Թրքահայ կեանք

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՍՊԱՆԻՈՅ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԱՒԱԳ ՀԻՒՊԱՏՈՍԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան հիւրընկալեց Իսթանպուլի մօտ Սպանիոյ աւագ հիւպատոս Խոսէ Անթոնիօ տէ Օրին, որ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Գումգաբու:

Եկեղեցական

ՍՐԲՈՑ ՀՐԵՇՏԱԿԱՊԵՏԱՑ ՏՕՆԸ ՊԱԼԱԹՈՒ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Սրբոց Հրեշտակապետաց տօնը շաբաթավերջին աւանդական շուքով նշուեցաւ Պալաթու համանուն եկեղեցւոյ մէջ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան նախագահեց տօնակատարութիւններուն, որոնց ընթացքին տուաւ օրուան պատգամը։

Հոգեմտաւոր

ԱՐԴԱՐՈՒԹԻՒՆ Կ՚ՈՒԶԵՆ՝ ԲԱՅՑ ԱՐԴԱՐ ՉԵՆ ԱՊՐԻՐ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Մարդ արարածը այն տարօրինակ ստեղծագործութիւնն է, որ ամէն գնով կ՚ուզէ արդարութեան մէջ ապրիլ, սակայն, ի՛նք անձամբ արդարութիւն հաստատելու համար գրեթէ ո՛չ մէկ բան կը կատարէ, անշուշտ, եթէ այդտեղ սեփական շահ գոյութիւն չունենայ։