Արխիւ

Շաբաթ, Մարտ 27, 2021

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Արուշ Թաշի, որոնց միացած էր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։

Շաբաթ, Մարտ 27, 2021

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ծաղկազարդ՝ Յիսուսի հրաշալի՜ եւ հանդիսաւոր մուտքը Երուսաղէմ։ Արդարեւ կարելի չէ հանդիպիլ Աւետարանի պատմութեան մէջ այսպիսի շքեղ ցոյցի մը՝ որուն մէջ Որդի մարդուն մտած ըլլայ Սուրբ Քաղաքը, որուն նկարագիրն էր հալածել ճշմարիտ մարգարէները եւ պատգամաբերները, սպաննել ճշմարտութեան քարոզիչները, ոչ միայն զոհերու, զորս նուիրագործած էր օրէնքը, այլ նաեւ զոհերու, որոնց վերջինը եղած էր Յովհաննէս Մկրտիչ՝ Սուրբ գրական պատմութեան մէջ սկիզբը առնելով Աբելի սպաննումէն եւ Զաքարիայի խողխողումէն Տատարի մէջ եւ վերջինը պիտի չըլլար անշուշտ նոյն ինքն Յիսուսի Քրիստոսի խաչամահ սպաննումը, որովհետեւ Փրկչին խաչելութիւնը նոր թուական մը պիտի բանար անմեղութեան եւ արդարութեան զոհերուն, Աւետարանի Թագաւորութեան հաստատումը մինչեւ երկրագունդիս վրայ։

Ուրբաթ, Մարտ 26, 2021

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

«Ուրախ սիրտը դեղի պէս օգտակար է», կ՚ըսէ Առակախօսը. (ԱՌԱԿ. ԺԷ 22)։ Իսկ Սաղմոսերգուն սապէս կ՚երգէ. «Ուրախութիւն՝ Աստուած որոնող սրտերուն». (ՍԱՂՄ. ՃԴ 3)։

Ուրբաթ, Մարտ 26, 2021

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը երէկ երեկոյեան Վատուցի մէջ 1-0 հաշուով յաղթանակ տօնեց Լիխթենշթայնի դէմ։ Այսպէսով հայկական ընտրանին յաղթանակով սկսաւ՝ 2022 թուականի ֆութպոլի աշխարհի առաջնութեան որակաւորման փուլի խաղերուն, «J» խմբակին մէջ։

Ուրբաթ, Մարտ 26, 2021

Ազգային պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտարարեց, որ 1915-ի դէպքերուն շուրջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները պէտք է քննէ սեփական արխիւը։ Ապրիլի 24-ի ընդառաջ ԱՄՆ-ի մէջ հայկական լոպին թափ տուած է աշխատանքին՝ որպէսզի նորընտիր նախագահ Ճօ Պայտըն համապատասխան պատգամին մէջ օգտագործէ ցեղասպանութիւն եզրոյթը։

Ուրբաթ, Մարտ 26, 2021

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Պեշթեփէի մէջ հիւրընկալեց Չինաստանի Արտաքին գործոց նախարար Ուանկ Ին, որ այցելեց Անգարա։ Մէկ ժամ տեւեց զրոյցը, որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու։

Ուրբաթ, Մարտ 26, 2021

Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան. «Դարեր շարունակ եկեղեցի-պետութիւն գործակցութեամբ կրցած ենք յաղթահարել ամէն դժուարութիւն»:
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակը Հայաստանի առկայ վիճակին շուրջ հարցազրոյց մը տուաւ «Նովոստի-Արմենիա» գործակալութեան:

Ուրբաթ, Մարտ 26, 2021

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հօր նախագահութեամբ գումարուած Պատկ. Կրօնական ժողովը նկատի ունենալով տիրող համավարակի պայմանները, մօտալուտ Աւագ շաբթուան առթիւ յետ խորհրդակցութեան որոշեց ստորեւի կարգադրութիւնները ի գործ դնել։

Ուրբաթ, Մարտ 26, 2021

ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ

Մութ սենեակին դրան յատակէն լոյսի շող մը կը սողոսկէ, կը յստակացնէ դրան յատակի սալերուն գիծերը միայն եւ թեթեւ, աղօտ գոյնը անոնց:
Շողին լուսէ թեւերուն մէջ ալեակի պէս փոշեհատիկները կը թրթռան, կ՚ալեկոծին, կը պարեն կարծես ինչպէս կ՚ընեն վանքի մը գմբէթէն երկնառաք շողի խորհրդաւոր սիւնին մէջ:

Ուրբաթ, Մարտ 26, 2021

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Մերձաւոր Արեւելքի մարդոց համար հացը սոսկ սեղանի զարդ չէ։ Հացը առատաձեռնութեան ու կեանքի բարիքներու խորհրդանշանը չէ միայն, այլ աւելին։
Ձեւով մը հացը անապահով խաւերու ապրուստի նեցուկն է, անոնց «պահապան հրեշտակ»ը եւ նեղ օրերու հաւատարիմ ընկերը։

Ուրբաթ, Մարտ 26, 2021

ԵՐԱՄ

Ձեռքին բռնած խոշոր տոպրակը, մէջը կտորներն ու փշուրները անոր, դուրս ելաւ բնակարանէն։ Իջաւ աստիճանները հապճեպ քայլերով, հրեց դարպասը ուսով, յայտնուեցաւ բակին մէջ. ահա, այնտեղ, յիսուն մեթր անդին կը գտնուէր աղբամանը խոշոր։

