ԵՐԱՆԵԼԻ ԿԵԱՆՔ ՈՒ ՄԱՆԿՈՒԹԻՒՆ. ԼԻԺԻ ՓՈՒԼՃՈՒ ՉԻԶՄԵՃԵԱՆ
Օրերս պատիւն ունեցայ հիւրընկալուելու եւ հաճելի ու տպաւորիչ զրոյցի բռնուելու պոլսահայ համայնքի երիցագոյն մտաւորականներէն՝ 94-ամեայ գրող Լիժի Փուլճու Չիզմեճեանին հետ։
Անյագուրդ կը կարդամ Տիկին Լիժիի «Իսթանպուլի մէջ կորստեալ ժամանակներ» գիրքի երկրորդ հատորը, զոր ընթերցողը կը հրապուրէ իւր ինքնատիպ, անմիջական ու ջերմ ոճով։ Կը հիանամ այն նախանձագին սիրով, զոր հեղինակը կը տածէ կեանքի հանդէպ։ Գիրքի բոլոր հերոսները դրական ու բարի կերպարներ են։ Անոր կեանքը նման է երազի, հէքեաթի։ Ամէն մէկ տողը լի է ջերմութեամբ, լի է կեանքով։ Կարծես թէ հեղինակը իր ապրած երկարատեւ կեանքի փորձով դիմացինին կը սորվեցնէ սիրել կեանքը՝ իւր բոլոր երանգներով։ Վստահ եմ, թէ համայն աշխարհի մարդկութիւնը կը փափաքէր ապրիլ մեծանուն տիկնոջ հէքեաթային կեանքով։ Նոյնիսկ մեծն Թումանեանը ժամանակին երազած էր նման միջավայրի մասին, որ ակներեւ է Ամենայն հայոց բանաստեղծի ստորեւ ներկայացուած քառեակին մէջ.
Լինէր հեռու մի անկիւն,
Լինէր մանկան արդար քուն,
Երազի մէջ երջանիկ
Հաշտ ու խաղաղ մարդկութիւն։
Ֆրանսահայ մեծանուն աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի հասակակից պոլսահայ մտաւորականը ծնած է 1924 թուականի դեկտեմբերի 5-ին Իսթանպուլ, բարեկեցիկ ընտանիքի մը մէջ։ Հայրը բնիկ պոլսեցի էր, մասնագիտութեամբ՝ նկարիչ, իսկ մայրը՝ Պուրսայէն, քանզի 20-րդ դարու սկիզբներուն ընդունուած չէր կանանց աշխատիլը, ուստի Տիկին Լիժիի մայրը նոյնպէս անմասն չմնաց այս հոսանքէն։ Աստուածատուր գեղեցկութեամբ օժտուած գրողի մայրը տանտիկին էր։
Տիկին Լիժի Չիզմեճեան նախնական կրթութիւնը ստացած է Նոթրը Տամ տը Սիոն ֆրանսական լիսէին մէջ։ Այնուհետեւ՝ Իսթանպուլի համալսարանի գրականութեան ֆաքիւլթէէն ներս ուսանած է անգլիական գրականութիւն։ Նոյն համալսարանի գրականութեան բաժինն ալ աւարտած է եւ Փրոֆ. Ռիռի Քեմալոֆի առաջարկով թեզ մը պատրաստած է իր համակրելի ֆրանսացի մեծանուն գրող՝ Մարսել Փրուստի գրականութեան վրայ։ Նոթրը Տամ տը Սիոն լիսէին մէջ դասաւանդած է անգլերէն։ 1950-ականներու երկրորդ կէսին կրթաթոշակով մեկնած է Փարիզ, ուր տոքթորան ըրած է ֆրանսական գրականութեան ճիւղին մէջ՝ մասնագիտանալով Մարսել Փրուստի վրայ։ Այդ կրթաթոշակը տրամադրուած է Ֆրանսայի Գիտական ուսումնասիրութիւններու ազգային կեդրոնին կողմէ։ 1970-ականներու սկիզբին կրկին վերադարձած է Նոթրը Տամ տը Սիոն, ուր տասն տարի այս անգամ դասաւանդած է ֆրանսերէն։
Այսօր երեց սերունդի ազնուազարմ կրթական մշակը միայնակ կը բնակի Նիշանթաշըի գողտիկ ու լայնարձակ պողոտաներէն մէկուն մէջ, ուր սիրասուն տիկինն ալ սիրով զիս ընդունեց իւր երդիքին տակ ու բարեհամբոյր պատասխանեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի հարցումներուն։
