Արխիւ

Երեքշաբթի, Ապրիլ 9, 2024

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Հարցում. Հայրն ու մայրը անիծելու մասին բան գրա՞ծ է առակագիրը:
Պատասխան.
Այո՛: Կը կարդանք. «Ով որ իր հայրն ու մայրը կ՚անիծէ, անոր ճրագը մութ խաւարի մէջ պիտի մարի» (Առ 20.20): 

Երեքշաբթի, Ապրիլ 9, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Յակոբոս առաքեալ իր ընդհանրական նամակին մէջ կը զգուշացնէ հաւատացեալները զիրար դատելու վատ սովորութեան դէմ։ Ան կ՚ըսէ. «Մէկզմէկ մի՛ բամբասէք. ան որ եղբայրը կը բամբասէ կամ իր եղբայրը կը դատէ, օրէնքը կը բամբասէ եւ օրէնքը կը դատէ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 9, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հայրիկ իր աշխատութեան երրորդ գլուխին մէջ կը խօսի Հայոց Նահապետական ընտանիքին մասին եւ սքանչացումով կը դիտէ անցեալը, մարդիկ «զարգացած» չէին ինչքան այսօր, սակայն իրենց անուս վիճակին շատ աւելի առաքինի, օրինակելի կեանք մը կ՚ապրէին՝ քան մենք նոր սերունդի «ուսեալ»ներս:

Երեքշաբթի, Ապրիլ 9, 2024

Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը հաղորդեց, որ երէկ գիշեր Ատրպէյճանի սահմանին վրայ տեղի ունեցած են դարձեալ զանազան դէպքեր

Երեքշաբթի, Ապրիլ 9, 2024

Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ հիւրընկալեց Եւրոխորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Մարիա Պուրիչը, որ ամենաբարձր մակարդակի վրայ ընդունուեցաւ Հայաստանի մէջ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 9, 2024

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Կազզէի պատերազմով պայմանաւորուած վիճակին մէջ Իսրայէլը կը հալածէ համակարգային փլուզման վտանգը:
«Բոլորի զօրակոչուած» կացութեան զուգահեռ՝ անվստահութիւնը կը խորանայ յատկապէս երկրի բանակի պարագային:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 8, 2024

Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ շաբաթավերջին ալ լարուածութիւնը շարունակուեցաւ։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումները ապրիլի 6-7-ի գիշերը, ժամը 22.45-էն սկսեալ, մինչեւ ժամը 00.25-ը՝ թիրախաւորեցին սահմանի զանազան հայկական դիրքերը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 8, 2024

Հայ Երուսաղէմի դիմագրաւած մարտահրաւէրները կը շարունակեն անմիջական ուշադրութեան առարկայ դառնալ հայ իրականութեան օրակարգին վրայ։ Շաբաթավերջին սաղիմահայութիւնը հերթական ահազանգը հնչեցուց՝ ազգապատկան «Կովերու պարտէզ» կալուածի գործարքով պայմանաւորուած տագնապին զուգահեռ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 8, 2024

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Այսօրուան ընկերութեան մէջ արժէքներու, սկզբունքներու ու գաղափարներու մասին խօսիլը՝ հոգեւոր, ազգային, մշակութային, երկրոդական ու ոչ-կարեւոր դարձած է եւ ընդհանրապէս ժամանակավրէպ կը համարուի այդպիսի արժէքներու մասին խօսիլը:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 8, 2024

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

«Գործընկերները եթէ պարտականութիւններու մէջ թերանան, ապա գործընկերութիւն չի մնար»:
Արաբական աշխարհի հիմնական դերակատարներուն եւ Իսրայէլի յարաբերութիւնները փճացած են անշրջադարձելիօրէն:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 8, 2024

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Գրող Ատրպետը (Սարգիս Մուպահեաճեան) «Թուլումպաճիներ» խորագրով գիրք մը ունի, որ տպագրուած է 1899 թուականին՝ Նոր Նախիջեւան: Այս գիրքը Ատրպետ գրած է՝ հիմնուելով Պոլսոյ իր ապրած տարիներու յիշողութիւններու եւ զգացողութիւններու վրայ:

Երկուշաբթի, Ապրիլ 8, 2024

ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ

Դարեր շարունակ վարկածները յստակեցնելու նպատակով կատարուած են զանազան գիտական փորձեր, որոնք նպաստած են գիտութեան զարգացման եւ բազմաթիւ ոլորտներու մէջ ստացուած գիտելիքի օգտագործման։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 8, 2024

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Պատմական բարոյական բոլոր ուսուցումներ, ընդհանրապէս, այն գաղափարը եւ տեսութիւնը կ՚ընդունին, թէ մարդը Աստուծոյ ստեղծած մէկ էակն է։ Բայց մարդ միշտ իր Արարչէն կը հեռանայ՝ տարուելով իր կիրքէն եւ «ԵՍ»էն։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 8, 2024

Երէկ, Պալըքլըի գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ յուզումնախառն ոգեկոչման արարողութիւն մը։ Այս առթիւ վերյիշուեցաւ բարեյիշատակ մարզական գործիչ Նազար Հանչէր՝ մահուան առաջին տարելիցին առթիւ։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 8, 2024

Գարթալի Խնդրակատար Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ Ս. Յարութեան տաղաւարի տօնակատարութիւնները շաբաթավերջին տեղի ունեցան հոգեւոր հրճուանքի մթնոլորտին մէջ։ Քաղաքի Ասիական ափի ծայրամասի այս սրբատեղիին մէջ պատարագեց Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան, որ խօսեցաւ նաեւ խրատական մը։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 8, 2024

Երէկ, Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ Նոր կիրակիի արարողութիւններուն հանդիսապետեց եւ պատարագեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան, որ տուաւ նաեւ օրուան քարոզը։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Գէորգ Աւ. Քհնյ. Չընարեան։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 8, 2024

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մատոյց օրուան Ս. Պատարագը՝ առընթերակայութեամբ Տ. Շնորհք Աբեղայ Տօնիկեանի եւ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ Ուզունեանի։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 8, 2024

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Ֆրանսայէն՝ Պուշ-տիւ-Ռոն տեփարթմանի խորհուրդի նախագահ Մարթին Վասալի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը, որ այս օրերուն կ՚այցելէ Հայաստան։

Երկուշաբթի, Ապրիլ 8, 2024

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Խրիմեան Հայրիկ իր «Դրախտի ընտանիք» աշխատութեան երկրորդ գլուխին մէջ կը խօսի Ադամի եւ Եւայի դրախտէն դուրս դրուելու մասին. այդ մէկը պատիժ էր տրուած մարդուն, սակայն այդ պատիժի կողքին Աստուած մարդուն տուած էր այլ երանութիւններ. անոնց տուած էր երկրի բոլոր կենդանիներուն վրայ իշխելու հրամանը, ինչպէս նաեւ զանոնք պսակած էր՝ հրամայելով «աճեցէ՛ք... ու լցէք երկիրը»:

Շաբաթ, Ապրիլ 6, 2024

Ատրպէյճանի բանակը երէկ յետմիջօրէի ժամերուն Հայաստանի սահմաններուն վրայ հերթական յարձակումը գործեց։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ժամը 15.05-ին Տաւուշի մարզի սահմանամերձ Չինարի գիւղը ենթարկուեցաւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու ստորաբաժանումներու յարձակման։

Էջեր