ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՄՕՏԱԼՈՒՏ ՀԱՄԵՐԳ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ այս օրերուն Երեւան կ՚այցելեն մեր համայնքէն երկու արժէքաւոր արուեստագէտներ՝ մեներգիչ Արթիւր Պաղտասարեան (պարիթոն) եւ երգեհոնահար Էտվին Սրկ. Կալիպօղլու։ Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ յառաջիկայ օրերուն Երեւանի մէջ նախատեսուած է անոնց համերգը։ Արթիւր Պաղտասարեան եւ Էտվին Կալիպօղլու նախապէս ալ յաջող համերգներ սարքած էին Երեւանի մէջ՝ խոր տպաւորութիւն գործելով երաժշտասէրներուն վրայ։ Ի շարունակութիւն այդ յաջողութիւններուն եւ դրական արձագանգին՝ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութիւնը հերթական անգամ նախաձեռնած է անոնց համերգի կազմակերպման։ Ձեռնարկը նախատեսուած է յառաջիկայ շաբաթ, 12 սեպտեմբերին, Հայաստանի Երաժիշտներու միութեան համերգասրահին մէջ։ Արթիւր Պաղտասարեանի եւ Էտվին Կալիպօղլուի համերգի յայտագրին վրայ ընդգրկուած են հայ եւ օտար յօրինողներու գործեր։
Հարկ է նշել, որ այս համերգի ծախսերը դիմագրաւուած են Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենադպիր Մկրտիչ Սերթշիմշէքի կողմէ։ Համերգը ձօնուած է Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեայ յոբելեանին։