-Տիկին Լիժի ձեր ընտանիքին մէջ ստեղծագործողներ կա՞ն։
-Մեր ընտանիքին մէջ գրողներ չկան, որպէս այդպիսին ես միակն եմ, սակայն արուեստասէր ընտանիք մը ունէի։ Հայրս նկարիչ էր, շատ գեղեցիկ կը գծէր։ Մեծ մասամբ ան պարզ մատիտով կ՚արարէր իր արուեստի գործերը։ Ծնողքիս միակ զաւակը չեմ, քոյր մըն ալ ունէի՝ Իրմա-Սոֆի, որ վաղուց աչքերը փակած է կեանքին, ան նոյնպէս գեղեցիկ կտաւներ կը գծէր։
-Քանի՞ լեզուի կը տիրապետէք։
-Թրքերէն, ֆրանսերէն ու անգլերէն։ Մեծ ափսոսանքով ու ամօթով պէտք է նշեմ, որ թէպէտ հայ եմ, սակայն՝ աւա՜ղ, հայերէն չեմ գիտեր։ Պայմաններու բերումով առիթն չունեցայ մայրենին սերտելու, ինչ որ այսօր կ՚ընկալեմ որպէս մեծ բացթողում։
-Ե՞րբ սկսաք ստեղծագործել եւ ինչի՞ մասին էր այն։
-Առաջին գրական փորձս, ստեղծագործութիւնս՝ «Իսթանպուլի մէջ կորստեալ ժամանակներ» գիրքն է։ Ան ունի շատ հետաքրքրական ծագում մը։
1992 թուականին իմ դստեր երանելի մանկութիւնս պատմելու մտայնութեամբ, յանձն առի ֆրանսերէն լեզուով ինքնակենսագրութիւնս գրել։ Այնուհետեւ՝ 2006 թուականին փառաշուք տօնուեցաւ Նոթրը Տամ տը Սիոնի 150-ամեակը։ Կրթական համալիրի յոբելեանի կապակցութեամբ, քանի որ ես հարազատ կրթօճախիս մէջ թէ՛ ուսանած, թէ դասաւանդած եմ, քովս ուղարկեցին երիտասարդուհի մը, որ Տամ տը Սիոնի մասին գիրք կը գրէր։ Յուշերս ու տպաւորութիւններս երիտասարդուհիին հետ կիսուելէ ետք՝ անոր հարցուցի. «Վստահ եմ, որ դուք ֆրանսերէն գիտէք, նայեցէ՛ք, ես դստերս համար այս թղթակոյտին յանձնած եմ մանկութեանս պատմութիւնը։ Եթէ փափաքիք, կրնաք ընթերցել»։ Երիտասարդուհին զայն կարդաց, բաւականին տպաւորուեցաւ եւ ամենայն անկեղծութեամբ ինծի հարցուց, թէ ինչո՞ւ սա հրաշալի պատմութիւնը թրքերէնի չեմ թարգմաներ։ Ես ալ անկեղծ պատասխանեցի, թէ չեմ կրնար թարգմանել, սակայն կրնամ նոյնը թրքերէնով ալ գրել։ Նստայ, թրքերէնով գրեցի եւ զայն յանձնեցի երիտասարդուհիին։
Տարի մը անց, հեռաձայնս հնչեց, ընկալուչը վերցուցի եւ անծանօթ ձայն մը ըսաւ. «Տիկին Լիժի ձեզի աւետիս մը ունիմ։ Ես İş bankası-ի համար մասնաւոր թարգմանութիւններ կ՚ընեմ։ Ձեր գրութիւնը անոնց ալ ցոյց տուի, շատ հաւնեցան, այժմ ալ ձեր թոյլտուութեամբ կը փափաքին զայն գիրքի վերածել»։ Ես եւս նման բարի ու անսպասելի լուրով շատ ուրախացայ։ Ահաւասի՛կ, այսպիսի ճանապարհով երեւան եկաւ առաջին գիրքս, թէ ոչ ես երբեւէ գիրք գրելու մտայնութիւն չունէի։ Ընթերցողը շատ հաւնեցաւ գիրքը, պահանջարկը այնքան շատ էր, որ գիրքի առաջին հատորը վեց անգամ վերահրատարակուեցաւ։ Այնուհետեւ յանձն առի գրել գիրքին երկրորդ հատորը, ուր կը պատմեմ Նոթրը Տամ տը Սիոնի շրջանաւարտութենէս մինչեւ վերջին ժամանակները։ «Իսթանպուլի մէջ կորստեալ ժամանակներ» գիրքիս երկրորդ հատորը նուիրած եմ սիրելի կրթօճախիս ուսուցչական անձնակազմի յիշատակին։
