Թրքահայ կեանք

ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց Ֆէրիգիւղի ընտանիքի ներկայացուցիչները։ Այսպէս, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն եւ համանուն դպրաց դաս-երգչախումբի տնօրէն խորհուրդէն ներկայացուցիչներ փութացած էին Գումգաբու եւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր ներկայացան՝ գլխաւորութեամբ Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեանի, որ թաղի հոգեւոր հովիւն ու դպրաց դասու նախագահն է։

Եկեղեցական

Տ. ՄԻՔԱՅԷԼ ԱՐՔ. ԱՋԱՊԱՀԵԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ՏՆԱՅԻՆ ԿԱԼԱՆՔ ՍԱՀՄԱՆՈՒԵՑԱՒ

Մինչ Աւստրիոյ մէջ նախատեսուած Եպիսկոպոսաց ժողովի թուականը կը մօտենայ, Հայաստանէ ներս ծագած իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան դրսեւորումները կը շարունակեն միշտ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել օրակարգը։

Հոգեմտաւոր

ԾՆՈՂԱԿԱՆ ՍԽԱԼՆԵՐ

ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ

Շատ մը ծնողներ կը կարծեն, որ իրենց հիմնական պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնը իրենց զաւակներուն մարդկային ու մարմնական պէտքերը ապահովելն է. ինչպէս՝ հագուստը, սնունդը եւ այլն, բայց, իրականութեան մէջ, ծնողական պարտականութիւնն ու պարտաւորութիւնը իր մէջ շատ աւելին ունի, որովհետեւ հոգեկան բաժինը շատ աւելի կարեւոր է։