Արխիւ

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 26, 2020

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտնեց, որ շրջաններու ուղղեալ թիրախաւորուած աշխատանքներու արդիւնքները հետզհետէ սկսած են նկատելի դառնալ եւ յառաջիկայ շրջանին ի յայտ պիտի գայ, որ քորոնաժահրով նոր վարակուածներու թիւը եւ ընդհանրապէս համաճարակը վերահսկողութեան տակ առնուած է։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 26, 2020

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Իսթանպուլի մէջ հիւրընկալեց Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանտր Վուչիչը։ «Վահտետտին» ապարանքէն ներս տեղի ունեցաւ երկու նախագահներու հանդիպումը, որու ընթացքին շօշափուեցան Անգարա-Պելկրատ համագործակցութեան օրակարգային հարցերը եւ կարծիքներ փոխանակուեցան տարածքաշրջանային իրադարձութիւններու շուրջ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 26, 2020

Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքի՝ վերջին շրջանի զգայացունց իրադարձութիւններու շղթային վրայ երէկ գիշերուան ժամերուն աւելցաւ նոր օղակ մը։ Այսպէս, կալանաւորուեցաւ յայտնի գործարար, «Բարգաւաճ Հայաստան» ընդդիմադիր կուսակցութեան ղեկավար Գագիկ Ծառուկեան, որու վերաբերեալ իրադարձութիւնները վերջին շրջանին առաջնահերթ տեղ կը զբաղեցնէին երկրի օրակարգին վրայ։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 26, 2020

Մայրենի լեզուն կենսունակ պահելու եւ թարմացնելու ուղղեալ յարատեւ ջանքեր:
«Կիւլպէնկեան» հիմնարկի կարեւոր նախաձեռնութիւնը՝ iOS համակարգի օգտագործմամբ:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 26, 2020

Միջազգային վերջին իրադարձութիւնները կրնան Ատրպէյճանի նշանակութիւնը նուազեցնել՝ յաչս Իսրայէլի:
Արաբական ծոցի երկիրներու հետ նոր որակի յարաբերութիւններ հաստատելու հեռանկարները, աւելի յարմար սակագինով քարիւղ ներածելու կարելիութիւնը եւ արեւելեան Միջերկրականի պատկերը տարբեր իրավիճակ մը կրնան ստեղծել:

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 26, 2020

Երէկ յետմիջօրէին, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան այցելեց Յունաց Պատրիարքարան։ Նորին Ամենապատուութեան ընկերացան՝ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքարանի լուսարարապետ եւ դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Միջեկեղեցական-միջկրօնական յարաբերութեանց տեսուչ Տ. Տրդատ Ա. Քհնյ. Ուզունեան եւ գաւազանակիր Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։

Շաբաթ, Սեպտեմբեր 26, 2020

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի նախագահ Արթուր Թովմասեանը, որու կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը այս օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Երեւան։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 25, 2020

Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Արմենիա» միջազգային փառատօնի բացումը։ Երէկ երեկոյեան, «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրի երդիքին տակ այս փառատօնի բացման առթիւ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր համերգ մը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 25, 2020

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ապարանքէն ներս երէկ բացուեցաւ եզակի ցուցահանդէս մը։
Իտալացի մեծանուն վարպետներու կողմէ պատկերուած Վենետիկի՝ Ս. Մարկոսի հրապարակի դրուագները Երեւանի մէջ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 25, 2020

Հայաստանի եւ Ռուսաստանի զինեալ ուժերը այս շրջանին կ՚իրականացնեն «Կովկաս-220» զօրավարժութիւնները։ Ռազմավարական, հրամանատարաշտապային բնոյթ ունին այս ռազմափորձերը, որոնք տեղի կ՚ունենան «Ալագեազ» զօրավարժարանէն ներս։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 25, 2020

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա տեղեկացուց, որ հիւանդներու շարքին թոքի բորբոքումներու համեմատութիւնը կը շարունակէ նուազիլ։ Ըստ իրեն, առողջապահութեան համակարգի աշխատողները մեծ նախանձախնդրութիւն կը ցուցաբերեն։ «Նախազգուշական միջոցներուն հնազանդելով աջակցինք անոնց», կոչ ուղղեց Ֆահրետտին Քոճա։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 25, 2020