-Ինչպէ՞ս ընտրեցիք գիրքի խորագիրը։
-Խորագիրը գիրքի խմբագիրը գտած է։ Ես տոքթորականս ֆրանսական գրականութեան ճիւղին մէջ ըրած էի, մասնագիտանալով Մարսել Փրուստի վրայ։ Մարսել Փրուստն ալ իր համանուն գիրքին մէջ կորսուած ժամանակները կը փնտռէր։ Խմբագիրն ալ առաջարկեց գիրքս «Իսթանպուլի մէջ կորստեալ ժամանակներ» խորագրել, ես ալ սիրով ընդունեցի։
-Արդեօք կա՞ն այնպիսի նիւթեր, որոնք դուք երբեւէ ձեր ստեղծագործութիւններուն մէջ չէք արծարծեր։
-Ո՛չ, նման նիւթեր չկան։
-Տիկին Լիժի, ո՞րն է ձեր ամենէն սիրելի գրողը եւ ստեղծագործութիւնը։
-Ֆրանսական գրականութեան կարկառուն դէմքերէն՝ Մարսել Փրուստը, իսկ ստեղծագործութիւնը՝ Մարսել Փրուստի «Կորսուած ժամանակներու ետեւէն» գիրքը։
-Ձեր թոյլտուութեամբ քիչ մըն ալ խօսինք ձեր անձնական կեանքէն։ Ե՞րբ եւ որո՞ւ հետ ամուսնացաք։
-1955 թուականին ամուսնացայ։ Ամուսինս՝ Ժագը ասպարէզ մը չունէր, առեւտուրով կը զբաղէր ու հիանալի դաշնակ կը նուագէր։
-Զաւակներ, թոռներ ունի՞ք։
-Ունիմ մէկ աղջիկ եւ երեք թոռ։ Աղջիկս՝ Տէօնիզը ծնած է 1964 թուականին։ Ներկայիս հանդերձ ընտանեօք Միացեալ Նահանգներ, Լոս Անճելըս կը բնակին։ Համալսարանի մը մէջ տարրաբանութեան փրոֆեսէօր է։ Ամուսինը՝ Արթոն եւս նոյն ասպարէզը ունի։ Արթոն մարդկային բարձր յատկանիշներով օժտուած մեծանուն անհատականութիւն մըն է։ Երեք մանչ զաւակ ունին։ Աւագը՝ Ֆրետի Արամը 24 տարեկան է, տնտեսագիտութեան ճիւղին վրայ տոքթորա կ՚ընէ։ Միջնեկը՝ Նիքըլըսը 21 տարեկան է, իրաւաբանութիւն կ՚ուսանի։ Կրտսերը՝ Տէօնիս Արեւ տակաւին դպրոցական է՝ 14 տարեկան, սքանչելի ֆլիւթ կը նուագէ նուագախումբերու մէջ։ Ի դէպ, հարկ է նշել, որ աղջկանս երկու զաւակները՝ Ֆրետի Արամը եւ Նիքըլըսը Լոս Անճելըսի մէջ հայկական վարժարաններ ուսանած են, մէկ-երկու անգամ Հայաստան այցելած են, իսկ կըրտ-սերը՝ Տէօնիսը ամերիկեան վարժարան կը յաճախէ։ Աղջիկս տարին երեք անգամ զիս տեսնելու կու գայ. կ՚ըսէ մայրիկ.- եթէ դուն չըլլայիր, տարին անգամ մը կու գայի. քեզի համար կու գամ։ Նախապէս, երբեմն ես ալ անոնց կ՚այցելէի։
-Ո՞րն է ձեր դստեր տուած ամենէն մեծ խրատը։
-Ազնիւ եւ ճշմարիտ եղի՛ր քու ապրած կեանքին ընթացքին։
-Ի՞նչ է կեանքը, ո՞րն է կեանքին իմաստը։
-Ըստ իս, կեանքը ամենէն գեղեցիկ բանն է. եթէ անհատ մը առողջ է, որեւէ հիւանդութիւն կամ առողջական հարց չունի, պարտաւորուած է, կ՚արժէ, որ զայն լեցուն ու իմաստալից ապրի։
-Գո՞հ էք ձեր ապրած կեանքէն։
