ՄԵՆԵՐԳՉՈՒՀԻ ՄԱՐԱԼ ԱՅՎԱԶ. «ԵՐԱԺՇՏՈՒԹԻՒՆԸ ՍԱՀՄԱՆՆԵՐ ԵՒ ԱԶԳՈՒԹԻՒՆ ՉԻ ՃԱՆՉՆԱՐ»
Ես գուշակ եմ մեր թաղին մէջ
Սուրճ կը նայիմ տուներուն մէջ
Մէկին կ՚ըսեմ «մատաղ ունիս»
Մէկին ալ զի «մուրազ ունիս»
Իսկ մէկին ալ ցաւ ու տխրութիւն…
Այսպէս կը սկսի Մարալ Այվազի «Գուշակի երգը» մեներգին անդրանիկ տողերը։
Երգչուհիի քրտնաջան աշխատանքի շնորհիւ վերջերս լոյս տեսած այս գեղեցիկ երգին տեսահոլովակը մեծ խանդաղատանքի ալիք բարձրացուց պոլսահայութեան շրջանակին մէջ եւ անկէ դուրս։
Արդարեւ, հայ մեծանուն բանաստեղծ, երգիծաբան, մանկագիր՝ Սուրէն Մուրատեանի երգի վերածուած այս թովիչ բանաստեղծական տողերը հնչած են բազմաթիւ հայ նշանաւոր երգչուհիներու կատարմամբ։ Սակայն այս երգը վերջերս նորովի, իւրովի մատոյց գեղեցկուհի Մարալ Այվազ։ Անոր գեղաձայն կատարմամբ հնչած «Գուշակի երգը» իր բոլոր նրբութիւններով հանդերձ կենդանացաւ տեսահոլովակի մէջ։ Բաց աստի, 4.13 երկվայրկեան տեւողութեամբ տեսահոլովակը իր մէջ կը կրէ տարրեր՝ պոլսահայոց առօրեայէն, իրենց մշակոյթէն ու աւանդոյթներէն։
Այժմ, քանի մը նախադասութեամբ բացայայտենք Մարալ Այվազը։
Մերձաւոր Արեւելքի եզակի թատերական հանդէսի՝ Իսթանպուլի «Քուլիս» (1946-1996 թթ.) երկշաբաթեայ պատկերազարդ թերթի հիմնադիր-խմբագիր, թատերական գործիչ՝ Յակոբ Այվազի թոռնուհի՝ Մարալ Այվազ ծնած է 1979 թուականի յունուարի 25-ին, Պոլիս։ Անթառամ Սոնա Մատոյեանի եւ հանգուցեալ Կարապետ (Կարօ) Այվազի երկու զաւակներէն մին է։ Ունի եղբայր մը՝ Սարօ։ Իմ այսօրուայ զրուցակցի արմատները հայրական կողմէ չորս սերունդ կու գան Պոլիսէն, իսկ մայրական կողմէ արմատները կը հասնին Սեբաստիա նահանգի Բրգնիկ գիւղը։ Համանուն գիւղէն էր նաեւ 20-րդ դարու հսկաներէն, մեծանուն արեւմտահայ գրող՝ Դանիէլ Վարուժան։
Երգչուհի Մարալ Այվազ նախնական կրթութիւնը ստացած է երբեմնի Անարատ Յղութիւն, այնուհետեւ Էսաեան վարժարաններուն մէջ։ Դպրոցը աւարտելէ վերջ ան աշխատանքի լծուեցաւ գրասենեակի մը մէջ։ 22 տարի նոյն գրասենեակին մէջ որպէս պատասխանատու եւ հաշուապահ աշխատելէ ետք, Մարալ Այվազ ամիսներ առաջ որոշեց թողնել իր հիմնական աշխատանքը եւ ինքզինքը նուիրեց իր սրտաբուխ զբաղումին՝ երգ-երաժշտութեան։ Ամուսնացած է Կարպիս Չաղլըչուպուքճուի հետ։ Երջանիկ ամոլը Աստուծոյ կողմէ պարգեւատրուած է տասնամեայ զաւակով մը, զոր ծնողքը կոչած է Պարէտ։
-Սիրելի Մարալ, ե՞րբ ձեր մէջ բացայայտեցիք անթաքոյց սէրը դէպի երաժշտութիւն։
