Արխիւ

Ուրբաթ, Մայիս 15, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Տիրան Չրաքեան (1875-1921) ծանօթ է՝ «Ինտրա» ծածկանունով, ծնած է Կ. Պոլիս, ուսումը ստացած է Պոլսոյ հայկական վարժարաններուն, ապա՝ Պոլսոյ եւ Փարիզի գեղարուեստից դպրոցներուն մէջ, իբր նկարիչ։

Ուրբաթ, Մայիս 15, 2020

Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Չեմ գթար ոչ մէկ բանի
Ոչ երէկը կ՚անցնի, ոչ վաղը կը ժամանէ,
Ոչ ներկաս կը յառաջանայ կամ ետ կը մնայ:
Ոչինչ կը պատահի ինծի:

Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2020

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Ո՛չ ոք քաղաքացի է, քանզի ամէնքս կը բնակինք մեծ գիւղի մը մէջ։
Մոսկուան, Պոլիսը, Հռոմը, Փարիզն ու Լոս Անճելըսը… մե՞ծ, ո՛չ, խոշոր գիւղեր են։ Անոնց բնակիչներն ալ ոչ թէ քաղաքացի, այլ գիւղացիք են։

Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2020

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Ո՞ր երկիրը առաջին անգամ պիտի նկարահանէ «Ադամանդեայ արքայադուստր» («Diamond Princess») անունով նաւուն մասին առաջին շարժապատկերը: Մինչ բեմադրիչները կը քննարկեն քորոնա վարակի թիրախ դարձած նշանաւոր ճամբորդանաւուն մասին ժապաւէն մը ստեղծելու գաղափարը եւ բեմագրութիւններ կը գրուին, անդին «Ադամանդեայ արքայադուստր» նաւը գործածութեան յանձնած ծովային ճամբորդական ընկերութիւնը կը հաշուէ իր վնասները, զորս կրած է քորոնաժահրի ընթացքին:

Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2020

ԳԱԲՐԻԷԼ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՅՎԱԶԵԱՆ
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Քահանան Սուրբ Պատարագը ի՞նչ կերպով Ամենասուրբ Երրորդութեան կ՚ընծայէ:
Պատասխան.
Նախ երեք անձերուն առանձին-առանձին օրհնութիւն կու տայ, ըսելով. «Օրհնեալ Հայր Սուրբ Աստուած ճշմարիտ». «Օրհնեալ Որդիդ Սուրբ Աստուած ճշմարիտ». «Օրհնեալ Հոգիդ Սուրբ Աստուած ճշմարիտ»: 

Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ազատութիւն» եւ «օրէնք», երկու արժէքներ, որոնք կը կանոնաւորեն թէ՛ անհատական եւ թէ հաւաքական կեանքը։ Ուստի մարդ կ՚ապրի «ազատ», բայց միշտ հպատակ «օրէնք»ի տրամադրութիւններուն։

Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2020

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ երէկ պատահեցաւ նոր դէպք մը։ Այսպէս, Հայաստանի Տաւուշի մարզի Բերքաբեր գիւղին վրայ կրակ բացուեցաւ Ատրպէյճանի մարտական յենակէտերէն՝ խոշոր տրամաչափերով զէնքերու միջոցաւ։

Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2020

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտարարեց, որ ներկայ պայմաններով քորոնաժահրի համաճարակը հակակշռի տակ կը գտնուի Թուրքիոյ մէջ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, նախարարը տեղեկացուց, որ համավարակի հինգերորդ շաբթուան դրութեամբ երկիրը կայուն բարելաւման հունի մը մէջ մտած է։

Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2020

Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեան պիտի շարունակէ մնալ բանտի մէջ։ Երեւանի Ընդհանուր իրաւասութեան ատեանի Շէնգաւիթի բաժանմունքէն ներս երէկ դատաւոր Աննա Դանիբէկեան հրապարակեց դատարանի վճիռը՝ Ռոպերթ Քոչարեանի խափանման միջոցը փոխելու եւ անոր կալանքին վերջ տալու պահանջին շուրջ։

Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2020

Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ եւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու բացակայութեամբ պայմանաւորուած դժուարութիւններով:
Թուրքիոյ Եւ Հայաստանի միջեւ կը կազմակերպուին քաղաքացիներու փոխանակումներ՝ իշխանութիւններու կողմէ ցուցաբերուած մարդասիրական մօտեցումներով:
Յառաջիկայ շաբթուան առաջին կէսին հերթական ուղեւորութիւններու կարելիութիւնը պիտի ընձեռուի փափաքողներու համար՝ թէ՛ ցամաքային եւ թէ օդային ճամբով:

Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2020

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Այն օրէն ի վեր, երբ Հայաստանի մէջ քաղաքական փոփոխութիւններ տեղի ունեցան, ճիշդ այդ ժամանակէն քիչ անց զանազան շրջանակներու կողմէ քննարկման դրուեցաւ «Քոնվենցիա»ներու (պայմանագիր) հարցը, որ մինչեւ օրս կը շարունակէ իր կարեւոր տեղը ունենալ Հայաստանի զանազան խնդիրներ դիմագրաւող հասարակութեան մէջ։

Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2020

Տիարպաքըրի ՀՏՓ-ական երեսփոխան Կարօ Փայլան Ազգային մեծ ժողովէն ներս օրակարգի վրայ բերաւ «Gerçek Hayat» պարբերաթերթի վերջին հրատարակութիւններով յառաջացած անհանգստութիւններու խնդիրը։

Հինգշաբթի, Մայիս 14, 2020

Տ. Սերովբէ Եպսկ. Իսախանեան խնձորենի մը տնկեց իր ձեռնադրութեան առաջին տարեդարձին առթիւ:
Քէօլնի առաջնորդանիստ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ «Հրաշափառ»ի արարողութիւն եւ հանդիսաւոր ժամերգութիւն:

Չորեքշաբթի, Մայիս 13, 2020

«Ռոմա»ի եւ «Արսենալ»ի միջեւ բանակցութիւնները կը շարունակուին՝ փոխանցման օրակարգով:
Հենրիխ Մխիթարեան ուրախ է իտալական մայրաքաղաքային ակումբին մէջ եւ գոհ՝ այժմու մարզիչին հետ աշխատելով:

Չորեքշաբթի, Մայիս 13, 2020

Թուրքիոյ եւ Ռուսաստանի զինեալ ուժերը երէկ նոր հերթապահութիւն մը իրականացուցին Սուրիոյ հիւսիսին՝ անցեալ մարտին երկու երկիրներու ղեկավարներու միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութեան հիման վրայ։ Սա տասներորդ հերթապահութիւնն էր, որ տեղի ունեցաւ M-4 մայրուղիի մերձակայքին։

Չորեքշաբթի, Մայիս 13, 2020

Քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ Հայաստանէ ներս կը շարունակուին առօրեան աստիճանաբար բնականոնացնելու քայլերը։ Այս առաւօտ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հերթական անգամ հանդէս եկաւ զգուշացումներով։

Չորեքշաբթի, Մայիս 13, 2020

Նախարար Ֆահրետտին Քոճա. «Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրի համաճարակի ծաւալումը արդէն իսկ կանխատեսելի սահմաններու մէջ կը գտնուի»:
Երկրէն ներս ստեղծուած պատկերը կը ցոլացնէ յուսադրիչ ձեռքբերումներ, որոնց պահպանման համար թէեւ անհրաժեշտ է չափազանց զգուշաւորութիւն:

Չորեքշաբթի, Մայիս 13, 2020

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Այն ինչ որ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նիստերու դահլիճէն ներս, կարծեմ յայտնի է մեր բոլորին:
Բռնութիւնը կանխելու, բռնութեան դէմ օրէնքներ գրելու եւ օրինական ու երկիր կառուցելու համար ի մի եկած պատգամաւորները ինչ-ինչ պատճառներով մտան բռնութեան «փակ օղակ»ին մէջ, որ մինչեւ այս պահը տակաւին լուծում չէ ստացած:

Չորեքշաբթի, Մայիս 13, 2020

Մարտինի ՀՏՓ-ական երեսփոխան Թումա Չելիք զօրակցութեան նամակներ ուղարկեց Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնական համայնքներու հոգեւոր կեդրոններուն։ Ան այս քայլը առած է «Gerçek Hayat» պարբերաթերթին կողմէ վերջերս կատարուած հրատարակութիւններուն բերումով։

Չորեքշաբթի, Մայիս 13, 2020

ԵՐԱՄ

Քրաք
կոտրեցին գաճը Զանայի ոտքին։ Հանեցին զայն։
Ազատ էր ան, ազատ էր Զանան։

Էջեր