ՃԵՄ ԷՕԶԷՐԻ ԵՒ ԼԵՏԱ ՊՈՅԱՃԸԻ ՋԵՐՄ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ

Գրող Լետա Պոյաճըի գիրքերը կը շարունակեն ուշադրութեան առարկայ դառնալ։ Ան ցայսօր հեղինակած երկու գործերով արդէն ունի համակիրներու անանտեսելի շրջանակ մը։ Լետա Պոյաճը շաբաթավերջին հանդիպում մը ունեցաւ հեռուստածրագրերու յայտնի հեղինակ Ճեմ Էօզէրի հետ։ Ընկերային ցանցերու վրայ անոնք շուրջ չորս տարիէ ի վեր կապ ունէին իրարու հետ ու որոշած են այդ յարաբերութիւնը ուղղակի ծանօթութեան մը վերածել։ Ջերմ մթնոլորտի մը մէջ անցած հանդիպման ընթացքին Լետա Պոյաճը Ճեմ Էօզէրին նուիրած է մակագրուած գիրքերը։ Ճեմ Էօզէրն ալ պատմած է իր մօր՝ Արշալոյս Իչլիթոփի եւ Գնալը կղզիի մէջ անցած վաղ երիտասարդութեան տարիներուն մասին։

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 11, 2021