-Մեր ընտանիքը շատ երաժշտասէր էր։ Մեր տան մէջ միշտ կը հնչէր հայկական երգ-երաժշտութիւն։ 80-ական թուականներուն, երբ իմ հայրը կը ստանձնէր Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետի պաշտօնը, երանաշնորհ Մեսրոպ Արք. Մութաֆեան Պատրիարքիի աբեղայութեան շրջանին եկեղեցւոյ հետ մեր կապը անքակտելի էր։ Հինգ-վեց տարեկան աղջնակ էի, ծնողքիս հետ միասին կը մասնակցէի եկեղեցական բոլոր արարողութիւններուն, հաւաքոյթներուն ու ճաշկերոյթներուն։ Եւ այդ ժամանակուընէ ի վեր սիրահարուեցայ հայ հոգեւոր ու աշխարհիկ երաժշտութեան։ Բաց աստի, իմ հայրիկն ալ շատ գեղեցիկ ձայն ունէր։ Յաճախ, զանազան առիթներով կ՚երգէր։ Այսպէս, օրէ օր կը կրկնապատկուէր իմ սէրը դէպի մեղեդիներու անզուգական աշխարհ։
-Ո՞րն էր ձեր յաջորդ քայլը։
-Ութ տարեկան էի, երբ սկսայ երգել Թաքսիմի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ՝ Լուսաւորիչ պատանեկան երգչախումբին մէջ։ Նախապէս կ՚երգէի հոգեւոր, այնուհետեւ աշխարհիկ երգեր։ Քանի մը տարի վերջ երգչախումբին ղեկը ստանձնեց Յակոբ Մամիկոնեան, որու հետ մինչ օրս սիրով կ՚աշխատինք։ Համատեղ մասնակցած ենք զանազան համերգներու եւ մշակութային ձեռնարկներու։ Ահաւասիկ, այսպէս մուտք գործեցի իմ հոգւոյն անսահման հարազատ հայկական երգարուեստի բնագաւառը։
-Սիրելի Մարալ, կարծեմ դուք Լուսաւորիչ երգչախումբէն զատ՝ համագործակցած էք նաեւ սիրուած երգիչ՝ Պարթեւ Կարեանին հետ։
-Այո՛, ճիշդ է։ Քանի մը անգամ մեր սիրելի Պարթեւ Կարեանին հետ բեմ կիսած ենք։ Զանազան համերգներու ընթացքին ես ձայնակցած եմ անոր։ Միասին երգած ենք զուգերգներ, երբեմն ալ ես հանդէս եկած եմ մեներգներով։
Պարթեւ Կարեան մեծ ներդրում ունեցած է իմ բեմական կեանքին մէջ։ Անոր ցուցաբերած բարի կամքի շնորհիւ ես կրցայ դիւրութեամբ ձերբազատուիլ բեմի վրայ ունեցած իմ բոլոր վախերէն։ Իբր այդ ալ ի սրտէ շնորհակալ եմ իմ անկրկնելի գործընկերոջ։
-Առաջին անգան ե՞րբ բեմ բարձրացաք։
-Տակաւին տասնմէկ տարեկան էի, երբ առաջին անգամ Գարակէօզեան սանուց միութեան երդիքին տակ, ներկայիս «Քնար» անուանափոխուած նուագախումբի անդամներուն հետ՝ Յակոբ Մամիկոնեանի մականին ներքեւ ելոյթ ունեցանք։ Համերգի ընթացքին ես հանդէս եկայ թէ՛ մեներգներով, թէ երգչախումբով։
-Պոլիսէն դուրս համերգներով շրջագայա՞ծ էք։
-Թէպէտ Լուսաւորիչ երգչախումբը բազմիցս համերգաշարերով հանդէս եկած է Հայաստանի մէջ, սակայն ես իմ սիրելի երգչախումբին հետ երկու անգամ Երեւանի մէջ ելոյթ ունեցած եմ։ Բաց աստի, անցեալ տարի ապրիլին, իմ գործընկերոջ՝ երաժիշտ Առէն Էմիրզէի հրաւէրով՝ որպէս մեներգչուհի համերգաշարով հանդէս եկայ Գերմանիոյ քանի մը քաղաքներուն մէջ։
-Արդեօք դժուա՞ր է Թուրքիոյ մէջ հայերէն երգել։
-Անշուշտ, դիւրին չէ։ Սակայն կ՚ուզեմ նշել, որ այս դժուարութիւնը գոյութիւն ունի ոչ միայն Թուրքիոյ, այլեւ Հայաստանի սահմաններէն դուրս համայն աշխարհի մէջ։ Ներկայ ժամանակաշրջանին բաւական խրթին է օտարութեան մէջ հայ մնալը. պահել հայկական մշակոյթն ու աւանդոյթները, հայերէն խօսիլ եւ ստեղծագործել։ Սակայն մենք կը ջանանք, մեր ուժերու ներածին չափ պահել մեր ազգային արժէքները։ Մեր հայկական երաժշտութեան անգին գոհարները, մեր երաժշտասէր, մշակութասէր հասարակութեան ներկայացնել նորովի։
