ՈՍԿԻ ԱՇՆԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԽՐԱԽՃԱՆՔ
Երէկ, Ոսկի աշնան աւանդական խրախճանքը տեղի ունեցաւ Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի պարտէզին մէջ։ Կեդրոնական սանուց միութեան վարչութեան ատենապետ Գէորգ Սիմքէշեանի կողմէ գլխաւորուած միջմիութենական յանձնախումբը կազմակերպած էր այս տարուան խրախճանքը, որ անցաւ խանդավառ մթնոլորտի մը մէջ։ Մեր համայնքէն բազմաթիւ երիտասարդներ, սանուց միութիւններու կամ այլ ակումբներու ներկայացուցիչներ տօնական մթնոլորտի մը մէջ համախմբուեցան՝ ըմբոշխնելով ձմեռնամուտին բացօթեայ միջավայրի մէջ իրարու հետ քաղցր զրոյցը։ Խրախճանքին մասնակիցները երգեցին, պարեցին եւ համտեսեցին կրակարանի վրայ պատրաստուած աւանդական ուտեստեղէնները։
Մինչեւ երեկոյեան ժամերը շարունակուեցաւ խրախճանքին ծրագիրը, որու աւարտին բոլորը բարձր տրամադրութիւնով հրաժեշտ առին՝ յաջորդ տարի զիրար դարձեալ վերագտնելու մաղթանքով։