Արխիւ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, երէկ, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Եսայի Տեմիրի։ Ներկայ էր նաեւ եկեղեցւոյ երէց Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։
Երեւանի մէջ, «Կարէն Տեմիրճեան» մարզահամերգային համալիրէն ներս երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր համերգ մը, որ երաժշտասէրներու անմիջական հետաքրքրութեան առարկայ դարձաւ։ Այս երեկոյթը բնորոշեց Հայաստանի Պետական ֆիլհարմոնիք նուագախումբի նոր համերգաշրջանի սկիզբը։
Թուրքիոյ եւ Յունաստանի զինուորական պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները եզրափակուեցան Պրիւքսելի մէջ։ Ազգային պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ թեքնիկ բնոյթով այս ժողովներուն յաջորդը նախատեսուած է վաղը։ ՆԱԹՕ-ի հրամանատարական կեդրոնէն ներս կազմակերպուած այս բանակցութիւնները կարեւոր նշանակութիւն ունին՝ արեւելեան Միջերկրականի առկայ լարուածութեան տեսակէտէ։
«Նայիրի» համացանցային բառարաններու կայքը այս շրջանին կատարելագործուած է ուղղագրիչ-ստեղնաշար ծրագիրով մը։ Այսպէս, www.nayiri.com բառարաններու կայքը կը տեղեկացնէ, որ Nayiriboard (կամ «Նայիրի-Ստեղն») հայերէն ուղղագրիչ-ստեղնաշարը արդէն հասանելի է App Store-ին մէջ եւ iPhone եւ iPad-ներուն համար կարելի է զայն ներբեռնել անվճար։
ԱՄՆ-ի, Իսրայէլի, ԱՄԷ-ի եւ Պահրէյնի միջեւ կարեւոր ու պատմական համաձայնութիւն մը ստորագրուեցաւ:
Սպիտակ տան երդիքին տակ կազմակերպուած արարողութեան ընթացքին Տանըլտ Թրամփ ակնարկեց նաեւ Իրանին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Սուրբ խորհուրդները չեն արդիւնագործեր՝ զանոնք մատակարարող կամ զանոնք ընդունող արդար մարդուն արդար վիճակին զօրութեամբ, այլ՝ զօրութեամբն Աստուծո՛յ։ Երբ սուրբ խորհուրդ մը կը հանդիսակատարուի, Քրիստոսի եւ Անոր Հոգիին զօրութիւնը կը գործէ անով եւ անոր մէջ, պաշտօնեային անձնական սրբութենէն անկա՛խ։
Հայաստանի մէջ ներքին քաղաքական կեանքի գայթակղեցուցիչ իրադարձութիւնները կը շարունակուին։ Ընդդիմադիր առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի կողմէ գլխաւորուած «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան (ԲՀԿ) հասցէին այս շրջանին իրերայաջորդ ձեւով օրակարգի վրայ կու գան աղմկարար պնդումներ։
ԱԼԵՔՍԷՅ ԻՒԱՆՈՎԻՉ ՓԱՆՏԵԼԷԵՒ
Ռուսերէնէ թարգմանեց՝
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Ափսո՜ս, որ չեմ կրնար ըսել ձեզի, թէ ի՞նչ էր անունը այն փոքրիկ մարդուկի եւ թէ ո՞ւր կը բնակէր ան եւ թէ ովքե՞ր են անոր հայրն ու մայրը: Մթութեան մէջ ես նոյնիսկ չհասայ, ինչպէս հարկն է, ուսումնասիրել անոր դէմքը:
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան աւարտեց դէպի Գահիրէ իր պաշտօնական այցելութիւնը։ Ուղեւորութեան եզրափակիչ փուլին ան հանդիպում մը ունեցաւ Արաբական պետութիւններու լիկայի ընդհանուր քարտուղար Ահմէտ Ապտիւլ Ղէյտի հետ։
ԵՐԱՄ
Նորան իջաւ աստիճաններէն բակ, վազեց մտաւ շէնք, վերջին պահին անգամ մը եւս նայելով Զանային, որ վերը՝ մայթին կանգնած, ձեռքերը գրպաններուն մէջ, սիրահարուած կը նայէր իրեն։ Եւ անհետացաւ մուտքէն ներս։