Մարմարա ծովուն մէջ երէկ յետմիջօրէի ժամերուն տեղի ունեցաւ երկրաշարժ մը՝ ռիխթերեան չափանիշով 4.2 սաստկութեամբ։ Երկրաշարժի էփիկեդրոնը կը գտնուէր Թէքիրտաղի Մարմարա Էրէղլիսի գաւառակէն 18.87 քմ. հեռաւորութեան վրայ՝ ծովու կողմէն։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 25, 2020

Հայաստանի Սենեկային երաժշտութեան ազգային կեդրոնը մասնաւոր ծրագիր մը պատրաստած է մեծն Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան տարեդարձին առթիւ։ Այսպէս, վաղը Երեւանի մէջ տեղի պիտի ունենայ բացօթեայ մասնաւոր համերգ մը, «Կոմիտասին 151» խորագրին ներքեւ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 25, 2020

Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի երէկուան ժողովէն վերջ հրապարակուած զեկոյցին մէջ շեշտը դրուեցաւ արեւելեան Միջերկրականի վրայ։
Ապագային եւս անզիջում ձեւով պիտի շարունակուի՝ թուրք ազգի օդի, ցամաքի եւ ծովու իրաւունք ու շահերու պաշտպանութիւնը - Անգարա միշտ կողմնակից երկխօսութեան։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 25, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Թէպէտ մահը զօրացաւ եւ իշխեց մարդոց վրայ, բայց Աստուած բոլորին աչքերէն արցունքը պիտի սրբէ եւ պիտի ջնջէ այն նախատինքը, որ իր ժողովուրդը կրեց աշխարհի ամբողջ տարածքին։
«Տէրը Ի՛նք խօսեցաւ ասոնք»։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 25, 2020

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Մարի Մատլէն Պալեանը՝ ընկերակցութեամբ տքթ. Արմենակ-Ազնիւ Մեծատուրեան ամոլին։
Պալեան ընտանիքի շառաւիղէն մերօրեայ ժամանակներուն հասած է՝ Մարի Մատլէն Պալեան եւ թոռն է՝ Սարգիս Պալեանի։ 

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 25, 2020

ԵՐԱՄ

Յաջորդ առաւօտ կանուխ կայարան փութաց Զանան։ Գտաւ Վանաձոր մեկնող փոքր հանրակառքը, վճարեց հազար դրամ, նստաւ վարորդի կողքին։ Երբ վստահ էր արդէն, վերցուց հեռախօսը եւ գրեց. «Երկու օրից Պամ. Պէտք է տեսնեմ քեզ. Հիմա՝ դէպի Վանաձոր»։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 25, 2020

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Սլացաւ թռչունը ու ճախրեց ա՛յդ բարձր շէնքին վերեւէն
ակնթարթ մը միայն ու անհետք սլացք մը
ետին թողեց մանկան արտասուալից աչքերը
անցաւ իրեն «ազատ» ձգուած տան պատուհանին ճեղքէն

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 25, 2020

​Համացանցի մէջ յայտնուած են Ֆրանսական Պոլինեզիայի մէջ գտնուող հրաբխային կղզիի՝ Պորա Պորայի շուրջ զբօսաշրջիկները նաւարկութեան տանելու համար նախատեսուած շքեղ «լողացող տան» լուսանկարները։
ELYT Charter Tahiti ընկերութիւնը կը պնդէ, որ քաթամարանի ձեւաւորումը, որ տակաւին կառուցման փուլի մէջ է, ոգեշնչուած է «հին պոլինեզիական լողացող նաւերու ձեւով»։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 25, 2020

«Սիւփէր Մարիօ» խաղի ստեղծողները կը վերաթողարկեն 1980-ականներու յայտնի Game & Watch խաղի սարքը։ Այսպէս, ճաբոնական Nintendo խաղային ընկերութիւնը յայտարարած է իր Game & Watch խաղաբարձակի (քոնսոլ) վերադարձի մասին, որ 35 տարի առաջ՝ 1985 թուականին, իսկական հետաքրքրութիւն յառաջացուցած էր խաղային շուկային մէջ։

Էջեր