ԷՐՈԼ ՍԱՐԱՖԵԱՆԻ ՎԻԹԽԱՐԻ ՎԱՍՏԱԿԸ ԿԸ ՊԱՅՄԱՆԱՒՈՐԷ ԹՐՔԱՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՆՈՐ ՇՐՋԱՆԻ ՅԻՇՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եւ Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցիներու վերջին վերանորոգութիւնները առիթ հանդիսացած են, որպէսզի համայնքային շրջանակները վերաթարմացնեն իրենց խոր երախտագիտութեան զգացումները՝ յայտնի նկարիչ ու քանդակագործ Էրոլ Սարաֆեանի նկատմամբ։ Թէեւ այս երկու եկեղեցիներու սրբանկարներուն վրայ տարած աշխատանքն ու ցուցաբերած խնամքը բարձր գնահատանքի արժանացած է, սակայն, բոլորը քաջ տեղեակ են, որ Էրոլ Սարաֆեանի գործունէութեան նշանակութիւնը այդքանով սահմանափակուած չէ։ Արդարեւ, նախ եւ առաջ, անոր գործունէութիւնը տարածուած է տասնամեակներու վրայ։ Այդ հետեւողականութիւնը ինքնին Էրոլ Սարաֆեանը դարձուցած է պատմութեան սեփականութիւնը։ Յետոյ, ինք այդ ամբողջ ծառայութիւնը մատուցած է անշահախնդիր, ինչ որ վկայութիւնն է հարազատ համայնքին նկատմամբ վերաբերեալ զգայնութիւններուն։ Էրոլ Սարաֆեան ցայսօր ո՛չ միայն սրբանկարներ խնամած է, այլեւ պատրաստած է իր ժամանակակիցներու դիմանկարները եւ մեր մշակութային-ընկերային կեանքի վառ անհատականութիւններու կիսանդրիները կամ արձանները։ Այդ բոլորը ունին կոթողային նշանակութիւն եւ Էրոլ Սարաֆեանը այնպիսի դիրքը մը հասցուցած են, որ անոր ներդրումը ուղղակիօրէն կը պայմանաւորէ թրքահայութեան արդի տարեգրութիւնները։
Այս առթիւ հերթական անգամ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք Էրոլ Սարաֆեանը, որ մեր երէց սերունդի արուեստագէտներու շարքին կ՚առանձնանայ համայնքային ապրումներու մէջ։ Միեւնոյն ժամանակ, Էրոլ Սարաֆեան ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ընտանիքի վաղեմի բարեկամն է, իրեն կը մաղթենք արեւշատութիւն։
Թրքահայ կեանք
- 11/30/2024