Արխիւ
Երէկ, ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր Տոհայի մէջ ընդունուեցաւ Քաթարի էմիր շէյխ Թամիմ պին Համէտ ալ Թանիի կողմէ:
Երէկ, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ։ Պարսից ծոցի առկայ ճգնաժամային իրավիճակին մէջ, նախարարները կարծիքի փոխանակումներ ունեցան ելքի ուղիներու շուրջ։
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան ներկայ շաբթուայ երկրորդ կէսին պիտի այցելէ Իսթանպուլ։ Իր կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը պիտի մասնակցի Միջխորհրդարանական միութեան 152-րդ համաժողովին։
Երէկ, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան աշխատանքային այցելութիւն մը տուաւ Պրիւքսէլ, ուր հիւրընկալուեցաւ Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ պաշտպանութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Քայա Քալասի կողմէ։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու՝ Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեանը, որուն կ՚ընկերանար նոյն ընկերութեան Թուրքիոյ մասնաճիւղէն Թամար Քարասու։
ԳԷՈՐԳ ՊԵՏԻԿԵԱՆ
Անկեղծօրէն յայտնեմ, որ շատ-շատերու համար, այս տողերը կրկնութիւններ կրնան ընել կամ թուիլ, որովհետեւ, պատեհութիւնը երբեք չէ պակսած այս բոլորի մասին խօսելու, կամ գրելու:
ՄԱՀՄՈՒՏ ՏԱՐՈՒԻՇ
Արաբերէնէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Անոր մէջքին չորս կողմը ռումբեր կան… ու կը պայթին: Ո՛չ մահ է եւ ո՛չ ալ անձնասպանութիւն:
Կազզէի ձեւն է, յայտարարելու համար իր իրաւացիութիւնը կեանքին:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ի՜նչ փոյթ, թէ բաժակը կամ պնակը դուրսէն մաքուր եւ փայլուն կ՚երեւին, երբ մէջինը անմաքուր է եւ անհամ։ Նոյնն է անմաքուր սրտով կատարուած աղօթք մը, քանի որ լուացուած մարմին մը ընդունելի չ՚ըներ արատաւոր հոգի մը։
ՀՐԱՅՐ ՏԱՂԼԵԱՆ
Վերջին տասնամեակներուն՝ մասնաւորաբար անցնող տարուան ընթացքին շատերու կողմէ հարցականի տակ դրուեցաւ եկեղեցւոյ «ազգային» ըլլալը՝ մանաւանդ երբ եկեղեցին փորձեց միջամուխ ըլլալ քաղաքականութեան:
Երէկ, Գումգաբուի ընտանիքը բարոյական տուրք մատուցեց՝ Գողթան դպրաց դաս-երգչախումբի երկու երէց ու նուիրեալ անդամներու յիշատակին նկատմամբ։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանէն աշակերտներ վերջին օրերուն մասնակցեցան TAZOF-ի կողմէ կազմակերպուած մտախաղերուն։
ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Մօտաւորապէս ամիս մը առաջ յայտնի դարձաւ զարհուրելի պատմութիւն մը. խորթ մայրը պարբերաբար բռնութեան կ՚ենթարկէր՝ շուրջ մէկուկէս տարեկան երեխան եւ նոյնիսկ զայն սպաննելու փորձ կատարած էր (կ՚օգտագործեմ պաշտօնական ձեւակերպումը)։
Այսօր, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Պրիւքսէլ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, ան ժամադրուած է Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Քայա Քալասի հետ։
ՅԱԿՈԲ ՏԻՒՆԵԱՅԵԱՆ
14 ապրիլին, 112 տարի առաջ, գարնան գեղեցիկ օր մը աշխարհ կու գար Համօ Սահեանը (Հմայեակ Սահակի Գրիգորեան՝ աւազանի անունով, Լոր գիւղ, Զանգեզուրի գաւառ, Սիւնիքի մարզ, 14 ապրիլ 1914 - Երեւան, 17 յուլիս 1993)՝ երկնատուր բանաստեղծական տաղանդի կրակը սրտին:
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Սարգիս Չեթինքայան, Իսթանպուլի երեսփոխան Սեւան Սվաճըօղլուն, Շիշլի մարզակումբի վարչութեան ատենապետ Ալէն Պեքպըչաքը եւ յայտնի դերասան ու թատերական գործիչ Պօղոս Չալկըճըօղլուն։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան հիւրընկալեց Պէյօղլուի Ասողիկ դպրաց դասու ներկայացուցիչները՝ գլխաւորութեամբ Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեանի, որուն կ՚ընկերանար նաեւ Տ. Գէորգ աւ. քհնյ. Չնարեան։
Գատըգիւղի ընտանիքը այս շրջանին հանդէս եկած է ողջունելի նախաձեռնութիւնով մը։ Այսպէս, Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը եւ Արամեան-Ունճեան վարժարանի տնօրէնութիւնը ձեռնամուխ եղած են՝ թաղէն ներս մանկապատանեկան երգչախումբի մը ստեղծման։
Թաքսիմ մարզակումբի նորընտիր վարչայինները քաղաքավարական այցելութիւն մը տուին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց:
Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու յաջողութիւն մաղթեց Ալէն Պաղին եւ գործակից ընկերներուն, որոնք իրեն նուիրեցին մարզաշապիկ մը:
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց՝ Հայաստանի զանազան թեմերէն ուխտաւոր երիտասարդներ, որոնց թիւը կը հասնէր շուրջ 650-ի։
Հայաստանի մէջ իշխանութիւն-եկեղեցի հակադրութեան դրսեւորումները հետզհետէ կ՚ահագնանան մտահոգիչ օրինակներով։ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ գլխաւորուած կառավարութիւնը այս ուղղութեամբ կ՚ընթանայ՝ դէպի մէկ ծայրայեղութենէ միւսը։