ԱՆՏԱՐԲԵՐՈՒԹԻՒՆ ՉԿԱՅ
Իսթանպուլի կուսակալութեան մէջ երէկ կարեւոր խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցաւ Թուրքիոյ ոչ-իսլամ փոքրամասնութիւններուն տեսակէտէ։ Այսպէս, փոքրամասնութեանց համայնքային վաքըֆներու ընտրութեան նոր կանոնադրութեան հրապարակումէն վերջ յառաջացած հարցերը մանրամասնօրէն քննարկուեցան, զուգահեռաբար բարձրաձայնուած առաջարկներով եւ ակնկալութիւններով հանդերձ։ Այս իրադարձութիւնը եկաւ ապացուցանել, որ պետական մարմիններուն մօտ անտարբերութիւն մը չկայ փոքրամասնութեանց առկայ խնդիրներուն եւ ակնկալութիւններուն նկատմամբ՝ մանաւանդ, որ շուտով լայնախարիսխ խորհրդակցութիւն մը կը նախատեսուի նաեւ Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլուի գլխաւորութեամբ։
Կուսակալութեան երէկուան հանդիպումին համար մայրաքաղաքէն Իսթանպուլ փութացած էին շարք մը բարձրաստիճան պաշտօնատարներ։ Նիստը գլխաւորեց Ներքին գործոց փոխ-նախարար Մեհմէտ Էրսոյ, որու կողքին էին Իսթանպուլի կուսակալ Ալի Եէրլիքայա, Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնի տեղակալ Ռիֆաթ Թիւրքէր, Ներքին գործոց նախարարութեան նահանգներու կառավարման բաժանմունքի պետ Սելչուք Ասլան, նախարարութենէն այլ պաշտօնատարներ, Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան Իսթանպուլի բոլոր շրջանային տնօրէնները եւ այլ պաշտօնատարներ։
Մեր համայնքին կողմէ այս կարեւոր խորհրդակցութեան հրաւիրուած էին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան եւ Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու, որ ի պաշտօնէ կը գլխաւորէ նաեւ Թրքահայ վաքըֆներու միութիւնը (ԹՎՄ-ERVAB)։
Յոյն համայնքին կողմէ ժողովին մասնակցեցան Վաքըֆներու խորհուրդին մօտ փոքրամասնութեանց նախկին ներկայացուցիչներէն Լաքի Վինկաս եւ Պալըքլըի յունաց հիւանդանոցի վարչական խորհուրդի ղեկավար Քոստաս Եուվանիտիս։ Թուրքիոյ հրեաներուն կողմէ նիստին մասնակցեցաւ համայնքի համանախագահ Էրոլ Քոհեն։ Ասորի համայնքը ներկայացուց Քենան Կիւրտալ։ Փոքրամասնութեանց միւս համայնքներու ներկայացուցիչներուն առընթեր կուսակալութեան ժողովին ներկայ գտնուեցան նաեւ Վաքըֆներու խորհուրդին մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Ճան Ուսթապաշը եւ ԱՔ կուսակցութեան կեդրոնական գործադիր մարմնի անդամներէն տքթ. Սեւան Սվաճըօղլու։
Համայնքային շրջանակները անմիջական ուշադրութեամբ հետեւեցան երէկուան հանդիպման վերաբերեալ իրադարձութիւններուն։ Ըստ մեր ստացած տեղեկութիւններուն, խորհրդակցութեան ընթացքին նշուած է, որ Իսթանպուլի Ա. ընտրաշրջանին մէջ հայ համայնքը ունի 3 հազար 752 ընտրող, Բ. ընտրաշրջանին մէջ՝ 17 հազար 403 ընտրող եւ Գ. ընտրաշրջանին մէջ՝ 12 հազար 335 ընտրող։ Ընդհանուր առմամբ կը տիրապետէ այն համոզումը, թէ պատկան մարմինները նկատած են, որ փոքրամասնական համայնքները նոր կանոնադրութենէն բխած դժուարութիւններ ունին եւ անոնք պէտք է հարթուին ընթացքին։
