Արխիւ

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ս. Սինոդի Հռոմի նստաշրջանին առթիւ կարծիքը շօշափեցինք Պատրիարքութեան Պէյրութի օգնական վիճակաւոր Տ. Գէորգ Եպսկ. Ասատուրեանի, որ մեզի խորհրդածութիւններ ըրաւ առկայ զանազան առաջնահերթ հարցերու շուրջ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք գերապայծառի տեսակէտները։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2021

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Նիւ Եորքի մէջ ելոյթով մը հանդէս եկաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովին առջեւ, նոր՝ 76-րդ նստաշրջանի բացման փուլին։ Բազմաթիւ հարցերու շարքին ան այս առթիւ անդրադարձաւ նաեւ Հարաւային Կովկասի նոր իրադրութեան։

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2021

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Սուրբ Սինոդի անդամները Հռոմի մէջ համախմբուած են ի կատար ածելու համար նոր կաթողիկոս-պատրիարքի ընտրութեան գործընթացը:
Միրիաթեան Գերապայծառին կողմէ մատուցուած Ս. Պատարագի ընթացքին Վատիկանի Արեւելեան եկեղեցիներու քահանայապետական խորհուրդի նախագահ Կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրի ժողովական եպիսկոպոսներուն փոխանցեց Սրբազան Պապի ողջոյնները: Նստաշրջանը տեղի կ՚ունենայ Լեւոնեան վարժարանի համալիրէն ներս: Երէկուան խոկումի օրը եզրափակուեցաւ սեղանատան ընթրիքով:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2021

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Արտայայտութիւն մը, որ շա՜տ կը լսենք, տեղի կամ անտեղի:
Արտայայտութիւն մը, որ իր մէջ կը պարունակէ կեանքի խոր փիլիսոփայութիւն:
Արտայայտութիւն մը, որ ապրուած դաժան ու ծանր կեանքի մը ծաղր ու ծանակն է:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2021

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Այն ինչ-որ պիտի շարադրեմ ստորեւ, ո՛չ իմ վառ երեւակայութեան արդիւնքն է, ո՛չ ալ յօրինուածք կամ հեքիաթ մը, այլ իրականութիւն, որ ծանօթ չէ շատերուն:

Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 22, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Դար մը ամբողջ քննարկումի նիւթ դարձաւ, թէ հայերս ինչո՞ւ համար ապրեցանք Մեծ եղեռնը. ո՞րն էր այդ թերի կողմը որ հայութիւնս զոհը դարձուց նման ողբերգութեան մը, սակայն այդ քննարկումները ցեխարձակումէ վեր չբարձրացան եւ առողջ վերլուծման ցայսօր չհասան: Եւ ինչպէ՞ս հասնէին. չէ՞ որ հայ են:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2021

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

1993 թուականին (ցաւօք, ամիսը չեմ յիշեր) նախագահ Լեւոն Տէր-Պետրոսեան հանդիպում մը ունեցաւ գործարաններու տնօրէններու հետ, որոնց շարքին էր, ի դէպ, նաեւ Կարէն Տեմիրճեանը։ Ելոյթ ունեցողներէն մին մօտաւորապէս ըսաւ հետեւեալը. «Մեր արդիւնաբերութիւնը պէտք է պահպանել՝ կարեւոր չէ, թէ ովքեր կառուցած են զայն՝ համայնավարները, կամ ալ ինչ-որ մէկը»։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2021

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Անկախութեան տարեդարձին առթիւ հրապարակեց պատգամ մը։ Մինչ այդ, 21 Սեպտեմբերի առթիւ, իր գլխաւորութեամբ Հայաստանի պետական աւագանին այս առաւօտ յարգանքի այցելութիւն մը տուաւ Եռաբլուրի զինուորական պանթէոն, ուր հերթական անգամ խոնարհում բերաւ նահատակներու յիշատակին առջեւ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2021

Երեւանի ղեկավարութիւնը երէկ պաշտօնապէս արձագանգեց Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի՝ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն վերաբերեալ շաբաթավերջի յայտարարութիւններուն։ Այս կապակցութեամբ արտայայտուեցաւ կառավարութեան բանբերը՝ Մանէ Գէորգեան, որ մեկնաբանութիւն մը տուաւ «Արմէնփրէս» գործակալութեան։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2021

Այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը դառնայ 30 տարեկան… Տարեդարձի թիւը թէեւ կլոր է, սակայն, մթնոլորտը շատ հեռու է յոբելեանէ մը։ Հիմնադրութենէն երեք տասնամեակ անց հայոց պետականութիւնը կը դիմագրաւէ մահուկենաց պայքար։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2021

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Հայաստանի Անկախութեան տօնին առթիւ հրապարակեց հետեւեալ պատգամը։ Մինչ այդ, Վեհափառ Հայրապետի նախագահութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցաւ նաեւ Հանրապետական մաղթանք՝ Ս. Գայիանէի պատմական վանքի սրբազան կամարներուն ներքեւ, ուր Նորին Սրբութիւնը ծնրադիր աղօթեց հայոց պետականութեան անսասանութեան համար։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2021

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիրն ու փոխ-ատենապետ Հերման Գավաֆեանը։ 2021-2022 կրթական շրջանի սկիզբին զուգահեռ կը բացուի նաեւ մատաղօրհնութիւններու եղանակը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2021

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Հայաստանի անկախութեան 30-ամեակը կը դիմաւորենք հակասական զգացողութիւններով: Մէկ կողմէ յատկանշական յոբելեանը նշելու գայթակղութիւնը կը տիրէ, միւս կողմէ կայ այրող միամեայ վէրքը, որ կը մխայ հայոց սիրտին վրայ:

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2021

ՍԵՒԱՆ ՍԷՄԷՐՃԵԱՆ

Սոյն թուականի սեպտեմբերի 17-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպան Արման Թաթոյեանը Դիմատետրի իր պաշտօնական էջին վրայ հրապարակեց տեսանիւթ մը, որուն մէջ Ատրպէյճանի դիմակաւոր ու զինեալ ծառայողներ Որոտանի ճամբուն վրայ կեցուցած են՝ 15-16 տարեկան ֆութպոլ խաղացող արցախցի պատանիներ փոխադրող հանրաշարժ մը։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2021

Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Խօսք. «Ահա Մարդու Որդիին փառաւորուելու ժամը հասաւ» (Յհ 12.23):
Մեկնութիւն.
Քրիստոսի փառքը հինգ կերպով կը լսուի. նախ՝ Քրիստոս խաչի չարչարանքներով փառաւորուեցաւ, երբ արեգակը խաւարեցաւ, երկիրը շարժեցաւ, եւ այլն: 

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 21, 2021

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շատերու համար յաղթանակ նկատածը՝ կրնայ պարտութիւն նշանակել ոմանց համար եւ ոմանց սրբազան արժէքը՝ ուրիշի համար կրնայ դառնալ իմաստազուրկ ոչնչութիւն: Եւ այդ իրականութիւնն է, որ մարդը մարդէն կը տարբերէ, իւրաքանչիւրը տալով տարբեր դիմագիծ ու մտածելակերպ:

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2021

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Աշխարհի որեւէ պետութիւն դժուար թէ կարողանայ անմիջապէս յաղթահարել՝ Հայաստանի այսօր մատնուածին նման խոր տագնապ մը։ Երկիրը վիթխարի ցնցումէ մը անցած է եւ նման պարագաները հրամայական կը դարձնեն պաղարիւնութիւնը, համբերութիւնը, որովհետեւ միայն աստիճանաբար կարելի է բնականոնացնել, հնարաւորինս բարելաւել կացութիւնը։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2021

24 սեպտեմբեր-3 հոկտեմբեր թուականներուն Իսթանպուլի մէջ կեանքի պիտի կոչուի գերմանական ժապաւէններու ցուցադրութեան ծրագիր մը։ «Կէօթէ» կաճառի նախաձեռնութեամբ նախատեսուած է «Քինօ 2021. Գերմանական ժապաւէնները Թուրքիոյ մէջ» խորագրեալ նախագիծը, որու ծիրէն ներս 11 ժապաւէնի ցուցադրութիւն պիտի կատարուի։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2021

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ հերթական անգամ խօսեցաւ Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններուն շուրջ։ Նախագահ Էրտողան երէկ Նիւ Եորք մեկնեցաւ՝ մասնակցելու համար ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացման։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 20, 2021

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

«Քուլիս» գրական եւ գեղարուեստական պատկերազարդ հանդէսը, 75 տարի առաջ հիմնուելով Պոլիս եւ ճիշդ յիսուն տարի (1946-1999թթ.) անխափան հրատարակուելով՝ իր անփոխարինելի տեղը ապահոված է հայ մամուլի պատմութեան «ոսկեայ» մատեաններուն մէջ:

Էջեր