-Քիչ մը կը պատմէ՞ք ձեր «Մարալի պէս» ձայնասկաւառակի մասին։
-Սիրով։ Ան իմ ութ երգերէ բաղկացեալ առաջին ձայնասկաւառակն է։ Ինչպէս վերեւ նշեցի, ես ունէի աշխատանքային կեանք, փոքր երեխայ, այդ իսկ պատճառաւ աւելի քան չորս տարի տեւեց «Մարալի պէս» ձայնասկաւառակին հանրութեան ներկայանալը։ Ընկերներուս հետ միասնաբար, անխոնջ աշխատանքի շնորհիւ, կրցանք հասնիլ գոհացուցիչ արդիւնքի։
Եւ յունիսի 21-ին, հազար օրինակով սկաւառակը լոյս աշխարհ եկաւ «Քալան միւզիք» ընկերութեան կողմէ։ Ալպոմին մէջ տեղ գտած են հայերէն ժողովրդական ու արդիական երգեր, որոնց իրարմէ անկախ բնօրինակ մշակումները ունկնդիրներուն ուշադրութիւնը կը գրաւեն, արդի եւ հայ դասական գործիքաւորումներու ներդաշնակ միասնականութեամբ։
«Մարալի պէս» ձայնասկաւառակի երաժշտական ղեկավարն է՝ յաջող երաժիշտ Արի Հերկել, որ նաեւ կատարած է իմ ալպոմի մէջ տեղ գտած եօթն երգերու մշակումը։ Իսկ «Վայրի ծաղիկ» խորագրեալ երգին յօրինողն է՝ իմ սիրելի ընկեր, ֆրանքֆուրթաբնակ կիթառահար, երգիչ, երաժիշտ Առէն Էմիրզէ։ Առէնը այս գեղեցիկ երգը նուիրեց ինծի։ Երգի ձայնագրումը կատարուեցաւ Գերմանիոյ մէջ։ Կը փափաքիմ, որ իմ այս աշխատանքը տարածուի նռան հատիկներու պէս եւ հասու ըլլայ ամէնուն՝ բոլոր ազգերուն։ Չէ՞ որ երգն ու երաժշտութիւնը սահմաններ չունին, ազգութիւն չեն ճանչնար։
-Ուրկէ՞ կրնանք ձեռք բերել ձայնասկաւառակը։
-Համացանցի վրայ, թուային հարթակներէ կրնաք ունկնդրել զայն։ Բաց աստի, «Մարալի պէս» խորագրեալ իմ անդրանիկ ձայնասկաւառակը կրնաք ձեռք բերել «Մեֆիսթօ» եւ «Նոսթալժի» գրատուն-սրճարաններէն։
-Ինչպէ՞ս յառաջացաւ տեսահոլովակ նկարահանելու գաղափարը։
-«Գուշակի երգը» զիս շատ կը հմայէր։ Այդ երգը շատ հաճելի ու արժէքաւոր է։ Երգի խօսքերու հեղինակն է Սուրէն Մուրատեան, իսկ յօրինողը՝ Գրիգոր Հախինեան։ Թէպէտ ինձմէ առաջ շատեր երգած են այս երգը, սակայն ես որոշեցի զայն իւրովի մատուցել։ Երբ այս երգը կ՚երգէի, աչքիս առջեւ ան կը կենդանանար։ Մտքիս մէջ ակամայ հանդիսական դարձայ։ Ահաւասիկ այսպէս, օր մը որոշեցի կեանքի կոչել իմ բոլոր պատկերացումները։
Իմ երեւակայածին համապատասխան փողոց գտնելու համար սկսայ թաղէ թաղ պտըտիլ։ Յայտնի է, թէ գուշակի հագուստը պէտք է ըլլայ երկար ու գունաւոր։ Համապատասխան կերպաս մը գտայ, Անգարա բնակող իմ դերձակին ղրկեցի եւ ան մէկ օրուան մէջ կարեց զգեստը։ Տեսահոլովակին մէջ ինծի հետ միասին դերակատարութիւն ունեցան երեսուն հոգիներ, որոնց թուին էր նաեւ իմ որդին ու իր դասընկերները։
