Արխիւ

Երկուշաբթի, Յունուար 20, 2020

Պատրաստեց՝ ՆԱՐԷ ՔԱԼԵՄՔԷՐԵԱՆ

Ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ տոլարի վայրագ գերիշխանութիւնը տիրական է աշխարհի զանազան երկիրներու մէջ, քիչեր հաւանաբար կը հարցնեն, կամ ի վիճակի են հարցնելու, թէ ուրկէ՞ եւ ե՞րբ ծագած է այս տոլարը… պատասխանը՝ «Պի. Պի. Սի.» ի վերջերս հրապարակած յօդուածով:

Երկուշաբթի, Յունուար 20, 2020

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Մեր հարցումներուն կը պատասխանէ ամերիկահայ անուանի բարերեր ու գործիչ  Տիար Մայքըլ Սարեան։
-Պրն. Սարեան, տարի մը առաջ դուք հանդէս եկաք կարեւոր նախաձեռնութեամբ եւ բոլորովին անհատական ճիգերով մեծ նուիրատուութիւն կատարեցիք եւ բժշկական արդիական ու պիտանի սարքեր նուիրեցիք Հայաստանի առողջապահական համակարգին։ 

Երկուշաբթի, Յունուար 20, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Մարդ էակը ստեղծագործութեան մեծագոյն հանելուկն է. միշտ «անծանօթ» ո՛չ միայն իր շուրջիններուն, այլ նաեւ՝ «անծանօթ» ինքնիրեն։ Դարե՜րէ ի վեր փորձած են իմաստասէրներ լուծել «մարդ հանելուկ»ը, հասնիլ անոր գաղտնիքներուն, բայց քանի որ տակաւին կը շարունակեն «ծանօթանալ» մարդ էակին էութեան, այս կը նշանակէ, որ դարերէ ի վեր կատարուած աշխատութիւնները ապարդիւն են մնացած եւ «մարդ»ը կը շարունակէ «հանելուկ» մը մնալ ինքնիրեն։

Երկուշաբթի, Յունուար 20, 2020

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը շաբաթավերջին հիւրընկալեց Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց նախկին ներկայացուցիչներէն Լաքի Վինկասը, որ փափաքած էր անձամբ այցելել Պատրիարքարան եւ շնորհաւորել Նորին Ամենապատուութիւնը։ 

Երկուշաբթի, Յունուար 20, 2020

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը վերջին օրերուն Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց՝ Անգարայի մօտ Գանատայի նորանշանակ դեսպան Ճամալ Քոքարն ու Իսթանպուլի մօտ աւագ հիւպատոս Պրահիմ Աշութալը։ Գանատացի դիւանագէտներու այցելութեան նպատակն էր՝ ծանօթանալ Թուրքիոյ հայ համայնքի հոգեւոր կեդրոնին եւ շնորհաւորել Նորին Ամենապատուութիւնը։

Երկուշաբթի, Յունուար 20, 2020

Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի Ուաշինկթընի թեմական պատուիրակ Տ. Վիգէն Արք. Այգազեան, որ վերջերս քաղաքս կը գտնուէր, քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Պատրիարքարան եւ հանդիպում մը ունեցաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հետ։

Երկուշաբթի, Յունուար 20, 2020

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Կաթողիկէ Հայոց վիճակաւոր Տ. Լեւոն Արք. Զեքիեանը։ Ներկայ էր նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ, Պատրիարքական Աթոռի լուսարարապետ ու դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։

Երկուշաբթի, Յունուար 20, 2020

Շիշլիի «Ճեմիլ Ճանտաշ» մշակոյթի կեդրոնին մէջ շաբաթավերջին մասնաւոր համերգով մը վերյիշուեցաւ յայտնի երգահան Օննօ Թունչ։ Թրքական փոփ երաժշտութեան ակունքներուն կանգնած արուեստագէտ մըն է Օննօ Թունչ, որու ի յիշատակ կազմակերպուած համերգը զուգադիպեցաւ իր մահուան 24-րդ տարելիցին։

Երկուշաբթի, Յունուար 20, 2020

Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ ոգեկոչուեցան հոգելոյս ազգային բարերարներ՝ Յովհաննէս եւ Մկրտիչ Էսաեան հարազատները։ Էսաեան վարժարանի հիմնադիր այս երկու երախտաշատ անունները բիւր յարգանքով վերյիշուեցան հերթական անգամ։

Երկուշաբթի, Յունուար 20, 2020

ՄԱԿ-ի հովանաւորութեան ներքեւ Պերլինի մէջ խորհրդաժողով՝ Լիպիոյ տագնապի յաղթահարման համար:
Յայտարարութեան մէջ միջազգային դերակատարները աջակցեցան՝ երկրէն ներս անվտանգութեան համակարգի մը ձեւաւորման:

Երկուշաբթի, Յունուար 20, 2020

Շաբաթավերջին քաղաքիս մէջ ելոյթով մը հանդէս եկաւ հայազգի նշանաւոր թաւջութակահար Ալեքսանտր Չաուշեան, որ խոր տպաւորութիւն թողեց երաժշտասէրներուն վրայ։ «Սաքըպ Սապանճը» թանգարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ իր ելոյթը՝ «Իսթանպուլի նուագահանդէսներ»ու ծիրէն ներս։

Շաբաթ, Յունուար 18, 2020

Գրաբերէն թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

- Գիրքը Քրիստոսի ծնունդը կրկնակի կը սորվեցնէ:
Նախ՝ յաւիտեաններէն առաջ եւ նախքան ժամանակը Բանն Աստուածը Հօրմէն ծնունդ է. ըստ Դաւիթի, որ Հայրը Որդիին կ՚ըսէր. «Արուսեակէն իսկ առաջ ծնայ Քեզ»

Շաբաթ, Յունուար 18, 2020

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

2007 թուականի 19 յունուարին, ճիշդ այն ժամուն, երբ դաւադիր կրակոցով Պոլսոյ իր խմբագրատան թաղը, ինկաւ հայ լրագրող, հրապարակախօս Հրանդ Տինք, իր հիմնած «Ակօս» թերթի խմբագրութեան գրաշարները կը շարէին Հրանդի վերջին յօդուածը, որ գրած էր թրքերէնով, եւ արդէն հայերէնի թարգմանուած լոյս պիտի տեսնէր «Ակօս»ի մէջ… Յօդուածը Հրանդ Տինք խորագրած էր՝ «Հոգեվիճակս վախուորած աղաւնիի կը նմանի»:

Շաբաթ, Յունուար 18, 2020

Հայաստանի քաղաքական կեանքին տեսակէտէ ցնցիչ իրադարձութիւն. Յատուկ քննչական կոմիտէն իսկոյն շարժման անցած:
Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան նախկին տնօրէն Կէորկի Կուտոյեանի դիակը յայտնաբերուեցաւ իր բնակարանին մէջ:

Շաբաթ, Յունուար 18, 2020

Իտալիոյ մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ միջկրօնական կարեւոր հաւաք մը։ Այսպէս, Հռոմի մէջ մէկտեղուեցան՝ Աբրահամ նահապետին հաւատացող երեք կրօններու 25 հոգեւոր առաջնորդներ, որոնք կը ներկայացնեն միլիոնաւոր քրիստոնեայ, իսլամ եւ հրեայ հաւատացեալներ։ 

Շաբաթ, Յունուար 18, 2020

ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ

Տօնական օրերուն Միացեալ Թագաւորութեան եռացող մայրաքաղաքը կը գտնուէի. թանգարաններ, յիշարժան վայրեր, ամանորեան շուկայի զեղչեր...
Մթնոլորտ մը. անգլիացիները որոշած են դուրս գալ Եւրոմիութենէն: Հայ մարդիկ գոհունակութեամբ կը խօսէին այս մասին:

Շաբաթ, Յունուար 18, 2020

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Կարծես արտասովոր-սովորութեան մը արարողութեան վերածուեցաւ Հրանդին մասին գրելը։
Այն Հրանդին, որ մինչեւ վերջին կաթիլը արեան հաւատաց իր բառին, գրածին ու մտածումին։

Շաբաթ, Յունուար 18, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նախապէս ներկայացուցինք կենսագրութիւններ երեւելի անձնաւորութիւններու՝ որոնք իրենց մտաւոր աշխատութիւններով հետք են թողած եւ կերպով մը ծառայած՝ մտային զարգացման եւ հոգիի ազնուացման։ Ինչպէս ըսած ենք նախապէս, երախտագիտութեան եւ խղճի պարտք է զանոնք յիշել, եւ նաեւ պէ՛տք է օգտուիլ անոնց տիպար կեանքէն, փորձառութիւն աւելցնելով մեր կեանքի փորձառութեան վրայ։

Ուրբաթ, Յունուար 17, 2020

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Այո՛, Դուն կը սիրես ամէն ինչ, որ գոյութիւն ունի եւ չես խորշիր ո՛չ մէկ բանէ, զոր ստեղծեցիր. որովհետեւ եթէ Դուն բան մը ատէիր, պիտի չստեղծէիր։ Եւ բան մը ի՞նչպէս գոյութիւն ունենայ, եթէ Դուն չես ուզեր զայն։

Ուրբաթ, Յունուար 17, 2020

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը նախընթաց օր Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Լիբանանի Պապական նուիրակ Ճոզըֆ Սփիթըրն Եպիսկոպոսը։ Այս այցելութեան նպատակն էր Կիլիկեան Աթոռի գահակալին փոխանցել Հռոմի Սրբազան Քահանայապետի ողջոյններն ու Ս. Ծննդեան տօնին առթիւ բարեմաղթանքները՝ համապատասխան բովանդակութեամբ նամակով մը։

Էջեր