Արխիւ

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2020

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

23 տարի առաջ՝ 1 նոյեմբեր 1997 թուականին, «Հայաստանի Հանրապետութիւն» օրաթերթին մէջ լոյս տեսաւ Հայաստանի այդ ժամանակուան նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի «Պատերա՞զմ, թէ խաղաղութիւն. լրջանալու պահը» ծաւալուն յօդուածը:

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ իր կեանքին մէջ առաջին անգամ ե՞րբ կ՚ունենայ վախի զգացումը։ Ասիկա կախում ունի ծնողքին զինք խնամելու եղանակէն։ Այս իմաստով վախը ստացական զգացում մըն է։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 29, 2020

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Առաւօտ մը, մէկը խուցիս դուռը թակեց: Պատուհանէն նայեցայ, որպէսզի տեսնեմ, ո՞վ է թակողը, քանի որ տակաւին այցելութիւններու ժամանակը չէր եկած:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2020

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու Ժընեւի վաղուան ժամադրութեան ընդառաջ դիւանագիտական յառաջընթացի համար սպասումներ:
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտիէն ներս գիշերը ընդհանրապէս հանգիստ էր, իսկ այս առաւօտ որոշ ուղղութիւններով սկսան տեղական նշանակութեամբ մարտերը:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2020

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի մթնոլորտին մէջ Անգարա-Մոսկուա առանցքին վրայ աշխոյժ շփումները կը շարունակուին։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2020

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Ինչպէս միշտ՝ կրկին մինակ ենք:
Օրհասական պահի մատնուած ենք, սակայն քովերնիս մէկը չկայ:
Մեր պաշտպանը մենք ենք ու Աստուած:

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ահաւասիկ, տարի մը եւս անցաւ, եւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի կեանքին վրայ բարդուեցաւ տարի մը եւս։
Ընդհանրապէս կ՚ըսուի, որ կարեւորը երկար ապրիլը չէ, այլ՝ լաւ եւ արդիւնաբեր ապրիլը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2020

ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը այսօր կը թեւակոխէ իր հրատարակութեան 113-րդ տարին։ Եւ այսպէս, տարեդարձ մը եւս... Ինչպէս սովոր ենք ըսել, նոր օղակ մը կու գայ աւելնալ՝ այս թերթի բոլորած տարիներու ոսկէ շղթային վրայ։ 20-րդ դարու ճիշդ սկիզբին, նախորդ դարավերջի ծանր բեռի թօթափումը արձանագրելով հանդերձ, ճանապարհորդութեան ձեռնարկած եւ 21-րդ դարասկիզբն ալ վաւերագրած օրաթերթի մը մասին է խօսքը։ Պատմութիւն... Այո՛, պատմութիւն, սակայն, ոչ միայն... Արդարեւ, պատմութեան կողմէ նուիրագործուած, անոր կողմէ վերահաստատուած առաքելութիւնն է առանցքայինը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2020

Տիարպաքըրի երեսփոխան Կարօ Փայլան Ազգային մեծ ժողովէն ներս հերթական անգամ օրակարգի վրայ բերաւ՝ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու մատակարար մարմիններու առկախեալ ընտրութիւններու խնդիրը։ Պատգամաւորը այս կապակցութեամբ հարցադրում մը ներկայացուց Մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մեհմէտ Նուրի Էրսոյին։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2020

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Երեւանի մէջ ընդունուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Կառավարութենէն ներս տեղի ունեցաւ հանդիպումը, որու ընթացքին քննարկուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ստեղծուած իրավիճակը։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2020

Գարեջուրը ու ալքոհոլային այլ ըմպելիքները կը համարուին մարմնի համար խիստ վնասակար, ուստի մասնագէտները խորհուրդ կու տան հնարաւորինս խուսափիլ անոնցմէ, սակայն Պերլինի համալսարանի գիտնականները ուսումնասիրութենէ մը վերջ յանգած են այն եզրակացութեան, որ եթէ չափաւոր գործածուի գարեջուրը՝ կրնայ դրական ազդեցութիւն ունենալ ոսկորներու հիւսուածքներու վրայ։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2020

Ջուրը կենսական նշանակութիւն ունեցող հեղուկ մըն է, առանց որու մարմինը չի կրնար կատարել իր գործառոյթները։ Բժիշկները յաճախ կը շեշտեն օրուան ընթացքին բաւարար քանակութեամբ ջուր խմելու անհրաժեշտութեան մասին, սակայն կ՚ըլլան պարագաներ, երբ ծարաւը յագեցնելու համար մարդիկ ստիպուած կը գնեն շիշալեցուած ջուր, մինչդեռ այն այնքան անվտանգ չէ, որքան շատեր կը կարծեն։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 28, 2020

