Արխիւ

Ուրբաթ, Մարտ 13, 2020

«Միսաք Գօչունեան ժողովուրդի բոլոր խաւերուն մատչելի դարձնելու մղումով կատարած էր Նարեկի առաջին աշխարհաբար թարգմանութիւնը։ Իր հիմնադրած, իրմով դրոշմուած ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի աւելի քան 110-ամեայ ոդիսականին մէջ ալ այդպէս ինքը կ՚ապրի այսօր։ Իր յիշատակով, իր տեսիլքով դրոշմուած այս թերթը հետամուտ է մեր ժողովուրդի բոլոր խաւերուն մատչելի դարձնել մեր կրօնական, մշակութային, բարոյական արժէքները եւ այդ ուղղութեամբ կը շարունակէ իր առաքելութիւնը»:
«Մօտաւորապէս տասն տարի առաջ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նշած էինք ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի դարադարձը։ Այդ 100-ամեակի հանդիսութենէն շուրջ տասն տարի վերջ է, որ այսօր ահաւասիկ թերթի 110-ամեակին առթիւ, 110-ամեակին ձօնուած այս հրատարակչական գործի շնորհանդէսին համար դարձեալ հաւաքուած ենք այստեղ՝ Մայր Աթոռի նուիրական մթնոլորտին մէջ։ Կ՚ուզեմ ընդգծել Վեհափառ Հայրապետին նկատմամբ խոր երախտագիտութիւնս։ Ան ուշադրութիւն ցուցաբերած է այս յոբելենական հանգրուաններուն նկատմամբ եւ իր օրհնութիւնը մեզի կը բաշխէ առատօրէն»:

Ուրբաթ, Մարտ 13, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Այսօր, դարձեալ, կը շարունակենք ներկայացնել Ուիլիըմ Սարոյեանի պատմուածքը։ Ուիլիըմ Սարոյեան ծնած է Ֆրեզնօ, Միացեալ Նահանգներ, Պիթլիսէն Ամերիկա գաղթած ընտանիքէ մը։ Ան իր պատմուածքները գրած է անգլերէն լեզուով։ Ան արտադրած է բազմաթիւ գործեր՝ պատուաբեր տեղ մը գրաւելով ամերիկեան գրականութեան մէջ։ Իր գործերէն են. «Կեանքիդ ժամանակը», «Տղաք եւ աղջիկներ», «Մարդկային կատակերգութիւն», «Արամ կը կոչուիմ եմ» եւ ուրիշներ…։

Ուրբաթ, Մարտ 13, 2020

Հայ մամլոյ նահապետ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադիր Միսաք Գօչունեանի թողած աւանդը ունի զանազան երեսակներ։ Այդ ամբողջին մէջ կարեւորագոյնը կը համարուի նոյնինքն այս օրաթերթը, որ 112 տարիէ ի վեր լոյս կը տեսնէ անխափան։ Քասիմի ժառանգութեան մէջ մեծ նշանակութիւն ունի նաեւ առաջին անգամ իր կողմէ աշխարհաբարի փոխադրուած «Նարեկ»ը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջերս կազմակերպուած շնորհանդէսը եկաւ բիւրեղացնել Քասիմի ժառանգութեան այս երեսակի ամբողջ խորութիւնը։

Ուրբաթ, Մարտ 13, 2020

Քորոնաժահրի պատճառ դարձած վարակին հետեւանքով Թուրքիոյ մէջ արտասովոր նախազգուշական միջոցներ ձեռք կ՚առնուին։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի գլխաւորութեամբ, երէկ, մայրաքաղաք Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ նախարարներու խորհրդակցութիւն։

Ուրբաթ, Մարտ 13, 2020

Կ. Պոլսոյ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի 110-ամեակի առիթով, Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան եւ Գօչունեան ընտանիքի մտայղացմամբ, 2018 թուականին առաջին անգամ, վերանայուած տարբերակով վերահրատարակուած է Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» աղօթագիրքի արեւմտահայերէն տարբերակը: Սոյն թարգմանութիւնը, իրաւամբ, կը համարուի «Նարեկ»ի առաջին, ամբողջական աշխարհաբար թարգմանութիւնը:

Ուրբաթ, Մարտ 13, 2020

Հոգեւոր գլուխգործոց:
Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» աղօթագիրքի առաջին աշխարհաբար փոխադրութեան վերահրատարակութեան առթիւ փայլուն շնորհանդէս մը՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ: Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի բարձր հովանաւորութեամբ կազմակերպուած հաւաքոյթը հնարաւորութիւն ընձեռեց ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադիր Միսաք Գօչունեանի թողած ժառանգի վերարժեւորման: Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը արտասանեց գեղահիւս հուսկ բանք մը: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Մայրավանքի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» մատենադարանի դահլիճի երդիքին տակ: Թերթիս գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեան որդիաբար երախտագիտութիւն յայտնեց Նորին Սրբութեան եւ խոր յարգանքով վերյիշեց հոգելոյս փրոֆ. Հրաչիկ Միրզոյեանը, որու նուիրեալ աշխատանքով կեանքի կոչուեցաւ հրատարակչական այս կարեւոր ծրագիրը:
Տ. Շահէ Ծայրագոյն Վարդապետ Անանեան հանգամանօրէն ներկայացուց անկրկնելի երկին իմաստը եւ Քասիմի կողմէ կատարուած աշխատանքին բարձր նշանակութիւնը, ինչ որ կ՚առանձնանայ անոր թողած վիթխարի աւանդի ամբողջութեան մէջ:
Ժողովրդական արուեստագէտ Դաւիթ Յակոբեան դիպուկ ձայնով ընթերցեց հատուածներ: «Գեղարդ» խումբէն Լուիզա Երամեանի եւ Անահիտ Պապեանի մեներգները խոր տպաւորութիւն գործեցին ներկաներուն վրայ: Տ. Արարատ Քհնյ. Պօղոսեան ողջոյնի խօսքին մէջ շեշտը դրաւ արեւմտահայերէնի պահպանութեան մարտահրաւէրին վրայ՝ Յովհաննէս Թումանեանէ վկայութիւններով հանդերձ:
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Ամենայն Հայոց. «Նարեկը թէեւ ազգային հողի վրայ արմատացած Հայ Եկեղեցւոյ ծոցէն վերընձիւղուած է, սակայն իր բնոյթով ունի համամարդկային արժէք, որով ամբողջ մարդկութեան կը մատուցուի Բարձրեալն Աստուծոյ հետ անընդմիջելի զրոյցի առանձնայատուկ փորձառութիւն մը։ Այս նշանակութեամբ Սուրբ Գրիգոր Նարկեցին եւ իր աղօթագիրքը դուրս են ժամանակային եւ աշխարհագրական սահմաններէ»:
«Մատեանի արեւմտահայերէն ներկայ վերահրատարակութիւնը կը նուիրուի պոլսահայ յայտնի մտաւորական, գրող, հրապարակախօս, խմբագիր ու հրատարակիչ Միսաք Գօչունեանի հիմնադրած ԺԱՄԱԱԿ օրաթերթի յոբելեանին՝ իբրեւ արժանի ընծայ արեւմտահայ իրականութեան մէջ կարեւոր աւանդ բերած այս պարբերականին»:

Ուրբաթ, Մարտ 13, 2020

Հոգւոյ բերկրութեամբ կ՚ողջունենք Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» աղօթագրքի արեւմտահայերէն թարգմանութեան նոր հրատարակութիւնը, որ իրականացուած է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ՝ ի նպաստ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի հոգեւոր եւ ազգային կեանքի նորոգութեան։

Ուրբաթ, Մարտ 13, 2020

ԵՐԱՄ 

Լոյսը նոր բացուած էր։
Տիկին Կարինէն մուճակները սալիկներուն քսելով անցաւ խոհանոց։ Վերցուց սրճեփը պահարանէն, դրաւ օճախի փոքր աչքին։ 

Ուրբաթ, Մարտ 13, 2020

Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան. «Բնականաբար այս գրքի հրատարակութիւնը կ՚արժեւորուի քանի մը հանգամանքներով, որոնցմէ առաջինը թարգմանիչի անձն է»:
«Քասիմ արդէն իր ստացած նախնական եւ միջին բարձրագոյն կրթութեամբ հոգեւոր կեանքին նուիրուած անձնաւորութիւն մըն էր։ Պատահական չէր անոր խիստ կապուածութիւնը՝ Նարեկ մատեանին եւ այս մեծ գաղափարին մտայղացումը անոր կենսափորձի արդիւնքն էր։ Ինծի համար խիստ զարմանալի էր, անակնկալ էր տեսնել, որ Պոլսոյ մէջ, առանց համալսարանական կրթութեան, վարժարան աւարտած գրողը այսքան հմտօրէն կը տիրապետէ գրաբարին, որ կրնայ փոխադրել Նարեկը», ըսաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէնը:

Հինգշաբթի, Մարտ 12, 2020

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան երէկ հանդիպում մը ունեցաւ երկրի Հեռուստատեսութեան եւ ռատիոյի յանձնաժողովի նախագահ Տիգրան Յակոբեանի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Տիգրան Յակոբեան ներկայացուց իր գլխաւորած յանձնաժողովի գործառոյթներն ու ծաւալած գործունէութիւնը։

Հինգշաբթի, Մարտ 12, 2020

Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրով վարակուած առաջին հիւանդի պարագայի լոյսին տակ՝ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հանդէս եկաւ յայտարարութիւններով։ Ան այս առթիւ շեշտեց, որ ժահրէն պաշտպանուելու հիմնական նախապայմանն է մաքրութիւնը։

Հինգշաբթի, Մարտ 12, 2020

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Ինչ ոգիով կը հաւաքուէին եւ ինչ էր ի վերջոյ այն ուժը, որ մերոնց մէջ դարի՜ւ-դարի՛ւ հաւաքուած էր ու կը սպասէր առիթի, որպէսզի զուլալ ձայնով դուրս գար ու ժայթքէր։
Առիթը միայն կտոր մը հաց, լաւ սեղան մը, բուրաւէտ ճաշերով «մասա» մը բանալը չէր։ 

Հինգշաբթի, Մարտ 12, 2020

Ապրիլի 5-ին Հայաստանի մէջ նախատեսուած հանրաքուէին ընդառաջ վարչապետը զանազան քաղաքներէ ներս հանդէս կու գայ իրերայաջորդ ելոյթներով:
Ըստ Նիկոլ Փաշինեանի, Սահմանադրական ատեանի դատաւորները ցարդ եղած են Սերժ Սարգսեանի, Ռոպերթ Քոչարեանի եւ Լեւոն Տէր-Պետրոսեանի կամակատարները:

Հինգշաբթի, Մարտ 12, 2020

Սուրբ Յակոբ հիւանդանոցի յարակից ակումբին մէջ երէկ երեկոյեան ցուցադրուեցաւ «Արարատի եւ Անիի մոռցուած երեսը» խորագրեալ վաւերագրական ժապաւէնը եւ ներկայացուեցաւ համանուն գիրքը։ Հիւանդանոցի հասարակութեան հետ յարաբերութիւններու պատասխանատու Թալին Էրկիւնէշ-Կազէրի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած մշակութային գործունէութիւններու երրորդն էր այս մէկը։

Հինգշաբթի, Մարտ 12, 2020

Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Մկրտուողի մը հոգեւոր մայրը եկեղեցին է, որու արգանդէն՝ Մկրտութեան աւազանէն կը ծնի քրիստոնեան։
Եթէ ընտանիքի նախընտրած կնքահայրը չի կրնար մասնակցիլ արարողութեան, զոր օրինակ՝ կը գտնուի արտասահման, ոեւէ մէկը կրնայ անոր փոխարէն մասնակցիլ արարողութեան:

Հինգշաբթի, Մարտ 12, 2020

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հոլանտայի մայրաքաղաքը՝ Ամսթերտամի կեդրոնական հատուածի փողոցները կոչուած են Հոլանտական Ոսկեդարու հռչակաւոր նկարիչներուն անուններով. 17-րդ դարու հոլանտական կերպարուեստի ոսկեդարը նշանակալի ազդեցութիւն ձգած է եւրոպական արուեստի զարգացման վրայ եւ մինչեւ մեր օրերը առկայ է այդ ազդեցութիւնը:

Հինգշաբթի, Մարտ 12, 2020

ԳԱԲՐԻԷԼ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱՅՎԱԶԵԱՆ
Արդի աշխարհաբարի վեածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Բեմին վրայ բարձրանալէն ետք, քահանան ի՞նչ կ՚աղօթէ:
Պատասխան.
Նախ սարակաւագը կը յորդորէ Աստուծոյ փառք տալ, որ մեզ արժանի ըրաւ Իր Ս. Պատարագին մէջ օրհնել ու փառաբանել զԻնք. ապա, քահանան այս աղօթքը կ՚ըսէ.

Հինգշաբթի, Մարտ 12, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Այսօր, մեր սիրելի՜ ընթերցող բարեկամներուն կը ներկայացնենք Ուիլիըմ Սարոյեանէ (1908-1981) պատմուածք մը։ Ուիլիըմ Սարոյեան, թէեւ հայախօս, սակայն գրած է անգլերէն։ Այս պատմուածին մէջ, ան կը պատմէ Ամերիկա գաղթած հայերու կեանքէն հատուած մը։

Հինգշաբթի, Մարտ 12, 2020

Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան լրագրողներուն յայտարարութիւններ ըրաւ՝ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի դէպի Պրիւքսել վերջին աշխատանքային այցելութեան լոյսին տակ։ Ըստ իրեն, Հայաստան եւ Եւրոմիութիւն ունին շատ ընդարձակ օրակարգ մը։

Հինգշաբթի, Մարտ 12, 2020

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ «Արաս» հրատարակչատունը ներկայիս գրասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է Զաւէն Պիպեռեանի «Լկրտածը» վէպին վերահրատարակութիւնը։ Սա հեղինակի անդրանիկ վէպն է, որ առաջին անգամ հրատարակուած է 1959 թուականին։

Էջեր