Զանան մնաց մինակ։ Թօթափեց ուսերը, երջանիկ հոգոց մը հանեց, դարձաւ ու շարունակեց ճամբան դէպի ետեւի բլուր՝ Կոնդ, դէպի տուն, անհոգ ու դանդաղ։
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի թրքահայ խաղացողներէն Արաս Էօզպիլիզ կեանքի կոչեց բարեգործական ծրագիր մը։ Էօզպիլիզ, որ մօտաւոր անցալին Պէշիկթաշի մարզաշապիկով հանդէս եկած էր եւ ներկայիս Երեւանի «Փիւնիկ» ակումբին մաս կը կազմէ, Հայաստանի մէջ կառուցել տուած է ֆութպոլի դաշտ մը։
Իրաքի մայրաքաղաքը՝ Պաղտատի մէջ գիշերուան ժամերուն տեղի ունեցաւ պայթում մը։ Այսպէս, հրթիռակոծուեցաւ «Կանաչ գօտի»ն, ուր կը գտնուին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը, կարգ մը օտարերկրեայ ներկայացուցչութիւններ եւ կառավարական շէնքեր։
Եւրոմիութիւն-Չինաստան առցանց գագաթաժողովին ժամանակ քննարկուեցան՝ միջազգային օրակարգի տեսակէտէ ուշագրաւ բազում խնդիրներ:
Եւրոպական կողմը կ՚ընդգծէ, որ միամիտ չէ ու կը գիտակցի Փեքինի հետ քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային մոտելներու տարբերութեան վերաբերեալ հարցերուն:
Եգիպտոսի Հանրապետութեան նախագահը երէկ հիւրընկալեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը:
Մնացականեան եւ Էլ-Սիսի քննարկեցին տարածքաշրջանային ու միջազգային խաղաղութեան եւ անվտանգութեան հարցեր:
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ այս օրերուն հերթական ահազանգը կը հնչէ Թուրքիոյ ընդհանուր պատկերի լոյսին տակ։ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ յայտարարեց, որ համաճարակի ծաւալման թափը չէ նուազած երկրէն ներս։
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ Երեւանի մէջ հիւրընկալեց արժանթինահայ յայտնի գործարար ու բարերար Էտուարտօ Էրնէքեանը, որ միեւնոյն ժամանակ երկրի Ազգային հերոսի կոչման արժանացած է։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան, որ իր տարեկան արձակուրդին բերումով կը գտնուի արտասահման, երէկ, Լոնտոնի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լորտ Արա Տարզիի հետ։ Հարկ է նշել, որ ներկայ ամսուայ սկիզբին Արա Տարզի ստանձնած է Բրիտանական Գիտութեան ընկերակցութեան նախագահի պաշտօնը։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի հետ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Չավուշօղլու եւ Փոմփէօ զրոյցի ընթացքին անդրադարձան արեւելեան Միջերկրականի եւ Կիպրոսի վերաբերեալ իրադարձութիւններուն։
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները՝ Իկոր Փոփով (Ռուսաստան), Սթեֆան Վիզքոնթի (Ֆրանսա) եւ Էնտրու Շեֆըր (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) երէկ հանդիպում մը ունեցան Փարիզի մէջ։ Ներկայ էր նաեւ ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Անճէյ Կասպրչիկ։
ԿԱՐՕ ՊՕՀՃԱԼԵԱՆ
Փողոցներ, տուներ, երբեմն ալ թաղեր կան, որոնք օր մը տեղէ մը անցած ատենդ, յանկարծ միտքդ կ՚իյնան եւ յիշել փորձած ժամանակդ ալ, ուրիշ հին պատկերներ մէջտեղ կ՚ելլեն:
Առաջին անգամ Սան Փաուլոյի 25 De Março թաղը երթալս ալ այդ տեսակ բաներէն մէկն էր: