«ԱՉՔԵՐ ՈՒՆԻՆ՝ ՉԵՆ ՏԵՍՆԵՐ, ԱԿԱՆՋ ՈՒՆԻՆ՝ ՉԵՆ ԼՍԵՐ»

Ա­րար­չա­գոր­ծու­թեան ըն­թաց­քին Աստուած պա­տա­հա­բար չստեղ­ծեց Տիե­զեր­քը եւ ա­նոր վրայ գտնուող բո­լոր հրա­շա­լիք­նե­րը։ Ոչ ալ պար­զա­պէս պա­տա­հա­կա­նու­թեամբ է, որ քեզ գո­յա­ւո­րեց, շնչա­ւո­րեց, շնորհք­նե­րով օժ­տեց եւ այս աշ­խար­հին վրայ դրաւ։ Նոյն­պէս ալ աչքն ու ա­կան­ջը մար­դուս ա­մե­նէն գոր­ծա­ծած մարմ­նի ան­դամ­նե­րէն են։ Այս­պէ՛ս կը փաս­տէ բժշկա­գի­տու­թիւ­նը։ Աչ­քո՛վ է, որ կը վա­յե­լես այս հրա­շա­զան բնու­թիւ­նը եւ ա­նոր  կող­քին գտնուող բո­լոր ան­պա­րագ­րե­լի գե­ղեց­կու­թիւն­նե­րը։ Աչ­քո՛վ է, որ կը գոր­ծես եւ իւ­րա­քան­չիւր քայ­լա­փոխդ ըստ այնմ կ­­՚ուղ­ղես։ Այն­պէս ալ ա­կան­ջո՛վդ է, որ կ՚ունկնդ­րես թռչուն­նե­րու ճռուո­ղիւ­նը, սո­խա­կին գեղ­գե­ղուն ու դայ­լայ­լուն ձայ­նը, կը վա­յե­լես բնու­թեան զգլխիչ ե­րաժշ­տա­կա­նու­թիւ­նը եւ հա­ղորդ կը դառ­նաս մար­դոց խօ­սակ­ցու­թեան։ Բայց ա­կան­ջովդ եւ աչ­քովդ միայն ա­սո՞նք են, որ կը լսես եւ կը տես­նես։ Վստա­հա­բար ոչ։ Առ­նենք իւ­րա­քան­չիւ­րը ա­ռան­ձինն։

Տե­սո­ղու­թիւ­նը, գործ­նա­կան գետ­նի վրայ, մարդ ա­րա­րա­ծիս կող­մէ ա­մե­նէն նրբան­կատ զգա­յա­րանքն է հա­մա­րուած։ Կա­րե­լի՞ է պատ­կե­րաց­նել ա­րա­րած մը ա­ռանց տե­սո­ղու­թեան։ Երբ կոյր մը տես­նենք, իս­կոյն փառք կու տանք Աս­տու­ծոյ, որ մեզ այն­պէս չէ ստեղ­ծած կամ վնա­սա­բեր ար­կած­նե­րէ հե­ռու պա­հած է։ Կարգ մը բժիշկ­նե­րու ու­սում­նա­սի­րու­թեամբ եւ եզ­րա­կաց­մամբ՝ աշ­խար­հի վրայ մար­դոց մե­ծա­մաս­նու­թեան 90 տո­կո­սը ի­րենց տե­սո­ղու­թիւ­նը չկորսնց­նե­լու կամ տկա­րու­թեան վտանգ­նե­րը կան­խե­լու հա­մար ինչ­պի­սի՜ դար­մա­նում­նե­րու կը դի­մեն՝ գէթ ի­րենց տե­սո­ղու­թիւ­նը պահ­պա­նե­լու եւ յստակ դարձ­նե­լու հա­մար։

Ման­կա­վար­ժա­կան դի­տար­կու­մով փաս­տար­կուած է, թէ ե­րա­խան կամ պա­տա­նին իր աչ­քո՛վ կ­­՚ըն­կա­լէ ա­մէն ե­րե­ւոյթ, շար­ժու­ձեւ, սո­վո­րոյթ, ար­տա­յայտ­չա­ձեւ, վե­րա­բեր­մունք, ո­րոնք կը կեր­պա­րա­նա­ւո­րուին իր նկա­րագ­րա­յին կերտ­ման ըն­թաց­քին։ Օ­րի­նակ, երբ ե­րա­խա­յին միշտ դի­տել տանք իր տա­րի­քին վե­րա­բե­րեալ տե­սաե­րիզ­ներ (cartoon), ինք­նա­բե­րա­բար իր մտա­պատ­կե­րին մէջ կ­­՚ու­րուագ­ծուին տուեալ դե­րա­սան­նե­րուն պատ­կերն ու նկա­րա­գի­րը։ Կամ՝ պա­տա­նին երբ իր հօր ու մօր ապ­րե­լա­ձեւն ու վա­րուե­լա­կեր­պը տես­նէ, ա­նոնց փոխ­յա­րա­բե­րա­կան կեան­քին ի­րա­զեկ դառ­նայ, են­թա­գի­տակ­ցու­թիւնն ալ գաղ­տա­գո­ղի «սպուն­գի նման կը ծծէ», կ­­՚ար­ձա­նագ­րէ բո­լո՛ր ե­րե­ւոյթ­նե­րը։

Վիեն­նա­ցի նշա­նա­ւոր հո­գե­բան-բժիշկ՝ Ֆրէօյտ, ամ­բողջ մե­թոտ մը յատ­կա­ցու­ցած է մար­դոց­մէ ծած­կուած այս վի­ճա­կը ու­սում­նա­սի­րե­լու եւ ա­նոր գաղտ­նիք­նե­րը ե­րե­ւան բե­րե­լու։ Հե­տե­ւա­բար, եզ­րա­կա­ցու­ցած է ը­սե­լով. «Մեր հո­գե­կա­նու­թիւ­նը կը պա­րու­նա­կէ եր­կու խաւ՝ գի­տա­կից եւ ան­գի­տա­կից։ Գի­տա­կից խա­ւին ծա­նօթ ենք - մեր խոր­հուրդ­ներն ու բաղ­ձանք­նե­րը, մեր զգա­ցում­ներն ու յու­զում­նե­րը։ Բայց այս լու­սա­ւոր խա­ւին տակ գո­յու­թիւն ու­նի՝ գի­տակ­ցու­թեան լոյ­սէն զուրկ սա­կայն գոյ խաւ մը, կազ­մուած մեր ման­կու­թեան, ան­ցեա­լի ծա­նօ­թու­թիւն­նե­րէն, ապ­րում­նե­րէն, յի­շա­տակ­նե­րէն, ո­րոնք չեն կոր­սուիր։ Մեր ներ­կա­յի ապ­րում­նե­րը կը մնան մեր ան­գի­տակ­ցու­թեա՛ն ու մա­նա­ւանդ են­թա­գի­տակ­ցու­թեա՛ն մէջ եւ երբ որ ու­զենք՝ կրնանք զա­նոնք գի­տակ­ցու­թեան բե­րել»։ Զա­ւակդ ինչ որ տես­նէ՝ զայն կ­­՚ըն­դօ­րի­նա­կէ։ Այս պա­րա­գա­յին, երբ ա­նոր ջամ­բես հա­յե­ցի ու քրիս­տո­նէա­կան դաս­տիա­րա­կու­թիւն, մեծ հա­ւա­նա­կա­նու­թեամբ ա­պա­գա­յին կրնաս տես­նել քու ցա­նած սերմ­նա­հա­տիկդ որ­պէս ա­տոք ցո­րեն։ Ի­մաս­տու­նին խօսքն է որ կը հնչէ մեր ա­կանջ­նե­րուն. «Կրթէ մա­նու­կը իր ճամ­բան սկսած ա­տե­նը, որ­պէս­զի իր ծե­րու­թեան ա­տենն ալ ան­կէ չխո­տո­րի» (Առ 22.6)։­

Առ­նենք տե­սո­ղու­թեան միւս ե­րե­սը։ Մե­րօ­րեայ կեան­քին մէջ, շա­տեր կը կար­ծեն որ յստա­կա­տես, պայ­ծա­ռա­տես եւ ու­ղիղ տե­սո­ղու­թիւն ու­նին։ Այս­պէս, ըստ նմա­նա­տիպ ան­ձե­րու, ա­նոնք կրնան կան­խա­պէս տես­նել ի­րենց չորս­դին կա­տա­րուող ի­րա­դար­ձու­թիւն­ներն ու դէպ­քե­րը եւ ա­նոնց մօ­տա­լուտ հե­տե­ւանք­նե­րը, վեր­լու­ծել ի­րենց կեն­սըն­թա­ցին պա­տա­հած ե­ղե­լու­թիւն­նե­րը, ան­ձի մը խօ­սակ­ցու­թե­նէն գիտ­նալ ա­նոր ինչ­պի­սի՛ նկա­րագ­րի տէր ըլ­լա­լը։ Հար­ցում։ Հա­ւա­նա­բար այդ­պի­սիք կա­րո­ղու­նակ, ա­պա­գա­յա­տե­սիլ, տես­լա­պաշտ ու շրջա­հա­յեաց կը թուին մեր աչ­քե­րուն, սա­կայն ար­դեօք ճշմա­րիտ տե­սո­ղու­թիւ­նը ու­նի՞ն։ Ա՛յս է հիմ­նա­կա­նը եւ ոչ թէ «մա­կե­րե­սա­յին» կո­չուած տե­սո­ղու­թիւ­նը։