Ստորեւ կը ներկայացնենք երէկուան դռնփակ հանդիպումէն վերջ կարգ մը մասնակիցներու կողմէ մեզի տրուած բացատրութիւնները։
ՍՊԱՍԵՆՔ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ
Ն.Ա.Տ. ՍԱՀԱԿ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔ - Ընդհանուր առմամբ շատ գոհ ենք երէկուան հանդիպման համար, որ կազմակերպուած էր մեզ լսելու նպատակով։ Պաշտօնեաները մանրամասն նոթագրեցին մեր ըսածները։ Յառաջիկայ օրերուն ներքին գործոց նախարարին հետ կազմակերպուած հանդիպման վրայ մեծ յոյս դրած ենք։ Երէկուանը վերջնական որոշում մը առնելու ուղղեալ ժողով մը չէր։ Պարզ է, որ նոր կանոնադրութիւնը որոշ չափով պատրաստուած է աճապարանքով։ Հիմա յոյս ունինք, թէ կա՛մ նոր կարգադրութիւն մը պիտի ըլլայ եւ կամ գործադրութեան համար տնօրինութիւններ պիտի կատարուին։ Յայտնի է, որ պետութեան այժմու հետաքրքրութիւնը բարձր մակարդակով նախաձեռնութեան մը շարունակութիւնն է։ Մենք կ՚ուզենք, որ թեկնածուներու պարագային ընտրաշրջաններու սահմանափակում չըլլայ։ Օրինակ. յոյն համայնքը 1260 ընտրող ունի եւ պէտք է 300 թաղական ընտրէ։ Սա ինչպէ՞ս պիտի ըլլայ, եթէ թեկնածուներու պարագային ալ սահմանափակումներ ըլլան։ Ընդհանուր հարցերը պէտք է ուշագրաւ դիտարկել։ Եթէ շրջանային դրութիւն մը հաստատուած է, ապա իւրաքանչիւր ընտրաշրջանի համար հասարակաց ընտրացուցակներ պէտք է ըլլան։ Եթէ համապատասխան ընթացք որդեգրուի, ապա Օրթագիւղի նման յարակից բոլոր հարցերը ինքնաբերաբար կրնան լուծուիլ։ Մենք շնորհակալ ենք պարոն փոխ-նախարարին, որ համբերութեամբ մեզ լսեց։ Յոյս ունինք, թէ առկայ խնդիրներն ալ պիտի հարթուին։
«ԲԱՑԷ Ի ԲԱՑ ԸՍԻՆՔ»
ՊԵՏՐՈՍ ՇԻՐԻՆՕՂԼՈՒ - Ներքին գործոց նախարարին հետ նախատեսուած մեծ ժողովին նախորդեց երէկուան տեսակցութիւնը, որու ընթացքին բացատրեցինք մեր դժուարութիւնները։ Իմ տպաւորութիւնը այն է, որ թրքահայ վաքըֆներու պարագային պատկան իշխանութիւնները հակուած են հրապարակուած նոր կանոնադրութեան ոգիին ու տարրին հաւատարիմ մնալու։ Արդարեւ, մեր համայնքի ժողովրդագրական հարցերը միւս համայնքներուն նման չեն։ Մենք բոլոր ընտրաշրջաններուն մէջ բաւարար մարդուժ ունինք՝ թէ՛ բարձր ժողովրդականութեամբ վարչայիններ ընտրելու եւ թէ՛ իւրաքանչիւր ընտրաշրջանի բնակիչներու շարքերէն թեկնածուներ դուրս բերելու համար։ Տեսնենք յառաջիկայ իրադարձութիւնները ինչ ցոյց պիտի տան։ Ես կողմնակից չեմ, որ միայն քուէարկողներու համար շրջանային սահմանափակում ըլլայ եւ թեկնածուներուն համար չըլլայ։ Եթէ հաստատուած է շրջանային դրութիւն մը, ապա ամէն ինչ անոր համապատասխան պէտք է ընթանայ։ Ըստ երեւոյթին, միւս համայնքներու պարագային վերանայելու տեղ կայ, սակայն, կը կրկնեմ՝ մեր համայնքի պարագային այդ հակումը զգալի չէ։
