ԱՐԺԱՆԱՊԱՏԻՒ ԽԱՂԱՂՈՒԹԻՒՆ

Մեր համայնքի համակրելի մեներգչուհիներէն Սիպիլ հարցազրոյց մը տուած է Երեւանի «Արեւելք» կայքէջին՝ խորհրդածութիւններ ընելով Թուրքիա-Հայաստան յարաբերութիւններու բնականոնացման գործընթացին շուրջ։ «Յատկապէս այս շրջաններուն բոլորս խաղաղութեան կարիքը ունինք, որովհետեւ աշխարհի վրայ խաղաղութենէն աւելի լաւ բան չկայ», ըսած է ան։

Հայ-թրքական յարաբերութիւններու պարագան, Սիպիլի խօսքով, պէտք է տարբերակել 44-օրեայ պատերազմի նախորդած եւ յաջորդած պայմաններուն տեսակէտէ։ Ըստ Սիպիլի, բոլորի միակ ու գերագոյն նպատակը խաղաղութիւնն է։ «Բայց եւ այնպէս, խաղաղութիւնը պէտք չէ ըլլայ մակերեսային, այլեւ իսկական խաղաղութիւն մը պէտք է հաստատուի եւ երբեք պէտք չէ վնաս հասցնէ հայու արժանապատուութեան», նշած է ան։

Երեքշաբթի, Յունուար 25, 2022