ՊԱՏԱՆԻ ԴԱՇՆԱԿԱՀԱՐ ՊԱՐԷՏ ՉԱՂԼԸՉՈՒՊՈՒՔՃՈՒԻ ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՅԱՋՈՂՈՒԹԻՒՆԸ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի պատանի դաշնակահարներէն Պարէտ Չաղլըչուպուքճու վերջերս ողջունելի յաջողութիւն մը արձանագրած է։ Այսպէս, ան մասնակցած է Չուքուրօվայի համալսարանի Պետական երաժշտանոցին կողմէ կազմակերպուած Ատանայի Գ. միջազգային ռափսոտի դաշնակի մրցոյթին։ 13-16 տարեկաններու դասաւորման մէջ, 30 դաշնակահարներու շարքին ան մանսիոնի արժանի նկատուած է՝ ըլլալով մրցակցութեան մասնակիցներու շարքին տարիքով ամենափոքրը։ Դատակազմի մասնակից հեղինակաւոր մասնագէտները անուշադրութեան չեն մատնած Պարէտ Չաղլըչուպուքճուի ընդունակութիւններն ու յաջողութիւնը։ Մրցոյթը տեղի ունեցած է 1-5 փետրուարին։
Պարէտ Չաղլըչուպուքճու Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի աւարտական դասարանի սաներէն է։ 9 տարեկանէն ի վեր դաշնակի կրթութիւն կը ստանայ։ «Միմար Սինան» գեղարուեստից համալսարանի Պետական երաժշտանոցէն ներս կէս ժամանակով դաշնակի պատրաստութեան բաժինը աւարտած է անցեալ տարի։ Այժմ կը ծրագրէ լիսէի շրջանի ուսման համար լրիւ ժամանակով աշակերտել երաժշտանոցի դաշնակի բաժինը։ Պարէտ Չաղլըչուպուքճու որդին է համակրելի մեներգչուհի Մարալ Այվազի։
Թրքահայ կեանք
- 11/30/2024