Երէկուան խորհրդակցութեան ընթացքին մենք բացէ ի բաց օրակարգի վրայ բերինք Օրթագիւղի եւ Պէյօղլուի պարագային մեր համայնքէն ներս յառաջացած մեծ անհանգստութիւնները, որոնք դուռ կը բանան ինչ-ինչ խնդիրներու։
Մեր համայնքը ունի բաւարար բնակչութիւն՝ պատշաճ ընտրութիւն մը կազմակերպելու համար։
Հաւանականութիւն կայ, որ փոքրամասնութեանց ընտրութիւններուն համար նախատեսուած ժամկէտը ամիսով մը յետաձգուի, սակայն ոչ աւելի։ Ըստ երեւոյթին, պատկան իշխանութիւնները համոզուած են, թէ յաջորդ տարի երկրին մէջ նախատեսուած ընդհանուր ընտրութիւններէն առաջ այս գործընթացը պէտք է աւարտի։ Այլապէս, քաղաքական տարբեր շահարկումներ ալ կրնան յառաջանալ։
ԱՐԴԱՐ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆ
ՏՔԹ. ՍԵՒԱՆ ՍՎԱՃԸՕՂԼՈՒ - Երէկուան հանդիպումը ներքին գործոց նախարարին հետ նախատեսուած խորհրդակցութեան ընդառաջ նախապատրաստական բնոյթ ունէր։ Առկայ բոլոր դժուարութիւնները դրուած են սեղանի վրայ։ Օրթագիւղի հարցով ծնունդ առած վիճակին զուգահեռ բարձրացուած ձայնը, բանեցուած ճնշումներն ալ ունեցած են իրենց ազդեցութիւնը։ Ժամ առաջ արդար ընտրութեան մը պէտք է ձեռնարկել։ Պէտք չէ ընտրութիւններուն յետաձգման հետամուտ ըլլալ։ Ներկայիս կը տեսնենք, որ պետական մարմինները անտարբեր չեն մնար փոքրամասնութիւններու կողմէ արտայայտուած հակազդեցութիւններուն։ Սպասենք պարոն նախարարին հետ ծրագրուած տեսակցութեան։
ԵՐԱՆԻ ԱՒԵԼԻ ԱՌԱՋ
ԼԱՔԻ ՎԻՆԿԱՍ - Երէկուանը շատ կարեւոր եւ արդիւնաւէտ ժողով մըն էր։ Երանի այսպիսի հանդիպումներ տեղի ունենային նոր կանոնադրութեան հրապարակումէն առաջ։ Հիմա կը սպասենք նախարարին հետ հանդիպման։ Բոլորը նկատած են, որ նոր կանոնադրութիւնը ընդհանուր առմամբ ակնկալութիւնները չէ դիմագրաւած։ Երէկուան նախապատրաստական բնոյթով հաւաքոյթը նոր հորիզոններ ուրուագծեց, յոյս ներշնչեց, ընթացաւ ազատ կարծիքներ արտայայտելու մթնոլորտին մէջ եւ փոքրամասնութիւններու ինքնավստահութիւնը բարձրացուց։ Ըստ երեւոյթին, մեզմէ թափանցիկ ու ներառական նպաստ մը կ՚ակնկալուի այս փուլին։ Երէկուանը վերջնական որոշում առնելու նիստ մը չէր։ Բոլոր համայնքները կ՚ուզեն Իսթանպուլի ընդհանուրին մէջ ընտրութիւն իրականացնել, բացի հայ համայնքէն։ Սա ժողովրդագրական պատկերին վերաբերեալ խնդիր մըն է։ Յոյն համայնքին համար կարեւոր է նոյնիսկ վարչական խորհուրդներու անդամներուն նուազագոյն թիւին իջեցուիլը։ Լսեցին մեր առաջարկները՝ մանաւանդ, որ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան ներկայացուցիչներն ալ կը մասնակցէին։ Այնտեղ արդէն յայտնի դարձան իւրաքանչիւր համայնքի առանձնայատկութիւններէն բխած սպասումները։