Արխիւ
Ղալաթիոյ մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ եզակի ձեռնարկ մը։ Այսպէս, եկեղեցւոյ յարակից «Կոլոտ» սրահի երդիքին տակ կազմակերպուեցաւ աւանդական ղափաման պատրաստելու ուղղեալ աշխատանոց մը։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանէն ներս, ներկայ ուսման շրջանի երկրորդ եռամսեան կը բնորոշուի՝ մասնաւորապէս մարմնամարզի ձեռնարկներու աշխուժութեամբ։ Շաբաթավերջին, համայնքային 14 վարժարաններու մասնակցութեամբ մրցաշարք մը տեղի ունեցաւ Տատեանի երդիքին տակ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան (ՀՅԴ) նոր ղեկավարութիւնը:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Աշխարհային հաճոյքները մարդուն դէմ եղող ամենէն մեծ փորձութիւններն են, որոնց եթէ կարենայ դիմադրել ու յաղթել մարդը, ապա վստահաբար միւս փորձութիւններն ու դժուարութիւնները կրնայ աստիճանաբար եւ Աստուծոյ պարգեւած իմաստութեամբ եւ զօրութեամբ յաղթահարել ու յառաջանալ դէպի նպատակակէտ՝ դէպի Երկինքի Արքայութիւն:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ արդէն ընթացքի մէջ է Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը, որուն կը մասնակցի նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Մարքօ Ռուպիօ եւ Ուքրայնայի արտաքին գործոց նախարար Անտրէյ Սիպիհա շաբաթավերջին ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Այս շփումը նախորդեց՝ յառաջիկային Սէուտական Արաբիոյ տանտիրութեամբ նախատեսուած ԱՄՆ-Ուքրայնա բանակցութիւններուն, որոնք տեղի պիտի ունենան Ռիատի մէջ։
Սուրիոյ մէջ Պեշար Էսատի անկումով տեղի ունեցած իշխանափոխութեան զուգահեռ սկիզբ առած անցումային շրջանը կ՚ուղղորդուի արիւնալի դէպքերով։ Ամբողջ երկրէն ներս նախկին եւ այժմու ղեկավարութեանց զօրքերուն միջեւ տեղի կ՚ունենան բախումներ։
Ըստ Ֆիտանի՝ Անգարա կը նկատէ խափանարարութիւններ, որոնց նպատակն է հունէ դուրս բերել Դամասկոսի քաղաքականութիւնը:
Թուրքիա, Յորդանան, Իրաք, Լիբանան եւ Սուրիա նոյն հարթակին վրայ, բարձր մակարդակով քննարկումներ ծաւալեցին համատեղ հարցերու շուրջ:
ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այսօր՝ մարտի 10-ին, Մեսրոպ Մաշտոց մատենադարանին մէջ կը սկսի նոր ու բացառիկ նախաձեռնութիւն մը, որու ծիրէն ներս կարճ ժամանակով պարբերաբար կը ցուցադրուին եզակի, գրեթէ չցուցադրուած կամ չցուցադրուող ձեռագիր մատեանները:
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ժամանակակից արագընթաց աշխարհին մէջ թեքնոլոժիի օգտագործումը դարձած է մեր կեանքի մէկ մասը: Այս իրավիճակի արդիւնքին յառաջացած է հասկացութիւն մը, որ կը կոչուի տեսողական կամ թուային յոգնածութիւն, ինչ որ ճնշուածութեան եւ յոգնածութեան տեսակ մըն է։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Արժանիք» եզրը կը նշանակէ ընդհանրապէս «այն հատուցումը՝ զոր հասարակութիւն մը կամ ընկերութիւն մը պարտի կատարել իր անդամներէն մէկուն գործին փոխարէն՝ նկատուած իբր բարիք կամ չարիք, արժանի վարձատրութեան կամ պատիժի»։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Կան որոշ մարդկային բնութիւններ, որոնք մեր կամքէն անկախ մեր մարդկային խառնուածքին անբաժանելի մէկ մասն են: Այնպէս, ինչպէս ուրախութիւնը, սարսափը կամ այլ զգացում, զայրոյթը եւս բնազդային արձագանգ մըն է։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Ինչպէս նախորդ մեր յօդուածի վերջաւորութեան ըսինք, որ հակառակ պատիժի ունեցած դրական ազդեցութեան, շատ մը մտաւորականներ ու փիլիսոփաներ միշտ ալ դէմ եղած են պատիժ հասկացողութեան:
Պատրաստեց՝ ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Ծնած է 1875-ին, Մուշի Արդերդ կամ Յարդերդ գիւղը: Աւազանի անունով Խաչատուր:
ՏԻԳՐԱՆ ԳԱԲՈՅԵԱՆ
Հաւաքականութեան յայտարարուած գագաթնակէտային նպատակը մարդուն բարօրութիւնն ուերջանկութիւնն է, իսկ անոր գաղտնի գործելաոճը շահն է ու հարստանալու անյագութիւնը:
Համաշխարհային կանանց օրուան առթիւ, երէկ երեկոյեան, Գարակէօզեան տան մէջ տեղի ունեցաւ հետաքրքրական ձեռնարկ մը, որ կազմակերպուած էր՝ «Կանանց շարժման ներշնչիչ հայեայցք մը» խորագրին ներքեւ։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի հոգեւորականաց դասը վերջերս համալրուեցաւ երիտասարդ ուժով մը։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Հայ Երուսաղէմը միշտ կիզակէտին. քաղաքապետարանի եւ պատրիարքարանի դէմ յանդիման եկած փուլին բազմաբնոյթ հարցումներ: Բացի «Կովերու պարտէզ»ի տագնապէն, Ս. Աթոռի գլխավերեւը կուտակուած են աւելի մոխրագոյն ամպեր՝ միշտ կալուածական հարցերու շուրջ:
ՀՐԱՆԴ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
Այնքան արեւ կայ Հայաստանում
Այնքան պատմութիւն կայ Հայաստանում
Այնքան յուշ կայ Հայաստանում
ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ
Մարտի ութն է եւ կը քալեմ փողոցներով... Ո՞ւր են ձեր փողոցները. Երեւան, Գահիրէ, Իսթանպուլ, Պէյրութ, Հալէպ, ովկիանոսին մի՞ւս կողմը... Ամէնուր են, մէջս են իմ փողոցներս։ Գլուխս բարձրացուցած, առանց գետին նայելու կը քալեմ ու չեմ վախնար իյնալէն. խորտուբորտ, թաց, փշոտ, զառիվեր, զառիվար, նեղ, անել... գիտեմ ես քալած ու քալելիք ճամբաներս։