ՄԵԼԳՈՆԵԱՆԷՆ ՍԿՍԱԾ ՍԷՐԸ…
Սօսի Նալչաճեան ծնած է Կիպրոս: Ան յետագային շատ աւելի ճանչցուեցաւ իբրեւ Սիսի: Իսկ Հայրապետ Թորոսեան ծնած էր Պէյրութ: Ան ալ յետագային ճանչցուեցաւ որպէս Հայրօ: Բայց յատկանշական կը մնայ Սիսիի եւ Հայրոյի հանդիպումը, որ տեղի ունեցաւ հայկական վարժարանի մէջ՝ Նիկոսիա, հանրածանօթ Մելգոնեան կրթական հաստատութեան յարկին տակ: Անոնք հանդիպեցան հայկական վարժարանին մէջ, բայց հանդիպումը աննշան եւ աննպատակ չեղաւ, որովհետեւ անիկա կերտեց ամբողջ կեանք մը: Կեանք մը՝ սիրոյ, նաեւ նոյնքան՝ նուիրուածութեան եւ ծառայութեան: Սէրը՝ իրարու նկատմամբ եւ ընտանիքին: Իսկ այդ սիրոյ արգասիքը եղաւ նուիրումի եւ ծառայութեան համակ կեանք մը՝ հայուն եւ ազգային արժէքներուն համար:
Սիսին տասներեք տարեկանին, երեւի 1950-ական թուականներուն եկած է Մելգոնեան վարժարան: Իսկ Հայրոն՝ Պուրճ Համուտի զաւակ, հազիւ տասներկու տարեկանին Պէյրութէն եկած է Կիպրոս: Փոքր տարիքէն կորսնցուցած է մայրը ու, երեւի, ինք ալ բռնած է ճամբան «մանկութիւն չունեցող մարդոց»… Բայց այս մանկութիւն չունեցող տղան պիտի կերտէր «կեանք ունեցող» հայը, զօրաւոր եւ վճռական՝ իր ազգային առաքելութեան մէջ:
Սիսին կը պատմէ, թէ ինչպէ՛ս առաջին օրը մուտք կը գործէ Մելգոնեան վարժարան. «Մէկ ժամ տեւեց, երբ վարձու ինքնաշարժով մը հասայ Մելգոնեան, քանի կ՚ապրէինք Նիկոսիոյ հեռաւոր արուարձաններէն մէկուն մէջ»: Դպրոցի շէնքի մուտքին ան տեսած է աղջիկ մը, որ կու լար: Աղջիկը Ազատուհի Չինարեանն է, որ եկած էր Յունաստանէն եւ մինակ զգացած է Կիպրոսի մէջ, որովհետեւ չէր գիտեր, թէ ի՛նչ պիտի ընէր: «Ազատուհին խնդրեց, որ իր սենեկակիցը ըլլամ գիշերօթիկի բաժինին մէջ: Այդ օրէն սկսեալ եւ մինչեւ այսօր մենք մնացինք լաւ բարեկամներ», կ՚ըսէ Սիսին:
Եւ չուշացաւ երկու պատանի հայուհիներու հնարքները, որոնց մէջ Մելգոնեանի գիշերօթիկը մնացող տղոց հետ հանդիպումները: Օրին մէկը Ազատուհին եւ Սիսին կը գտնեն գիրք մը, որուն մօտիկ կանգնած էին չորս տղաք: Ազատուհին Սիսիին կը փսփսայ, որ տղոց հարցնեն, թէ որո՞ւ կը պատկանի գիրքը: Սիսին գիրքը կը դնէ չորս տղոց առջեւ, որոնց մէջ գտնուող Հայրոն կը մօտենայ եւ կը վերցնէ գիրքը: Արդեօք գիրքը Հայրոյի՞նն էր, թէ՞ ինք ալ իր կարգին տղայական հնարքի դիմած էր՝ սկսելու համար ծանօթութեան եւ յարաբերութեան, որ պիտի տանէր սիրոյ պատմութեան մը, որ կեանք մը պիտի լեցնէր:
Հանդիպման երկրորդ առիթը աւելի դիպուկ դուրս կու գայ: Հայրոն Սիսիէն երեք դասարան աւելի բարձր էր՝ ներկայանալի եւ լաւ մարզիկ, Մելգոնեանի պասքեթպոլի խումբի «աստղերէն» մին: Սիսին կը սկսի երթալ եւ դիտել Հայրոն պասքեթպոլի մրցումներուն ընթացքին: Բայց արդեօք միայն պիտի դիտէ՞ր:
Մրցումի մը ընթացքին ալ Հայրոն գնդակը պատահմամբ կը նետէ Սիսիի նստած աթոռի կողմը եւ գնդակը կը դպչի անոր ոտքին: Հայրոն կը մօտենայ գնդակը առնելու եւ կ՚ըսէ. «Քանի գնդակը ոտքիդ դպաւ, ուրեմն պիտի յաղթենք»:
Ճիշդ է՝ Հայրոն պիտի յաղթէր պասքեթպոլի մրցումներուն, բայց ան յաղթեց ամենէն մեծ մրցումին՝ տիրանալով Սիսիի սիրոյն: Երեւի Հայրոյի դէպի կողով նետած իւրաքանչիւր գնդակի հետ ան պիտի նետէր իր սէրը՝ Սիսիի սրտին մէջ: Այդպիսով Սիսիի սիրտը պիտի լեցուէր այդ սիրոյ գնդակներով՝ այնքան, որ այլեւս պիտի սկսէր յորդիլ եւ դուրս գալ:
Եւ այդ յորդած սէրէն դուրս պիտի գար Սիսիին նամակը Հայրոյին. «Քեզ շատ կը սիրեմ»: Սիսին յանդգնութիւն կ՚ունենայ գրելու նամակը եւ խնդրելու Հայրոյին դասընկերուհիներէն մէկէն, որ յանձնէ զայն: Իրապէս ալ սէրը տկարութիւն չի ճանչնար եղեր: Սիսին գտաւ իր ուժը՝ դուրս բերելու համար իր սէրը: Սէրը՝ Հայրոյին…
Բայց կային Մելգոնեանի ցանկապատերը, որոնք կը բաժնէին տղաքը աղջիկներէն: Այդ ցանկապատը Հայրոյի եւ Սիսիի համար միայն աշխարհագրական բաժանում էր: Եւ չուշացաւ Հայրոյին պատասխանը: Ան նամակ մը նետեց ցանկապատի աղջկանց կողմը, ուր Սիսին նստած էր, եւ որուն մէջ ան տուաւ իր խոստովանութիւնը. «Ես ալ քեզ կը սիրեմ»:
Փոխադարձ սիրոյ զգացումներու բացայայտումով կը սկսէր գուրգուրանքը իրարու նկատմամբ: Հայրոն օր մը երեկոյեան ընթրիքի նարինջի իր բաժինը կը բերէ Սիսիին. «Ասիկա բաժինս է: Ես չկերայ, որպէսզի քեզի տամ»:
Հայրոն եւ Սիսին իրարու տուած էին իրենց սէրը, որ սկսած էր վերածուիլ իրական կեանքի: Հայրոն կ՚աւարտէ Մելգոնեան վարժարանը եւ կը պատրաստուի վերադառնալ Պէյրութ՝ ուսումը կատարելագործելու: Բայց ինչպէ՞ս երթալ Պէյրութ, երբ Սիսին տակաւին Մելգոնեան էր, նաեւ՝ իր սիրտը:
Եւ չ՚ուշանար Հայրոյին վճռակամութիւնը, որ կը ներկայացնէ նաեւ Սիսիին. «Կ՚ուզեմ երթալ եւ հանդիպիլ ծնողքիդ հետ», կ՚ըլլայ խանդավառ երիտասարդին հաստատ կեցուածքը: Բայց եւ այնպէս, Սիսիին հօր խանդավառութիւնը տարբեր էր Հայրոյինէն: «Գնա՛, տղա՛ս, ուսանէ: Երբ վերադառնաս, տեսնենք՝ ի՛նչ կ՚ըլլայ: Եթէ մինչ այդ մեր աղջիկը չէ ամուսնացած, կը նայինք…»:
Հայրոյի համար դիւրին չէր այս կեցուածքը: Ան կ՚երթայ Պէյրութ, բայց մէկ ամիս ետք դարձեալ կը վերադառնայ Կիպրոս եւ կը դառնայ թուաբանութեան ուսուցիչ Մելգոնեան վարժարանի մէջ: Իսկ իր աշակերտներէն Սիսի՞ն…
Սիսին կը գերազանցէր թուաբանութեան քննութիւններուն, ինչ որ կը գրգռէր դասընկերուհիներուն նախանձը. «Եթէ մենք ալ մեզ սիրող ուսուցիչ ունենայինք, մենք ալ բարձր նիշեր կ՚առնէինք»:
1963 թուականին Սիսին եւ Հայրոն կ՚ամուսնանան: Սիսին տասնինն տարեկան էր, իսկ Հայրոն՝ քսանչորս:
Հայրոն զգայուն տղայ էր: Թէեւ թուաբանութեան ուսուցիչ էր, բայց երաժշտութիւնը անոր կեանքն էր: Աւելի ուշ ան կ՚ըլլայ երաժշտութեան ուսուցիչ՝ Նարեկ ազգային վարժարանին մէջ: Հայրոն եթէ մէկ կողմէ դարձաւ խմբավար՝ երկար տարիներ ծառայելով հայ եկեղեցւոյ եւ անոր երգչախումբին, բայց նոյնքան վաստակ շահեցաւ կիպրական շրջանակի մէջ՝ իբրեւ ծանօթ երաժիշտ եւ «չելիստ»: Ան երկար տարիներ մաս կազմեց Կիպրոսի սիմֆոնիք նուագախումբին՝ սէր եւ յարգանք նուաճելով բոլորին կողմէ:
Սիսին նուիրուեցաւ Կիպրոսի հայկական ռատիօժամին: Ան աւելի քան քառասուն երկար տարիներ մեծ նուիրուածութեամբ եւ սիրով ծառայեց՝ հայուն «ձայնը» լսելի դարձնելու ամէն կողմ:
Սիսիին հետ երկար տարիներ կրցայ գործակցիլ, երբ հայերէն հոգեւոր եւ այլ յայտագիրներ կը պատրաստէինք ու կը սփռէինք: Իսկ Հայրոն արդէն ֆիզիքապէս սկսած էր տկարանալ, երբ ես իրեն հանդիպեցայ եւ զինք անձնապէս ճանչցայ: Մէկ-մէկ պիտի հարցնէր ինծի, երբ կրնար. «Մեր Պուրճ Համուտը ինչպէ՞ս է»: Հայրոն չէր կրնար մոռնալ տունը, անոր կարօտն ու սէրը:
Հայրոն իր երկրային կեանքին հրաժեշտ տուաւ 2012 թուականին՝ տարեդարձէն տասներկու օր առաջ: Սիսին դադրած է աշխատանքէ եւ կ՚ապրի հանգստեան իր կեանքը: Բայց Հայրոյին սէրը չէ դադրած իր կեանքէն: «Նկարը տունը հեռատեսիլին վրայ է: Կ՚ապրիմ հետը ամէն օր», ըսաւ Սիսին:
Կիպրոսի սիմֆոնիք նուագախումբը 24 մայիս 2012 թուականին յուշ երեկոյ մը կազմակերպեց Հայրոյի վաստակին: Անոնք Սիսիին յանձնեցին շքանշան մը՝ յերախտագիտութիւն Հայրոյի երկար տարիներու երաժշտական վաստակին եւ ներդրումին Կիպրոսի մէջ:
Հայրոն եւ Սիսին՝ երկուքն ալ պարգեւատրուած են Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով՝ իրենց ծառայութեամբ լեցուն կեանքին համար: Հայրոյին կեանքին կարգախօսն էր՝ «Ծառայէ եւ յարգէ»:
«Հայրս հրեշտակ մըն էր, որ այս աշխարհը եկաւ», կ՚ըսէ Մարալը՝ Հայրոյի եւ Սիսիի դուստրը: Հրեշտակ մը, որուն սիրտը երբեք չդադրեցաւ բաբախելէ…:
Ներկայ էի Հայրոյի յուղարկաւորութեան արարողութեան: Թէեւ մարմինը դադրած էր շնչելէ, բայց կը զգայի անոր սիրտը, որ չէր դադրած բաբախելէ: Եւ այդ բաբախող սրտին մէջ կը զգայիր սէրը Սիսիին… Սէրը՝ երաժշտութեան… Սէրը՝ արժէքի կեանքին… Սէրը՝ հայուն:
Այս Մելգոնեանէն սկսած սէրն է: Հայրոյին եւ Սիսիին սէրը: Սէրը, որ կերտեց անձնական եւ ընտանեկան կեանք, բայց նաեւ՝ գաղութային եւ ազգային: Եւ այս այն սէրն է, որ կը շարունակուի եւ կանգ չ՚առներ: Կը շարունակուի եւ կը կերտէ կեանքեր: Կեանքեր՝ սիրոյ եւ արժէքի:
Պիտի շարունակե՞նք կերտել այս կեանքերը՝ սիրոյ եւ արժէքի:
Եթէ հայուն կեանքը պիտի դնենք պատմութեան շարունակականութեան մէջ, ապա պատասխանը պիտի ըլլայ՝ այո՛:
Մելգոնեանէն սկսած սէրը, որ կը շարունակուի եւ կը կերտէ նոր կեանքեր:
Պահենք եւ կերտենք այս կեանքերը…:
ՏՔԹ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ
20 սեպտեմբեր 2021