ԽՈՐՀՐԴԱՆՇԱԿԱՆ ՊԱՆԴՈԿ

Հայաստանի մէջ զբօսաշրջութեան զարգացման ուղղեալ ջանքերը յառաջ կը տարուին հետեւողականօրէն։ Կիւմրիի «Վիլլա Կարս» պանդոկը խորհրդանշական բնոյթ կը կրէ այս ամբողջին մէջ։ Փարիզի «Նոր Յառաջ» թերթը վերջերս լոյս ընծայեց հարցազրոյց մը՝ Կիւմրիի «Վիլլա Կարս» պանդոկի հիմնադիր-տնօրէն, նոյն քաղաքին մէջ Իտալիոյ պատուոյ հիւպատոս՝ Անթոնիօ Մոնթալթոյի հետ։ Ստորեւ կ՚արտատպենք Ժիրայր Չոլաքեանի ստորագրութեամբ հրատարակուած տեսակցութիւնը։

-Առաջին անգամ ե՞րբ այցելած էք Հայաստան։

-Առաջին անգամ Հայաստան այցելած եմ 1988 թուականին, Սպիտակի երկրաշարժէն ետք՝ իբրեւ բժիշկ մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնելու համար տուժածներուն։ Անկէ ետք յանձն առած եմ Հայաստանի եւ Արցախի ծննդաբերութեան կեդրոններու վերանորոգման գործը՝ իմ կողմէ հիմնադրուած «Family Care» ոչ-կառավարական կազմակերպութեան շրջագծին մէջ։ Այս աշխատանքը կանգ առաւ 2003 թուականին, որովհետեւ, ըստ իս, հրատապ շրջանը վերջացած ըլլալով՝ այլեւս պետութիւնը պէտք էր ստանձնէր իր պարտականութիւնները՝ երկիրը զարգացնելու առումով։ Անկէ ի վեր կը փորձենք զարկ տալ այլընտրանքային զբօսաշրջութեան եւ ձեռակերտութեան արհեստներու մարզին։ 2014 թուականին, Կիւմրիի մէջ հիմնած ենք յախճապակիի աշխատանոց մը, ուր տասը հոգիի համար աշխատանք հայթայթած ենք։ Կը փափաքինք ընդլայնել այս նախաձեռնութիւնը գորգագործութեան եւ զարդերու մարզերուն մէջ եւս։ Կը զբաղինք նաեւ քաղաքի կեդրոնը գտնուող պատմական շինութիւններու վերանորոգման գործով, ինչպէս «Վիլլա Կարս» պանդոկը, ուր կ՚ընդունուին մեր հիւրերը։

-Ինչո՞ւ «Վիլլա Կարս» անունը։

-Ես կ՚ուզեմ մեր դրացի թուրք ժողովուրդին հետ լաւ յարաբերութիւններ մշակել, քանի որ պէտք է խաղաղութեան մթնոլորտ ստեղծել ո՛չ միայն քաղաքական գետնի վրայ, այլ նաեւ մարդկային յարաբերութիւններու մակարդակով։ Կարսը եւ Կիւմրին մեզմէ իւրաքանչիւրին կը պատկանին։ Ասիկա նաեւ ակնարկ մըն է Կարսի ճարտարապետական ոճին, որ շատ նման է Կիւմրիին։

-Ինչպիսի՞ մօտեցում ունիք զարգացման ոլորտին նկատմամբ։

-Շեշտը կը դնենք մեր փորձառութիւնը փոխանակելու ազդակին վրայ։ Հայերուն առիթը կու տանք արհեստի մը մէջ մասնագիտանալու եւ մանաւանդ անդրադառնալու, թէ իրապէս ի՞նչ կ՚ուզեն ընել։ Սովետական շրջանին ո՛չ ոք այս հարցումը կ՚ուղղէր անոնց։ Այն ատեն ամէն ինչ դիւրին եւ ապահովուած էր՝ տուն, բնակարան, ինքնաշարժ։ Օրուան իշխանութիւնը միա՛յն կ՚ուզէր Եւրոպային եւ Միացեալ Նահանգներուն ցոյց տալ, թէ Խորհրդային Միութեան մէջ գործազրկութիւն չկայ։ Այդ պատճառով ալ մարդիկ գործի նկատմամբ անտարբեր էին, առանց կիրքի կ՚աշխատէին։ Չէին գիտակցիր, թէ գործով կարելի է տեղ հասնիլ։ Ներկայիս հայերը պէտք է կառուցեն իրենց ապագան, իսկ ատոր համար պէտք է իրենք իրենց հարց տան, թէ ի՞նչ կ՚ուզեն ընել։