-Սիրելի Մարալ, ի վերջոյ, դուք կըր-ցա՞ք ստանալ ձեր փափաքած արդիւնքը։
-Այո՛, իմ բոլոր սպասումները արդարացան։ Ես կրցայ ստանալ այն, ինչ որ կ՚երեւակայէի։
-Տեսահոլովակին մէջ, հերոսներէն մին՝ ընտանիքի հայրը ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթ կը կարդայ։ Կրնա՞ք պատմել այդ դրուգի մասին։
-Քանի որ տեսահոլովակին մէջ գուշակը կ՚այցելէ հայ ընտանիքի մը, այդ իսկ պատճառաւ ուզեցի հայկականութիւնը ընդգծել թերթի մը միջոցաւ։ Քանի որ, այդ պահուն իմ մօտ հայկական թերթ չկար, եղբօրմէս օգնութիւն խնդրեցի։ Ան ինծի ղրկեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը։ Իմ ուրախութիւնը կրկնապատկուեց, որ թերթի այդ օրուան համարին մէջ լոյս տեսած էր մանկանց նուիրուած բաժինը՝ «Նոր սերունդ» էջը։ Մենք ալ փափաքեցանք, որ նկարահանման ժամանակ այդ էջը տեսնուի։
-Տեսահոլովակին նիւթականը ինչպէ՞ս կրցաք դիմագրաւել։
-Տեսահոլովակին նիւթականը մեծ դժուարութեամբ, սակայն կրցայ դիմագրաւել իմ անձնական միջոցներով։ Նիւթական աջակցութիւն ստանալու նպատակաւ քանի մը տեղ դիմեցի, սակայն իմ սպասումները չարդարացան։ Ցաւալի է, որ մեր համայնքային հաստատութիւններն ու միութիւնները բաւականաչափ միջոցներ չունին, նոյնիսկ եղած միջոցներէն մաս մը չեն կրնար յատկացնել զանազան մշակութային ծրագրերու կեանքի կոչման։ Շատ տաղանդաւոր արուեստագէտներ, երիտասարդներ ունինք, որոնք իրենց փայլուն մտայղացումները նիւթականի բացակայութեան պատճառաւ ստիպուած են սառեցնելու։ Արդարեւ, ունինք ազգային մեծանուն բարերարներ, որոնք կը փորձեն ձեռք մեկնել մեր համայնքին։ Սակայն անոնց միջոցներն ալ անսահմանափակ չեն։ Պէտք չէ մեր բոլոր յոյսերը կապել միայն ազգային բարերարներուն հետ։ Պէտք է հետեւողական ըլլալ, յանուն մեր պայծառ ապագայի հիմնել համապատասխան հաստատութիւներ, որպէսզի մեր բոլոր փայլուն ծրագրերը ի չիք չդառնան։
-Ո՞վ է ձեր սիրելի մեծանուն երգիչը կամ երգչուհին։
-«Քուին»ը, Ֆրետի Մերքուրին։
-Սիրելի Մարալ, ի՞նչ է ընտանիքը։
-Ընտանիք կը նշանակէ՝ տուն, սրտակցութիւն: Թո՛ղ Աստուած համայն մարդկութեան արժանացնէ վայելելու այդ տաքուկ անկիւնի ջերմութիւնը։ Քանզի մարդ արարածը աշխարհի ամենամաքուր զգացումը՝ սէրը, առաջին անգամ ընտանիքի մէջ կը զգայ ու կ՚ապրի։ Բաց աստի, յաճախ այդքան մեծ սիրով ու ջերմութեամբ ալ կը վարակէ իր շուրջինները։
-Ըստ ձեզի, երեխայի դաստիարակութեան մէջ ի՞նչն է կարեւորը։
-Արժանապատուութիւն, ինքնավստահութիւն եւ յարգանքի սերմանունը սեփական անձի նկատմամբ ու զանոնք շրջապատել նոյնքան գիտակից եւ ուշիմ անձերով։
-Ո՞րն է ձեր մեծագոյն փափաքը։
-Իմ ձայնը, հայկական երգ-երաժշտութիւնը սիրելի եւ ունկնդրելի դարձնել համայն մարդկութեան։