-Անշուշտ գոհ եմ։ Գրեթէ դար մը երանելի ու հէքեաթային կեանք ապրած եմ ու տակաւին կը շարունակեմ ապրիլ։ Միշտ լաւ մարդոց հետ շփում ունեցած եմ։
-Ո՞րն է ձեր կեան-քի յիշարժան ժամանակաշրջանը։
-Սարըեէր թաղամասին մէջ ապրած մանկութիւնս, երբ հայրս տակաւին հրաժեշտ չէր տուած կեանքին։ Այնտեղ շատ գեղեցիկ ու անմոռանալի օրեր ապրած ենք։ Առտուները կ՚արթննայինք, պարտէզ կ՚ելլէինք մեր ձեռքերով բանջարեղէն կը հաւաքէինք։ Այնուհետեւ մեր փողոցի վաճառողներէն թարմ «քեաղըթ հելւա» կը գնէինք։ Վաճառողները այլեւս կը ճանչնային մեզ ու մեզի համար կը պատրաստէին առատ միջուկով լեցուն «քեաղըթ հելւա»։ Նոյնիսկ ամենէն վատ եղանակային պայմաններուն՝ հանդերձ ընտանեօք կը պտըտէինք։ Պտըտիլը մեր ընտանիքի սիրելի զբաղումն էր։
-Ո՞վ է Լիժի Չիզմեճեանը, քանի մը բառով ինչպէ՞ս կը բացատրէք։
-Երանելի մանկութիւն ու կեանք ապրած, յառաջատար կրթական համալիրներու մէջ բարձրագոյն ուսում ստացած, կեանքին սիրահար, կեանքի ամէն մէկ վայրկեանը իմաստալից ապրող ու վայելող կին մը։
Մեր հետաքրքրական ու բազմաբովանդակ զրոյցի ընթացքին Տիկին Լիժին վըշ-տաբեկ շեշտեց, որ իւր ապրած պատկառելի կեանքին մէջ մեծ ցաւ մը ապրած է՝ իր հօր կորուստը։ Մայրը այլեւս չկրցաւ համակերպուիլ ցաւին եւ զաւակները առնելով մէկընդմիշտ հեռացաւ երբեմնի շէն օճախէն։ Իրենք տեղափոխուելով ուրիշ յարկաբաժին մը՝ Սարըեէրի առանձնատունը վարձու տուին։ Լիժի Չիզմեճեան այսուհետ երբեւէ ոտք չկրցաւ դնել հայրական օճախէն ներս։ Երկար տարիներ վերջ զայն վաճառեցին։
-Կը սիրէ՞ք երազել, ո՞րն է ձեր մեծագոյն երազը։
-Երազել չեմ սիրեր, քանզի երազները՝ ըստ իս, ունակ չեն իրականանալու։ Երբեւէ երազ չէի ունեցած։
-Տիկին Լիժի, դուք լաւատես անհատ մըն է՞ք։
-Այո՛, ամբողջ կեանքիս ընթացքին լաւատես եղած եմ, քանզի կեանքը շատ կը սիրեմ։
-Ո՞րն է ձեր սիրելի եղանակը։
-Գարունն է, քանզի բնութիւնը կ՚արթննայ ձմրան խոր քունէն։ Գարունը նոր շունչ, նոր իմաստ կը հաղորդէ կեանքին։
-Ձեր տարեդարձը տօնել կը սիրէ՞ք։
-Տարեդարձս տօնել շատ կը սիրեմ եւ ամէն տարի ալ կը տօնեմ։
-Տիկին Լիժի որո՞նք են ձեր նախընտրած տօները։
-Ընդհանրապէս տօները շատ կը սիրեմ, սակայն Ս. Ծնունդը եւ Զատիկը, ինչպէս իւրաքանչիւր քրիստոնեայի համար, ինծի համար եւս մասնաւոր տեղ կը զբաղեցնեն։ Գրեթէ ամէն տարի ընտանիքս ու մտերիմ ազգականներս կը բոլորուինք իմ յարկիս տակ։ Ս. Ծնունդի գիշերը միասնաբար սեղան կը նստինք։ Սակայն այս տարի բացառութիւն եղած էր, քանզի փոքր զարմուհիիս երդիքին տակ մանկան բարեբաստիկ ճիչը հնչեց, անոնք չկրցան ինծի գալ, փոխարէնը մենք անոնց գացինք։
