ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ «ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ» ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ ընդունեց Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի պատասխանատուները։ Զրոյցի ընթացքին դպրոցի ներկայացուցիչները տեղեկացուցին, որ աշակերտութեան թիւը այս տարի 120 հոգի կը կազմէ։ Անոնք տեղեկութիւններ տուին դպրոցի տարեկան պիւտճէին շուրջ եւ խնդրանք ներկայացուցին, որպէսզի «Հրանդ Տինք» վարժարանին ի նպաստ եւս կարելի ըլլայ սիրոյ սեղան մը կազմակերպել։

Ընդհանուր փոխանորդը շնորհակալութիւն յայտնեց փոխանցուած տեղեկութիւններուն համար եւ զրոյցի աւարտին դպրոցի պատասխանատուներուն տուաւ իր օրհնութիւնը եւ յղեց յաջողութեան բարեմաղթանքներ։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 21, 2018