ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՄԲ ՄՐՑԱՇԱՐՔԵՐ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՄԷՋ
Շիշլի մարզակումբի վարչութեան նախաձեռնութեամբ վերջերս երկու մրցաշարքեր կազմակերպուեցան Գնալը կղզիի մէջ։ Այդ մրցաշարքերէն մին ձօնուած էր ակումբի նորոգ հանգուցեալ պատուոյ նախագահ Ղազարոս Ունանի յիշատակին։ Լուսահոգի Ղազարոս Ունանի ոգեկոչման համար շիշլիցիները կազմակերպեցին ֆութսալի մրցաշարք մը։ Ութ խումբի մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ այս մրցաշարքը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ։ «Գնալը կղզիի պատուոյ բաժակ»ը պիտի նուաճէր այն խումբը, որ յաղթական դուրս պիտի գար այս մրցաշարքէն։ Արդիւնքին, բուռն մրցապայքարէ մը վերջ, այդ բաժակը նուաճեց «Պոլսահայ» ֆութսալի խումբը, որ հանդիսացաւ ախոյեանը։
Բաց աստի, Շիշլի մարզակումբի նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ նաեւ «Ալեքս Տաղլեան» ճատրակի մրցաշարքը, որ այս տարի կազմակերպուեցաւ հինգերորդ անգամ։ Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ տեղի ունեցաւ այս մրցաշարքը, որ առիթ հանդիսացաւ Շիշլի մարզակումբի վաղամեռիկ մարզիկի ոգեկոչման։ 5-40 տարեկան շուրջ 40 մարզիկ մասնակցութիւն բերաւ այս մրցաշարքին, որու աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխման հանդիսութիւն։ Դափնեկիրներուն յանձնուեցան բաժակներ եւ մետայլներ։ Մրցաշարքը տեղի ունեցաւ երկու դասաւորումներու մէջ։ Մէկ կողմէ վարպետներու խմբաւորման մէջ յառաջ տարուեցաւ մրցակցութիւն մը, իսկ միւս կողմէ՝ բաց ձեւաչափի մէջ տեղի ունեցան ճատրակի խաղեր։