Արխիւ

Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2026

ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ

Պաղեստինցի հանրայայտ իմաստասէր, մտաւորական, գրող՝ Մահմուտ Տարուիշի այս խոհին կամ խօսքին երբ աչքերս հանդիպեցան, վայրկեանին մտքիս մէջ նոր հարցեր եւ հարցումներ սկսան ծնունդ առնել:

Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2026

ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Փարիզի մէջ, յունիսի սկիզբը, 56 տարեկանին մահացած է իրանցի ֆրանսաբնակ անուանի բեմադրիչ, նկարիչ, մարդկային իրաւունքներու պաշտպան, պատկերապատումներու հեղինակ, համաշխարհային համբաւի տէր մտաւորական Մարժան Սաթրափի։

Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2026

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Տարեդարձները ուրախութեան եւ ցնծութեան առիթներ են, որոնք կը նշուին յատուկ խնդութեամբ եւ ոգեւորութեամբ: Հաստատութեան մը, կառոյցի մը, պատմական դրուագի մը, իսկ այս պարագային եւ յատկապէս ներկայ ժամանակներուն տպագիր պարբերականի մը, այն ալ օրաթերթի մը տարեդարձը ո՛չ միայն ուրախութեան առիթ է, այլ աւելին՝ ներշնչումի եւ պարծանքի առիթ է:

Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2026

ԱՆՈՒՇ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ

Օր մը ամբողջ միտքս խճճուած թելերով հին՝
Անձեւ ու անկապ կարօտ մը կը տանջէ միտքս ու հոգիս,
Բայց ահա յանկարծ հին օրերը յիշեցնող
Յստակ ու տաք լոյսի շողեր կը յայտնուին՝
Մեր հին կաթսան փիլաւի, լամբը կազի եւ թէյնիկը սուլող…
Ու մօրս ձեռքերը կը միացնեն անկապ թելերը կարօտիս…

Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Հաւատքով արտասանուած աղօթքը չի կայանար միայն «Տէր, Տէր» ըսելուն մէջ, այլ՝ սիրտը ներդաշնակելու «Հօր կամքին հետ»։ Յիսուս կը յորդորէ Իր աշակերտներուն՝ որ իրենց աղօթքին մէջ կրեն աստուածային ծրագրին հետ գործակցելու վառ մտմտուքը:

Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Նշան Պէշիկթաշլեան կը հաւատայ, որ հայ իրականութեան մէջ որոշ կուսակցութիւններ ստեղծուած են պարզապէս մէկ այլ կուսակցութեան կարծիքներուն ո՛չ ըսելու։ Նման կուսակցութիւններ մեր օրերուն եւս գոյութիւն ունին եւ զարմանալին ա՛յն է, որ շատ անգամ այլ կուսակցութեան այս կամ այն գաղափարին դէմ արտայայտուելով:

Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2026

Շրջանաւարտութեան հանդէս. Պէյրութի Հայկազեան համալսարանը այս տարի ունի 172 ընթացաւարտ:
Վեր. Հայտոսթեան կանգ առաւ քննադատական մտքի կարեւորութեան վրայ՝ համապատասխան գիտակցութեամբ հանդերձ:

Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2026

«Իսրայէլի քաղաքականութիւնը սպառնալիք դարձած է Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան դէմ»:
Նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան. «Անգարայի գագաթաժողովը ՆԱԹՕ-ի պատմութեան մէջ յղման կէտ մը պիտի դառնայ»:

Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2026

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ շնորհաւորական մը ուղարկեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին: Շաբաթավերջին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն մէջ Փաշինեանի գլխաւորած կուսակցութեան յաղթանակին կապակցութեամբ Թրամփ յղեց շնորհաւորութիւններ:

Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2026

ՀՐԱՉ ՉԻԼԻՆԿԻՐԵԱՆ

Կեանքը սառեցուած նկար մը չէ, որ պատէն կախենք ու հեռուէն հիացումով դիտենք, թէ մենք ո՛վ կամ ի՛նչ ենք: Կեանքի «կտաւը» շրջանակի մէջ առնուած յայտարարութիւն մը չէ՝ ըսելու համար. «Ահա՛, այս է կեանքս»։ Այդպէս դիտել կեանքը՝ կը նշանակէ չգիտակցիլ անոր բուն էութեան։

Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2026

Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ մանկապարտէզներու տարեվերջի հանդէսը, որ առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։ Դպրոցի «Հրաչեայ Աճառեան» սրահի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որուն ներկայ գտնուեցան Սամաթիոյ ընտանիքի վարիչները:

Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2026

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան մէկտեղուեցաւ Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց դպրաց դաս-երգչախումբի ներկայացուցիչներուն հետ: Դպրաց դասու նախագահ Տ. Կորիւն աւ. քհնյ. Ֆէնէրճեանն ալ ներկայ գտնուեցաւ զրոյցին: 

Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2026

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ, Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ աշակերտներու օրհնութեան կարգ: 

Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2026

Խոր ցաւով կը գուժենք մահը՝ մեր համայնքի երէց սերունդի այնքան յարգելի ու համակրելի դէմքերէն՝ 
ՏՈՔԹՈՐ 
ԱՐԹԻՆ ՄԵԾԱՏՈՒՐԻ

Վերջին օրերուն իր կորուստը մեծ ցաւ յառաջացուցած է թէ՛ իր ընտանիքին մօտ եւ թէ համայնքային շրջանակներէն ներս։

Հինգշաբթի, Յունիս 11, 2026

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան հիւրընկալեց «Պոլիս լուսատու» խումբին ներկայացուցիչները: Ինչպէս ծանօթ է, սա լուսանկարիչներէ բաղկացեալ խումբ մըն է, որ վերջին շրջանին նկատելի գործունէութիւն կը ծաւալէ՝ պոլսահայ մշակութեային կեանքէն ներս:

Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2026

Շիշլիի կրթական տնօրէնութեան նախաձեռնութեամբ, շաբաթավերջին կազմակերպուեցան միջվարժարանային մտախաղեր։ 

Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2026

ՄՈՒՀԱՄՄԱՏ ԱԼ-ՄԱՂՈՒԹ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Ամսուան սկիզբն էր եւ տօնական օրերը մօտ էին, երբ ծխախոտս դրի բերանս եւ դրամապանակս ալ գրպանս ու տունէն դուրս եկայ, սկսելով պտտիլ քաղաքի փողոցներուն վրայ, ուրախանալով մնացած ամսականովս ու արաբականութեամբս:

Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2026

ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ

Դարերու ընթացքին Աստուած յաճախ վկաներ գործածած է, որպէսզի եթէ մարդիկ Իր ճշմարիտ եւ անսխալական Խօսքին չհաւատան, գէթ վկաներուն վկայութեան հաւատան։ 

Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2026

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Հայ գրող եւ մտաւորական Նշան Պէշիկթաշլեան հակակրանք մը ունէր հայ կուսակցութիւններուն հանդէպ եւ կը հաւատար, որ անոնք մեր իրականութեան մէջ ստեղծուած են ազգութիւն պաշտպանելու անուան տակ սեփական շահեր հետապնդելու եւ ան այս մէկը իր առօրեայ յօդուածագրութիւններուն մէջ բացայայտ ձեւով կը յայտնէր։

Չորեքշաբթի, Յունիս 10, 2026

Շիշլի մարզակումբը արդէն եզրափակեց ձմրան շրջանի աշխատանքը։ Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս ակումբը զանազան ճիւղերու մէջ կազմակերպեց դասընթացքներ։

Էջեր