Հինգշաբթի, Մարտ 25, 2021

Անգարայի մէջ երէկ տեղի ունեցաւ ԱՔ կուսակցութեան հերթական համագումարը։ Նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ գլխաւորուած այս քաղաքական ուժի արդէն 7-րդ համագումարն էր այս մէկը։

Հինգշաբթի, Մարտ 25, 2021

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետը մեկնաբանեց Անգարայի 7-րդ Վարչական ատեանի վերջին դատավճիռը. «Ընտրութեան համար չենք կրնար կանխատեսել դատական գործընթացներու ժամկէտը, բայց մեր համայնքը պէտք է անյապաղ պատրաստուի ապագայի»:
Ըստ Պետրոս Շիրինօղլուի, մեր հաւաքական միջոցները տարիներէ ի վեր օգտագործուած են անխնայօրէն եւ այսօր մեր հաստատութիւնները՝ մասնաւորապէս թրքահայ վարժարանները դժբախտաբար հասած են սնանկութեան եզրին:

Հինգշաբթի, Մարտ 25, 2021

Ծանօթ է, թէ համայնքային եւ թաղային մարմիններու վարչութեանց ընտրութիւնները աւելի քան ութ տարիէ ի վեր չէին կատարուեր։ Բնականաբար այս սպասումը մտահոգութեան դուռ բացած էր թէ՛ վարչութեանց մօտ եւ թէ համայնքային շրջանակներէ ներս։

Հինգշաբթի, Մարտ 25, 2021

Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու երէկ Պրիւքսելի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքընի հետ։ Աւելի քան 45 վայրկեան տեւեց այս տեսակցութիւնը, որու ընթացքին արծարծուեցան այն բոլոր խնդիրները, որոնք ներկայ դրութեամբ կը զբաղեցնեն թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու օրակարգը։

Հինգշաբթի, Մարտ 25, 2021

ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ

Ժամանակները փոխուեցան ու կը շարունակեն փոխուիլ: Գիտակից մարդիկ, մասնաւորապէս, մայրեր կը հասկնան, որ շաքարը, ալիւրն ու աղը սպիտակ թոյներ են: Անոնք կը փորձեն իրենց երեխաներուն հնարաւորինս քիչ հրամցնել քիմիական յաւելանիւթերով հարուստ տարատեսակ սնունդներ:

Հինգշաբթի, Մարտ 25, 2021

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

«Իբրեւ քաղաքացի՝ Հայաստանէն երթալը ինծի համար մահանալ է։ Կա՛մ պիտի մահանաս եւ կամ քու առաքելութիւնդ պէտք է կատարես»:
«Ես հրաշքներու չեմ հաւատար, ես կը հաւատամ, թէ այնուամենայնիւ, պէտք է կրթել եւ զարգացնել մեր ժողովուրդը, որպէսզի ան դառնայ ժամանակակից ժողովուրդ մը եւ կտրուի այն առասպելներէն, որոնցմով կ՚ապրի: Այս բանը մէկ օրուայ կամ մէկ տարուայ հարց չէ, ասիկա մեծ հարց մըն է»:

Հինգշաբթի, Մարտ 25, 2021

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

-Ո՜վ Ռոնտա. Աստուած ինչպէս որ մարդը հողէն ստեղծեց, այդպիսով մկրտութեան ընթացքին ջուր կ՚օգտագործէ, որպէսզի վերստի՞ն ստեղծէ զինք:
-Այո՛, ջուրը մաքրութեան նշանակ է: Այդ պատճառով ալ քահանան մկրտուողը ջուրին մէջ կ՚ընկղմեցնէ, որպէսզի վերստին լուացուի սկզբնական մեղքէն ու սրբուի իր մեղքերէն:

Հինգշաբթի, Մարտ 25, 2021

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Բնաւ ուշադրութիւն ըրա՞ծ էք սիրելի՜ բարեկամներ. Բնութիւնը կարծես պատկերագրուած օրինակ մըն է մարդկային հոգիին մէջ։ Արդարեւ, մարդկային հոգին ալ ունի լեռներու կատարներ՝ որոնք մարդուս մտածումներուն, խորհուրդներուն թռիչքները, իտէալները, սէրերը, յուզումները, ըմբռնողութիւնը Էակի մը մասին, որ Տիեզերքի Արարիչը, Ստեղծիչը, Կառավարիչը եւ Նախախնամն է, եւ մարդկային կեանքին եւ էութեան բացարձակ Տէրը։

Հինգշաբթի, Մարտ 25, 2021

Երէկ յետմիջօրէին, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց իրաւաբաններ՝ Սեդրակ Տավութհանն ու Սեպուհ Ասլանկիլը։
Սոյն հանդիպումը, որ տեղի ունեցաւ Պատրիարքարանի մէջ, Նորին Ամենապատուութիւնը տեղեկութիւններ ստացաւ իրաւաբաններէն՝ համայնքային հաստատութեանց ընտրութեանց մասին վերջերս տեղի ունեցած զարգացումներուն կապակցութեամբ։

Էջեր