ՆՈՐ ԳԻՐՔԻ ՅԱՆՁՆՈՒՄ
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ հիւրընկալեց Սուրբգրոց ընկերութեան Թուրքիոյ մասնաճիւղի տնօրէնուհի Թամար Գարասուն։ Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Տ. Զաքէոս Ծայրագոյն Վարդապետ Օհանեան։ Տեսակցութեան ընթացքին Թամար Գարասու Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր յանձնեց «Քրիստոնէական հիմնական սկզբունքներ» նորատիպ գիրքէն օրինակ մը։
Սոյն հատորը Թուրքիոյ եկեղեցիներու համատեղ յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ լոյս տեսած է։ Նորին Ամենապատուութիւնը խմբագրման աշխատանքներուն մէջ մեծ ներդրում ունեցած է՝ տակաւին եպիսկոպոս եղած շրջանին։ Այս գործը նախապէս հրատարակուած էր թրքերէնով եւ անգլերէնով։ Հայերէն տարբերակն ալ հրատարակութեան պատրաստուած էր Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր հրամանով։
Զրոյցի աւարտին Նորին Ամենապատուութիւնը գնահատեց Սուրբգրոց ընկերութեան Թուրքիոյ մասնաճիւղի աշխատակազմը եւ իր օրհնութիւնը տուաւ տնօրէնուհի Թամար Գարասուին՝ մաղթելով ապագայ յաջողութիւններ։
Թրքահայ կեանք
- 11/30/2024