-Որո՞նք են այդ զարգացումը կանխող ազդակները։

-Իմ կարծիքով, բազմաթիւ հարցեր արտասահմանէն կու գան։ Այսինքն, պարբերաբար արտասահմանէն մարդիկ կու գան, բարձր ամսականով քանի մը տարի կ՚աշխատին միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ՝ բոլորին գոհացում տալու հեռանկարով։ Բայց, ըստ էութեան, անոնց գործը որեւէ արդիւնք չի տար։ Օրինակ, անկախութենէն ասդին՝ Հայաստանի մէջ ներկայ են Եւրոպական Միութիւնը, Միջազգային դրամատունը, ՄԱԿ-ը, Արժութային միջազգային հիմնադրամը (IMF)…, եւ եթէ անոնք չեն կրնար օժանդակել այս երկրին՝ այդ կը նշանակէ, որ անոնց որդեգրած մօտեցումը ճիշդ չէ։ Սովորաբար անոնց սկսած գործը չի շարունակուիր, որովհետեւ եթէ եկած ես երկու կամ երեք տարուան համար, բնականաբար ժամանակ չես ունենար ընդհանուր գաղափար մը կազմելու երկրի կարիքներուն մասին։ Անոնք տարի մը կը յատկացնեն իրազեկ դառնալու կացութեան, տարի մը՝ աշխատելու եւ տարի մըն ալ իրենց վերադարձը պատրաստելու համար։ Հայաստանը ա՛յն ատեն կը զարգանայ, եթէ մենք ընդունինք մեր հայ բարեկամներուն հետ բաժնել, հասկնալ եւ ընտրել լաւագոյն միջոցը, ինչ որ ինքնին կը պահանջէ զոհաբերութիւն եւ երբեմն ալ պայքար՝ որոշ սկզբունքներ պաշտպանելու համար։ Յամենայնդէպս, առանց տեղացի ժողովուրդի անմիջական մասնակցութեան՝ անկարելի է յարատեւ զարգացման պայմանները ստեղծել։

-Արդեօք ձեր որդեգրած օրինակը կրնա՞յ յարատեւ ու շինիչ ըլլալ։

-Անշուշտ։ Շուտով ականատես պիտի ըլլաք հայերու վերադարձին։ Ներկայիս անոնք կը մնան հոն, ուր կրնան բարեկեցիկ կեանք վարել եւ իրաւացի են, որովհետեւ առաջին հերթին կը մտածեն իրենց ընտանիքին բարեկեցութեան մասին։ Բայց ատոր զուգահեռ պէտք է անոնց վերադարձի պայմանները ստեղծել։ Պէտք է առանց պարտադրելու հասկցնել, որ լաւագոյն միջոցը Հայրենիք վերադառնալն է։ Արդարեւ, Հայաստան գէշ կացութեան մէջ կը գտնուի, սակայն մենք պէտք է երկրի զարգացման համար բարենպաստ պայմաններ ստեղծենք, որովհետեւ այս երկիրը կարելիութիւնը ունի վերածուելու աշխարհի ամենէն լաւ վայրերէն մէկուն։ Հայաստան հիանալի ժողովուրդ մը ունի, որ գիտէ բաժնել եւ փոխանակել։ Մենք պէտք է գործի լծենք այդ ներուժը։

-Ինչպէ՞ս կը տեսնէք Հայաստանի մշակութային կեանքը։

-Մեր խնդիրը այն է, որ հասարակութեան որոշ հատուածներ շատ հեռու են իրականութենէն։ Այդ հատուածը պէտք ունի որդեգրելու մշակութային մօտեցում մը։ Երբ չենք գիտեր, թէ ի՞նչ կը նշանակէ աշխատանք, մարդկայնութիւն, ընտանիք, ընկերային կեանք կամ քաղաքականութիւն, կը կարծենք, թէ նոյն բանի մասին կը խօսինք, բայց իրականութեան մէջ կը խօսինք բոլորովին հակառակ բաներու մասին։ Սովետական շրջանին գործատէրը պաշտօններ կը բաժնէր ոչ ըստ աշխատաւորի հմտութեան եւ գործի որակին։ Մենք պէտք է վերատեսութեան ենթարկենք այդ մտայնութիւնը, որ այնքան ալ դժուար չէ, կը բաւէ իրականութիւնները տեսնել։ Նախ պէտք է փոփոխութեան ենթարկուին տեղական իշխանութիւններու մօտեցումները։ Եւ այս գործընթացին մէջ՝ թէ՛ Սփիւռքը եւ թէ միջազգային կազմակերպութիւնները կարեւոր դեր ունին կատարելիք։

-Որո՞նք են ապագայի ձեր ծրագրերը։

-Շարունակել շինութիւններու վերանորոգումը եւ գործաւորներուն վերապատրաստումը։ Այս վերջիններուն պէտք է առաջարկել մնայուն աշխատանք եւ պատշաճ աշխատավարձ։ «Կիւմրիի բարեկամներու հիմնադրամ»ին միջոցաւ, զոր կեանքի կոչած եմ Մանուէլ Փամոքճեանի հետ, մտադիր ենք բարենորոգելու Կիւմրիի պատմական կեդրոնը՝ տեղական իշխանութեանց հետ գործակցաբար, որպէսզի զայն ընդգրկենք ԻՒՆԷՍՔՕ-ի պատմական ժառանգութեան ցանկին մէջ։ Նաեւ աշխատանք կը տանինք բնիկ կիւմրեցի, աշխարհահռչակ Ժորժ Կիւրճիեւին նուիրուած կեդրոն մը բանալու ուղղութեամբ, ինչ որ պիտի խթանէ քաղաքին գրաւչութիւնը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 21, 2017