Զատիկը մեծ մասամբ միայնակ կը տօնեմ։ Միանշանակ հաւկիթ կը ներկեմ ու մտերիմներուս կը բաժնեմ։ Նոթրը Տամ տը Սիոնին քովի Սեն թ՚Էսփրի եկեղեցին կ՚երթամ։ Սակայն այս տարի աղջիկս Զատիկին պիտի միանայ ինծի, որուն համար շատ ուրախ եմ։ Սիրասուն դստերս հետ միասնաբար պիտի տօնենք Զատիկը։ Իսկ ամրան՝ հանդերձ ընտանեօք պիտի գան ու կղզիի մեր ամարանոցը՝ աղջկանս ու թոռներուս հետ անմոռանալի արձակուրդ մը պիտի անցընեմ։
-Ի՞նչ է երջանկութիւնը. դուք երջանիկ մէկն է՞ք։
-Երջանկութիւն՝ նախեւառաջ ըսել է առողջ ըլլալ, սիրելի մարդոցմով շրջապատուած ըլլալ։ Ես երջանիկ անձ մըն եմ։ Երջանկութիւնը քիչ մըն ալ մարդու բնաւորութենէ կախեալ բան մըն է։ Կարգ մը մարդիկ ոչ մէկ բանէ երջանիկ կ՚ըլլան։ Ես լաւատես անհատ մըն եմ, նոյնիսկ չնչին թուացող բանէ մը երջանիկ կ՚ըլլամ։
-Ի՞նչեր են ձեր կեանքի մեծագոյն ձեռքբերումն ու բացթողումը։
-Մեծագոյն ձեռքբերումս տոքթորա ընելս է, իսկ բացթողումս՝ կրնամ ըսել, թէ չունիմ։
-Այսօր ամենէ՞ն շատ զո՞վ կը կարօտնաք։
-Դուստրս կը կարօտնամ։
-Վախեր ունի՞ք, ինչէ՞ն կը վախնաք։
-Բնաւ վախ չունիմ, երբեք ալ չեմ ունեցած։
-Կա՞յ իրադարձութիւն մը, որ լիովին փոխեց ձեր կեանքը։
-Դստերս ծնունդը։
-Երկու կախարդական փայտիկ ունիք, մէկը ձերինն է, միւսը որո՞ւն կը փափաքէիք տալ։
-Ինծի պէս տեղաշարժուելու դժուարութիւն ունեցող ընկերուհի մը ունիմ՝ Մարգրիտը, անոր կու տայի։
-Ամբողջացուցէ՛ք միտքը. կեանքը ինծի համար անիմաստ կ՚ըլլար, եթէ…
-Կեանքը ինծի համար անիմաստ կ՚ըլլար, եթէ ուսում ստացած չըլլայի, եթէ սիրելի ամուսինիս հետ չամուսնանայի, եթէ աղջիկս չծնէր։
-Տիկին Լիժի, երբեւէ Հայաստան այցելած է՞ք։
-Դժբախտաբար ո՛չ, սակայն շատ կը փափաքէի։ Եթէ նոյնիսկ այցելէի, պիտի չկարողանայի հայերէն խօսիլ։ Գիտէ՛ք, եթէ հայրս մահացած չըլլար, անպայման մեզ հայկական վարժարան՝ Արամեան կը ղրկէր։ Մայրս պուրսացի էր, ինչպէս յայտնի է, պուրսայի հայերը հայերէն չէին գիտեր։
Բաց աստի, երբ հայրս մահացաւ, մայրս վերյիշելով իր անցած ուղին, զիս ու քոյրս առանց վարանելու ֆրանսական վարժարան՝ Նոթրը Տամ տը Սիոն արձանագրեց։ Մայրս կը պատմէր, թէ պատերազմի պատճառաւ Պուրսայէն Պոլիս տեղափոխուած ատեն իր կեանքը բնականոն հունով մը ընթացաւ, շնորհիւ ֆրանսերէնին։ Ան կ՚ըսէր. «Վարժարանի մը մէջ որպէս առաջին դասարանի ֆրանսերէնի ուսուցչուհի աշխատեցայ, գիշերակացով ատեն մըն ալ վարժարանին մէջ կը բնակէի։ Պուրսայէն ինծի հետ եկողները մեծ մասամբ տան մաքրութեան գործեր կ՚ընէին։ Եթէ ես աղախին մը ըլլայի, ձեր հայրիկին պիտի կարենայի հանդիպի՞լ, ան ինծի հետ պիտի ամուսնանա՞ր։ Անշուշտ ո՛չ»։
-Ո՞վ է ձեր սիրելի մեծ հայը։
-Շարլ Ազնաւուրը։
Այսպիսին է ան. խելացի, նրբանկատ, անկեղծ ու անմիջական՝ Լիժի Փուլճու Չիզմեճեան։
ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