ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՍՈՒՐԲ ԵԿԵՂԵՑԵԱՑ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՅԵՏԱՁԳԵԱԼ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՆՈՐ ԸՆՏՐԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆԸ ԿԱԶՄՈՒԵՑԱՒ

Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի յետաձգեալ ընտրութեան կազմակերպման համար երէկ տեղի ունեցաւ շատ կարեւոր իրադարձութիւն մը, որ լայն արձագանգ գտաւ թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս։ Այսպէս, Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան տեղին ներգործութեամբ յետաձգուած ընտրութիւններէն վերջ, այդ նոյն պետական կառոյցի տնօրինութեամբ, երէկուան դրութեամբ պաշտօնի կոչուեցաւ նոր ընտրական մարմին մը։ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան Իսթանպուլի Ա. շրջանի բաժանմունքի ղեկավարութեան միջոցաւ, երէկ ժամը շուրջ 16.30-ին պաշտօնապէս տեղեկացուեցաւ 7 հոգիէ բաղկացեալ ընտրական մարմնին կազմը։ Այդ 7 անդամներէն երկուքը պահեստի է։ Կազմին գլուխը կը գտնուի Խաչիկ Սարըլը։ Լիիրաւ անդամներն են՝ Արթուն Թեքիրօղլու, իրաւաբան Տալիտա Եոնթան, Շանթ Չաքմաքճը եւ Կարէն Չեթինքայա։ Պահեստի անդամներն են իրաւաբան Սարօ Պենկլեան եւ Գարուն Գովան։

Այս առաւօտ հեռախօսազրոյց մը ունեցանք Խաչիկ Սարըլըի հետ, որ մեզի տեղեկացուց, որ նորակազմ ընտրական մարմինը այսօր իր առաջին ժողովը կը գումարէ Ֆէրիգիւղի մէջ։ «Պաշտօնի կոչուելէ վերջ, թէեւ տակաւին մեր առաջին ժողովը չենք գումարած, սակայն առաջին իսկ պահէն խտացեալ կապի մէջ ենք մեր ընկերներուն հետ։ Ընտրական մարմինը մտադիր չէ ժամանակ կորսնցնելու, գործընթացը երկարաձգելու։ Այժմու իմ անձնական կանխատեսումներով՝ այս ընտրութիւնը կարելի է կազմակերպել շուրջ 45 օրուան ընթացքին։ Այսինքն, Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ընտրութիւնը տեղի կրնայ ունենալ փետրուարի վերջաւորութեան», ըսաւ Խաչիկ Սարըլը մեզի հետ զրուցելու ընթացքին։

Բաց աստի, Խաչիկ Սարըլը նշեց, որ նորանշանակ ընտրական մարմինը տակաւին կարելիութիւն չէ ունեցած որեւէ ձեւով շփուելու Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի ատենապետ իրաւաբան Սիմոն Չեքէմի հետ։

Մինչ այդ, Խաչիկ Սարըլը եւ ընկերները կը նախատեսեն այս օրերուն իսկ քաղաքավարական այցելութիւն մը տալ Վաքըֆներու Իսթանպուլի Ա. շրջանի մասնաճիւղի տնօրէնութեան։

Հարկ է յիշեցնել, որ Պէյօղլուի ընտրութիւնը նախատեսուած էր անցեալ դեկտեմբերի 25-ին։ Թաղային խորհուրդին կողմէ ձեւաւորուած առանձին ընտրական մարմինը կազմակերպչական գործընթացը յառաջ տարած էր բաւական վիճելի ձեւով։ Արդարեւ, Իսթանպուլի Բ. ընտրաշրջանի հայահոծ թաղերուն մէջ քուէատուփ պիտի չզետեղուէր։ Բաց աստի, ընտրական մարմինը չէր թոյլատրած թեկնածուական ցուցակներու ներկայացումը եւ բազմապատիկ ցանկէ մը անհատական սկզբունքով թեկնածութեան ձեւը որդեգրած էր, ինչ որ ընտրողներուն տեսակէտէ մեծ դժուարութիւն պիտի յառաջացնէր եւ գործնականութենէ հեռու ըլլալու բերումով՝ ընտրութեան մասնակցութեան համեմատութիւնն ալ պիտի նուազեցնէր։ Այդ կարգադրութիւններով խորացած փակուղիի պայմաններուն ներքեւ ընտրական մարմինը հրաժարեցաւ եւ այդ փուլին տեղեկացուց նաեւ, որ առցանց ենթակառուցուածքն ալ գործարկելու պատրաստութիւն չէր տարած։ Այժմ կը նախատեսուի, որ այս բոլոր փորձառութիւններուն հիման վրայ նորանշանակ ընտրական մարմինը յառաջիկայ շրջանին կատարէ պատշաճ տնօրինութիւններ։

Հինգշաբթի, Յունուար 12, 2023