Տարուան այս եղանակին ժահրերը շատ տարածուած կ՚ըլլան, ինչ որ յատկապէս վտանգաւոր է երեխաներու համար: Փոքրիկներու շրջանակին մէջ լուրջ հիւանդութիւններու տարածումէ խուսափելու համար ամերիկացի բժիշկ Հաուըրտ Պերօ ծնողներուն տուած է քանի մը օգտակար խորհուրդ, որոնք երեխան կը պաշտպանեն վտանգաւոր ժահրերէ:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2020

Հայկական երաժշտական աշխարհը երէկ ունեցաւ ցաւալի կորուստ մը։ Այսպէս, 69 տարեկան հասակին կեանքէն հեռացաւ յայտնի երաժիշտ Յարութիւն Թոփիկեան, որ զոհ գնաց քորոնաժահրի համաճարակին։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2020

Հաթայի Փայաս գաւառակէն ներս երէկ երեկոյեան ժամերուն պատահեցաւ դէպք մը։ Այսպէս, անվտանգութեան ուժերը փափաքեցան կասեցնել բեռնատար մը, որու մէջ կը գտնուէր երկու ուղեւոր։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2020

Լեռնային Ղարաբաղի լայնածաւալ պատերազմի ընդհանուր երթին տեսակէտէ ճակատագրական բնոյթ ստացած են հարաւային հատուածի թէժ իրադարձութիւնները:
Ատրպէյճանի բանակը մտաւ Քուպաթլու, բայց չյաջողեցաւ ճեղքել ռազմաճակատը, մօտեցաւ Սիւնիքի դարպասներուն, սակայն իրավիճակը ծայրայեղ չէ, իսկ այս առաւօտ սկսաւ թիրախաւորել Հայաստանի՝ Իրանի սահմանամերձ դիրքերը: Արցախի Պաշտպանութեան նախարար Ճալալ Յարութիւնեան կռիւներու ժամանակ վիրաւորուեցաւ. կը փոխարինէ Միքայէլ Արզումանեան:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2020

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը եւ Պետրոս Շիրինօղլու մանրամասն տեղեկութիւններ փոխանցեցին երեսփոխաններուն՝ ընդգծելով, որ համայնքը միշտ կ՚առաջնորդուի պետութեան կողմէ երաշխաւորուած ըլլալու զգացումով: Նորին Ամենապատուութիւնը ուշադրութիւն հրաւիրեց լրատուամիջոցներու եւ ընկերային ցանցերու հրահրումներուն վրայ: Ազգային մեծ ժողովի Մարդու իրաւանց ուսումնասիրութեան յանձնաժողովի անդամները երէկ այցելեցին Պատրիարքարան եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց: Խորհրդարանական պատուիրակութիւնը տեղեկագիր մը կը պատրաստէ՝ Լեռնային Ղարաբաղէ ներս ծագած պատերազմով պայմանաւորուած մթնոլորտին մէջ թրքահայութեան կրած ազդեցութիւններուն շուրջ:

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2020

Ինչպէս ծանօթ է, 14 հոկտեմբեր 2020 թուակիր եւ 12304 համար զեկոյցով մերազն ժողովուրդի ազնիւ ուշադրութեան յանձնուած էր Ս. Պսակի եւ Ս. Մկրտութեան խորհրդակատարութեանց ու յուղարկաւորութեանց արարողութիւններուն մասին զգուշացումներ։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2020

Ինչպէս ծանօթ է մեր համայնքի անդամներուն, Ս. Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի ու Գարակէօզեան Տան միջեւ վերջերս տարակարծութիւն մը  գոյացած է կալուածի մը վերաբերեալ։ Սոյն հարցով, Նորին Ամենապատուութիւնը անցեալ շաբթուան ընթացքին հանդիպումներ ու գաղափարի փոխանակումներ ունեցած է երկու կողմերուն հետ եւ բերած՝ իր հայրական թելադրութիւնները։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 27, 2020

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Այս օրերուն, երբ մեզմէ անկախ դէպքերը հասունցած եւ դարձած են ծանր ու մահաբեր, դո՛ւն, մեր հայ զինուոր, բանակ դարձած, զէնքդ եւ ցեղիդ պատգամը շալկած ու միեւնոյն ատեն երազներդ կապած ազգիդ անցեալին, կանգնած ես մեր երկրին ու մահուան եւ անմահութեան սահմանին եւ գիտակից ճակատագրիդ աղտոտ խաղերուն դէմ, իբրեւ արթուն պահակ, արեանդ գնով ամէն ժամ հերոսաբար կը պաշտպանես պապենական հողդ:

Էջեր