Ժամանակ շահիլ…
Պետութիւններու ընթացքը կը նմանի տեղատուութեան եւ մակընթացութեան. յարատեւութիւնը, անշուշտ, չ՚ենթադրեր ուղիղ գիծ մը։ Վերելքի շրջանին այնպէս մը պիտի կուտակես, որ անկման փուլերուն կարողանաս դիմադրելու համար ծախսել՝ մինչեւ, որ իրադրութիւնը փոխուի, դարձեալ գան բարենպաստ ժամանակներ ու հնարաւորութիւն ստեղծեն նոր կուտակումներու։