Թրքահայ կեանք

ՄԱՐԴՆ ՈՒ ՃԱՄԲԱՆ

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան նախաձեռնութեամբ այս շաբաթավերջին պիտի նշուի Աթոռի հոգեւորականաց դասու երիցագոյն անդամին ոսկէ յոբելեանը:
Քահանայական ձեռնադրութեան 50-ամեակ:
Վեհափառ Հայրապետը Տ. Արամ Արք. Աթէշեանին շնորհած է սրբատառ կոնդակ մը եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Սուրբ Ղեւոնդ Երէց» առաջին կարգի շքանշանը:
Նորին Սրբազնութեան համար մշակուած յոբելենական ծրագրի ծիրէն ներս պատրաստուած է յուշամատեան-գիրք մը եւ արտադրուած՝ փաստավաւերագրական կարճաժամկէտ ժապաւէն մը:
Յոբելեար սրբազանը այս կիրակի հանդիսաւոր գոհաբանական Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցանէ Գումգաբուի Սուրբ Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ, ուր պիտի քարոզէ:

ՓՐՈՖ. ՅԱԿՈԲ ԱՅՆԹԱՊԼԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՍՈՒՐԲ ԽԱՉ ԴՊՐԵՎԱՆՔ

Սփիւռքահայ յայտնի մտաւորական փրոֆ. Յակոբ Այնթապլեան վերջին օրերուն այցելեց Սուրբ Խաչ դպրեվանք։ Ան ջերմօրէն հիւրընկալուեցաւ վարժարանէն ներս, ուր բացատրութիւններ տուաւ իր գործունէութեան մասին։

ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ՏԱՏԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ Ի ՆՊԱՍՏ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՀԱՆԳԱՆԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Երէկ, Պաքըրգիւղի ընտանիքը բացառիկ օր մը ապրեցաւ՝ թաղի Տատեան վարժարանի ի նպաստ տարեկան հանգանակութեան առթիւ։ Ծնունդ Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին լեցուած էր առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւններուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը

ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ «ԱԹՄԱՆԻ» ՀԻՄՆԱՐԿԻ ԿԵԴՐՈՆԱՏԵՂԻՆ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան այցելեց «Աթմանի» կրթութեան, մշակոյթի, բնապահպանութեան, ընկերային զօրակցութեան եւ օժանդակութեան հիմնարկի կեդրոնատեղին։

ԹՈՓԳԱԲՈՒՑԻՆԵՐՈՒ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ ՀԱՒԱՔՈՅԹԸ

Թոփգաբուի ընտանիքը իրականացուց իր աւանդական հանդիպումներէն մին։ Այսպէս, թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները, Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի ուսուցչական կազմը եւ իրենց ամբողջ գործակիցները մէկտեղուեցան ընտանեկան սեղանի շուրջ, ուր ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ։

«ՅՈՅՍ»Ի ՊԱՅՔԱՐ

Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան սանուցի երդիքին տակ՝ զգայնութիւններու հետամուտ ոգեւոր երեկոյթ մը:
Միութեան գործունէութեան զանազան երեսակներու ծանօթացման յաջորդեց Պարթեւի եւ Արի Հերկելի խանդավառ համերգը:

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԱՅՏԱ ՍԱՐԻՍԸ

Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց «Փարոս» ամսագրի գլխաւոր խմբագիր Մայտա Սարիսը։ Զրոյցի ընթացքին Մայտա Սարիս նշեց, որ պարբերականը կը պատրաստուի նշել հիմնադրութեան հերթական տարեդարձը եւ այս շրջանակներէն ներս նախատեսուած է «Գլուխ գործոցներու դէմ յանդիման» ցուցահանդէսի կազմակերպումը։

ՄԵԼԳՈՆԵԱՆ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄՆԱԴԻՐՆԵՐԸ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆՈՎ ՈԳԵԿՈՉՈՒԵՑԱՆ՝ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՍՈՒՐԲ ԵՐՐՈՐԴՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքէն ներս շաբաթավերջին արժեւորուեցաւ Կիպրոսի՝ այժմ արդէն փակուած Մելգոնեան կրթական հաստատութեան (ՄԿՀ) հիմնադրութեան 100-րդ տարին։ Սա յուզումնախառն դարադարձ մըն էր՝ քանի վարժարանը վաղուց գոյութիւն չունի։

Էջեր