-Հայաստան այցելա՞ծ էք։
-Անշուշտ, երկու անգամ այցելեցի Լուսաւորիչ երգչախումբին հետ միասին։ Սակայն չկրցայ յագենալ. տակաւին կան շատ տեսարժան վայրեր ու թանգարաններ, ուր առիթ չունեցայ այցելելու։ Յառաջիկային, կը փափաքիմ դարձեալ այցելել։
-Ինչպիսի՞ տպաւորութիւններ ունեցաք Հայաստանի մասին։
-Պարզապէս հիացած եմ։ Երեւանը եւ իր շրջակայ գիւղերը շատ գեղեցիկ են։ Շատ յուզուեցայ, անսահման ուրախութիւն զգացի, թէ ինչպէս Հայաստան աշխարհը կարճ ժամանակամիջոցի մը ընթացքին բարեկարգուեցաւ։ Մայրաքաղաք Երեւանը կը նմանի եւրոպական գողտրիկ քաղաքի մը։ Երեւանի շունչն ու հոգին զգալու համար, յաճախ ուզեցի մինակ մնալ։ Ընդհանրապէս ես կը սիրեմ առանձնութիւնը։
-Ո՞վ է հայը:
-Ամէն տեսակ տառապանքներ ապրելով հանդերձ՝ հազարամեակներ շարունակ իր լեզուով, մշակոյթով, արուեստով ու աշխատանքով իր գոյութիւնը պահպանած հզօր ազգին կ՚ըսենք՝ հայ:
-Ո՞րն է Հայաստանի մէջ ձեր սիրելի վայրը։
-Շատ սիրեցի Երեւանի հրապարակը։ Պարզապէս հիացած եմ Նորավանքով, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինով։
-Սիրելի Մարալ, կա՞ն այնպիսի տողեր, որոնք միշտ կը դառնան ձեր ուղեղին մէջ։
-Երաժշտութիւնն է, որ կը միացնէ մարդիկը, կը դարմանէ անոնց վէրքերը։ Ի դէպ, այս տողերը ես գրի առած եմ իմ ձայնասկաւառակի գրքոյկին մէջ։
-Ո՞ր երաժշտութիւնը կրնաք անդադար լսել։
-Իմ հոգւոյն անբաժան ուղեկից՝ հայկական երաժշտութիւնը։
-Հետաքրքրական է, ձեր երեխային համար յաճախ կ՚երգէ՞ք։
-Զաւկիս համար աւելի շատ օրօրոցայիններ կ՚երգէի, երբ ան տակաւին շատ փոքրիկ էր։ Այժմ անոր հետ բազմաթիւ երգեր կ՚երգենք։ Մանչս՝ Պարէտը նոյնպէս ընտրած է երաժշտութեան ուղին։
-Ինչպէ՞ս կը սիրէք կազմակերպել ձեր հանգիստը։
-Ինքզինքիս հետ մինակ մնալ։ Կը զմայլիմ բնութեան գեղեցկութեան։ Իմ ընտանիքի պարագաներուն, իմ ընկերներու հետ հաճելի ժամանակ անցընել։
-Ինչպիսի՞ն է Մարալ Այվազը՝ էութեամբ։
-Ես էութեամբ սակաւախօս եմ։ Կը սիրեմ աւելի շատ մտիկ ընել շուրջիններս, քան խօսիլ։
-Յառաջիկային ինչպիսի՞ ծրագրեր ունիք։
-Յառաջիկային կը նախատեսեմ հանդէս գալ համերգներով։
Հուսկ, Իսթանպուլի գեղեցկուհի հայուհիներէն մէկուն՝ երգչուհի Մարալ Այվազին կը մաղթեմ անյատակ յաջողութիւն եւ նուաճում նորանոր բարձունքներու։
Սիրելի Մարալ, անհամբեր պիտի սպասենք ձեր նոր երգերուն եւ մասնաւորապէս՝ տեսահոլովակներու։
Իսկ մեր հաճելի հարցազրոյցը կը փափաքիմ եզրափակել «Գուշակի երգը»ի կրկներգով.
Հէյ ճանըմ ճանըմ, հէյ հանըմ հանըմ
Սուտ է, պարապ խօսք է եւ կատակ
Կ՚անցնի ցաւը ճանըմ ճանըմ
Վերջն է լաւը հանըմ հանըմ
Այս գաւաթին շատ մի՛ հաւատար…
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