Արխիւ

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2020

Հայաստան ծանր տագնապով պայմանաւորուած մթնոլորտի մէջ ընդունեց Ռուսաստանի պատուիրակութիւնը:
Հրադադարի համաձայնութիւնը կը գործադրուի, երբ աղէտի հետեւանքով պետական համակարգը գրեթէ կաթուածահար դարձած է: Ներքին քաղաքական լարուածութիւնն ալ կը շարունակուի՝ միշտ Փաշինեանի հրաժարականի պահանջի բարձրաձայնումով:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2020

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտարարեց, որ թուրք զինուորականները Ատրպէյճան պիտի գործուղղուին հնարաւորինս արագ։ Համապատասխան հրամանագրի վերաբերեալ ընթացակարգի աւարտելուն զուգահեռ՝ Ատրպէյճանի մէջ թուրք զինուորներու տեղակայման համար ալ ամէն ինչ պատրաստ է։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2020

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին կուսակրօն քահանայ ձեռնադրեց Տիրացու Վաղարշակ Սարկաւագ Սերովբեանը։ Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագի ընթացքին տեղի ունեցաւ ձեռնադրութիւնը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2020

Երէկ, Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց Գալֆաեան Տան տարեկան տօնախմբութեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, ներկայ եղան նաեւ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեան, Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան եւ Քոյր Գայիանէ Կսրկ. Տուլքատիրեան։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2020

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Պոէթիուս բանտին մէջ կը շարունակէ զրուցել «Փիլիսոփայութեան» հետ, որ կ՚ըսէ.
«Մեր ունեցած արժէքաւոր իրերով «արժանապատիւ» չենք ըլլար։ Իսկ անոնցմով  արժանապատիւ զգացող մարդը ինքզինք կը խաբէ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2020

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ խորհրդաւոր արարողութիւն մը։ Այսպէս, Սուրբ Տրդատի բաց խորանին առջեւ յիշատակի արարողութիւն մը տեղի ունեցաւ՝ Արցախի պատերազմին նահատակուած հերոսներու ի յարգանս։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2020

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝
ՅԱՐՈՒԹ ԿԻՒԼԻՒԶԵԱՆ

Բանաստեղծուհի, մանկավարժ, «Տիր» գրական-մշակութային ակումբի եւ ԱՄՆ-ի Հայ գրողներու միութեան անդամ Նարինէ Աւագեան ծնած է Կիւմրի 1976 թուականին: Յաճախած է իր ծննդավայրի Մ. Մաշտոցի անուան թիւ 29 միջնակարգ դպրոցը, այնուհետեւ Գիտութիւններու ակադեմիոյ կից քոլէճ-վարժարանը:

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդկային կեանքին մէջ միշտ անակնկալներ կրնան պատահիլ։ Այս անակնկալներուն տրուած իմաստին եւ անոնց պատճառներուն տրուած արժէքին համեմատ կարելի է ստուգել «հաւատք»ը՝ թէ ան իրական հաւատք է կամ ո՛չ։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2020

Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած հրադադարի համաձայնութեան պայմանները կը շարունակեն Հայաստանը ցնցել իրենց ծանր բնոյթով։ Այս մեծ ձախողումին զուգահեռ՝ հայկական կողմը կը դիմագրաւէ նաեւ աննկարագրելի փլուզում մը, աղէտի համազօր մարդասիրական տագնապ մը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 23, 2020

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմը աւարտին հասցուցած հրադադարի յայտարարութեան բնագրին վրայ աշխատած են այդ մէկը ստորագրած երեք կողմերը։ Ուստի, յայտարարութեան հեղինակները կը համարուին ստորագրադիր երեք կողմերը։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 21, 2020

Լարուածութիւններն ու անորոշութիւնները կը շարունակեն բնորոշել Հայաստանի կեանքը։ Արցախի պատերազմի հետեւանքով յառաջացած մեծ ձախողումը ահաւոր ցնցումի մը առաջնորդած է երկիրը։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 21, 2020

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ երէկ Երեւանի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Հայաստանի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողակիցը՝ Ռիթա Սարգսեան։ Քորոնաժահրով վարակուած էր Ռիթա Սարգսեան, որ շաբաթներէ ի վեր դարմանման տակ կը գտնուէր։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 21, 2020

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երկրի դիմագրաւած ծանր մարտահրաւէրներուն շուրջ հարցազրոյց մը տուաւ յայտնի քաղաքական մեկնաբան, «Առաւօտ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արամ Աբրահամեանի։ Այս առթիւ Արմէն Սարգսեան խօսեցաւ ներքին քաղաքական իրավիճակին եւ երկրէն ներս զանազան համակարգերու բացակայութեան մասին։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 21, 2020

Ռուսաստանէն բարձրաստիճան բազմանդամ պատուիրակութիւն մը այսօր Հայաստան կ՚այցելէ՝ զանազան ուղղութիւններով արժեւորումներու նպատակով:
Լեռնային Ղարաբաղի պատերազմին վերջ տուած հրադադարի ծանր պայմաններուն ներքեւ Երեւան-Մոսկուա համագործակցութիւնը կը վերաձեւաւորուի նոր իրադրութեան համահունչ:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 21, 2020

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի կառոյցներէն ներս ապաստան գտած ընտանիքներուն, որոնք Արցախի վերջին պատերազմին հետեւանքով պարտաւորուած են գաղթելու։ Նորին Սրբութիւնը Էջմիածին քաղաքէն ներս տեղահանեալ ընտանիքները իր հայրական հոգածութեան առարկայ դարձուց։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 21, 2020

Պոլսոյ Աթոռի վեղարաւորներու դասը կը համալրուի արժէքաւոր տարրով մը:
Տիրացու Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեան այս շաբաթավերջին կը ձեռնադրուի կուսակրօն քահանայ:

Շաբաթ, Նոյեմբեր 21, 2020

ՇՆՈՒՏԱ Գ. ՀԱՅՐԱՊԵՏ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Ինչպէ՞ս կը պատահի, թէ Ան որ ըսաւ՝ «եթէ մէկը աջ երեսիդ ապտակ զարնէ՝ միւս երեսդ ալ դարձուր անոր» (Մտ 53.39), սակայն Ան Իր երեսը չդարձուց, երբ քահանայապետին ծառան ապտակեց զԻնք, այլ՝ Ինքզինք պաշտպանեց ու ըսաւ. «Եթէ սխալ բան մը խօսեցայ՝ ցոյց տուր սխալը. իսկ եթէ շիտակ է ըսածս՝ ինչո՞ւ կը զարնես Ինծի» (Յհ 18.23):

Շաբաթ, Նոյեմբեր 21, 2020

ՅԱՐՈՒԹ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Ժողովրդավարական լայն հասկացողութիւն ունեցող երկիրներու մէջ միշտ ալ ակնյայտ եղած է, որ կուսակցութիւն մը կամ կառավարութիւն մը՝ երբ ծանր պարտութիւն կը կրէ, ինքնաբերաբար կը դիմէ իր զանգուածին կամ ժողովուրդին՝ հաշուետուութիւն տալու եւ հպատակելու  անոր վստահութեան համապատասխան վճիռին։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 21, 2020

ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

«Տէրոջը օրը գիշերուան գողի պէս պիտի հասնի»
(Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5.2)։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 21, 2020

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Երկուքի բաժնուած է Հայաստանն այսօր։ Այս տողերը գրողին համար պարզ չէ, տակաւին, թէ ո՛ր տոկոսն է աւելի գերակշռողը հասարակութեան մէջ։

Էջեր