:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 12, 2020

Պրիւքսելի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ Եւրոմիութեան անդամ երկիրներու ղեկավարներուն գագաթաժողովը։ Այս անգամուան գագաթաժողովի ընթացքին անդամ պետութիւններու ղեկավարները քննարկեցին նաեւ Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններու ընթացքը։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 12, 2020

Հայաստանի առկայ քաոսը տակաւ կը խորանայ՝ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմի հետեւանքով յառաջացած ահաւոր աղէտի պայմաններուն ներքեւ։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջը եւ անոր կողմէ ցուցաբերուած դիմադրութիւնը ստեղծած են փակուղի մը, որ Հայաստանի ապագան գրաւի տակ կը դնէ։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 12, 2020

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Կառավարման ժողովրդավարական համակարգի տէր պետութիւններու մէջ գայթակղութեան մը կամ ծանրակշիռ ձախողութեան մը պարագային երկրին ղեկավարը կը հրաժարի: Այսպէս՝ Արեւմտեան Գերմանիոյ ամենէն ականաւոր վարչապետներէն Ուիլի Պրանտթ 1974-ին հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն, երբ պարզուեցաւ, թէ իր մտերիմ օգնականներէն մէկը Արեւելեան Գերմանիոյ գաղտնի սպասարկութեան՝ Սթազիի գործակալ մըն է:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 12, 2020

ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ

Ամէն մարդ ազգագէտ,
Ամէն մարդ աշխարհագէտ,
Ամէն մարդ ապագայագէտ,
Ամէն մարդ ատելագէտ,
Ամէն մարդ աքսիագէտ․․․

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 12, 2020

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

27 սեպտեմբերին ընթացք առած եւ մինչեւ 9 նոյեմբեր շարունակուած Արցախի պատերազմը տակաւին երկար ժամանակ քննարկման առարկայ պիտի դառնայ։ Սա ո՛չ միայն երկու կողմերուն կրած մեծ կորուստներու իրական պատճառները գտնելու, այլ նաեւ՝ պատերազմական առումով որոշ խնդիրներու բացայայտման համար է։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 12, 2020

ՇՆՈՒՏԱ Գ. ՀԱՅՐԱՊԵՏ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Տասներկու տարիէ ի վեր ամուսնացած եմ, սակայն զաւակներ չեմ ծնած: Ամուսինս այդ պատճառով կը սպառնայ ինծի ապահարզանով, եւ ատոր համար ես տանջանքի մէջ եմ… Իրաւունք ունի՞ [ամուսինս] այդպէս վարուելու:

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 12, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Խաղաղութեան պարգեւիչը՝ Աստուած ձեր բոլորին հետ ըլլայ։ Ամէն» (ՀՌՈՄ. ԺԵ 33)։
Մարդկային կեանքին յարգանքը եւ աճումը՝ «խաղաղութիւն» կը պահանջեն։ 

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 11, 2020

Պաքուի մէջ երէկ տեղի ունեցած յաղթանակի տողանցքին ժամանակ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի նախագահներու ելոյթները ունեցան տարբեր երանգներ եւ շեշտադրումներ:
Էրտողան մաղթեց, որ հայ քաղաքական գործիչները այլեւս համարձակ քայլեր առնեն տարածքաշրջանէ ներս խաղաղութեան ու կայունութեան հիմքով ապագայ մը կառուցելու ուղղութեամբ:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 11, 2020

Հայաստանի մատնուած ներքին քաղաքական տագնապի պայմաններուն ներքեւ երկիրը կը շարունակէ մնալ անորոշութեան ճիրաններուն մէջ։ Ստեղծուած աղիտալի կացութեան մէջ Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան կը շարունակէ հետեւողականօրէն հանդէս գալ հեռատես եւ հաւասարակշռուած պատգամներով։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 11, 2020

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

Սալայատակէն սողոսկացող դեկտեմբերեան ցո՞ւրտն էր ամբողջ մարմինս դողացնողը, պատկերասփիւռէն ցուցադրուող ահաւոր պատկերնե՞րը, թէ՞ դուրսը որոտացող ռումբերուն դղրդիւնները… Անկարող էի ճշդել, անկարող եմ նաեւ այսօր:

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 11, 2020

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Պատմական շրջան մը կ՚ապրինք
ականատեսը կ՚ըլլանք բոլոր դէպքերուն
մանրամասնօրէն կը հետեւինք բոլոր անցուդարձերուն
այն աստիճան
որ ձայները կը խլացնեն այլեւս մեր ունկերը
պատկերները կը մթագնեն մեր էութիւնը
եւ պարոյկը կը յայտնուի՝ «ա՞ս ենք մենք»...

Էջեր