Մա­կե­րե­սայ­նա­պաշ­տու­թիւ­նը, կեղծ­պա­րիշ­տու­թիւ­նը եւ «քօ­ղար­կուած» տե­սո­ղու­թիւ­նը այ­սօր մեր կեան­քի գնաց­քին մէջ ոչ միայն բոյն են դրած, այ­լեւ մա­նա­ւանդ մեր մտա­պատ­կե­րին եւ սե­ւե­ռա­կէ­տին մէջ ա­ռաջ­նա­յին են դար­ձած։ Յա­ճախ կը հան­դի­պինք մար­դոց, ո­րոնք ի ներ­քուստ կը տես­նեն ճշմար­տու­թիւ­նը, սա­կայն զայն դա­ւա­նե­լու ու­նա­կու­թիւ­նը եւ հա­մար­ձա­կու­թիւ­նը չու­նին։ Կ՚ու­զեն «տես­նել» ճշմար­տու­թիւ­նը, բայց ճշմար­տու­թեան ին­չու­թեան բո­վէն չեն ան­ցած։ Կայ ա­ւե­լի վատ­թա­րա­գոյ­նը՝ վա­խի կամ այլ հա­շիւ­նե­րէ դրդուած «կու­րա­պաշ­տու­թիւն»ը։ Մար­դիկ ինչ-ինչ պատ­ճառ­նե­րէ մղուած, ճշմար­տու­թիւնն ու սխա­լը տես­նե­լով հան­դերձ՝ կը նա­խընտ­րեն ԼՌԵԼ, պար­զա­պէս ի­րենց շա­հը, հե­ռա­կայ նպա­տակ­նե­րը կամ ի­րենց վե­րի դա­սը՝ «պա­տաս­խա­նա­տու»նե­րը ա՛յդ է որ կը պա­հան­ջեն։ Սի­րե­լի՛ բա­րե­կամ, որ­քա՛ն ալ փոր­ձես չտես­նե­լու գալ կամ չըն­դու­նիլ ի­րա­կա­նու­թիւ­նը, պաշտ­պան չկանգ­նիլ ճշմար­տու­թեան, լռու­թեան վա­րա­գոյ­րին ե­տին կամ «փտած» ծած­կոյ­թին տակ պա­հուը­տիլ, գիտ­ցիր որ այդ բո­լոր ճի­գերդ, թաքս­տոց­ներդ եւ վե­րա­պահ կե­ցուածքդ ժա­մա­նա­կա­ւոր եւ ան­ցո­ղա­կի են։ Ճշմար­տու­թիւ­նը ինչ­քա՛ն ալ փոր­ձես լռեց­նել՝ չե՛ս կրնար զայն թա­ղել։

Միայն տես­ղու­թիւ­նը իր «տար­բե­րակ»նե­րը չու­նի, այլ լսո­ղու­թիւ­նը նոյն­պէս, տուեալ ան­ձին հա­մա­ձայն, ու­նի իր շար­ժա­ռիթ­ներն ու դրդա­պատ­ճառ­նե­րը։ Պատ­ճառ­ներ, ո­րոնք, ըստ կամս մար­դուն, միշտ փո­փո­խու­թեան կ­­՚են­թար­կուին եւ այն­պէս կը ներ­կա­յա­ցուին, կար­ծես ի­րա­կա­նու­թիւն են յայտ­նուած­նե­րը եւ փո­խան­ցուած­նե­րը։ Ա­ւե­լի պար­զա­բա­նե­լով, եր­բեմ­նի մեր լսած խօ­սակ­ցու­թիւն­նե­րը, զրոյց­ներն ու լու­սա­բա­նու­թիւն­նե­րը մեր իսկ կող­մէ կրնան սխալ հասկ­ցուիլ, մեր դա­տո­ղու­թեան, հա­սո­ղու­թեան, մօ­տեց­ման ե­ղա­նա­կի եւ մա­նա­ւանդ ըմբռն­ման կա­րո­ղա­կա­նու­թեան պատ­ճա­ռով։ Շա­տեր կրնան ա­ռար­կել ը­սե­լով, թէ ի՞նչ կապ ու­նին տե­սո­ղու­թիւնն ու ըմբռ­նու­մը ի­րա­րու հետ։ Հո­գե­բա­նու­թիւ­նը ինք կու գայ լու­սա­բա­նե­լու մեզ այս ուղ­ղու­թեամբ։

Հո­գե­բան­ներ տե­սո­ղու­թեան, լսո­ղու­թեան ու ըմբռն­ման հա­մա­կար­գը ի­րա­րու կը զու­գոր­դեն եւ ի­րա­րու մի­ջեւ հա­սա­րակ յայ­տա­րար մը գծե­լով՝ կը սահ­մա­նեն ը­սե­լով, թէ ըմբռ­նու­մը հո­գե­բա­նա­կան այն ե­րե­ւոյթն է, ո­րով մենք դուր­սի աշ­խար­հին մէջ ա­ռար­կա­ներ կը տես­նենք, ա­ռար­կա­նե­րու ներ­կա­յու­թիւ­նը կ՚ու­նե­նանք։ Եւ կամ՝ ա­կան­ջով երբ ձայն մը իբ­րեւ խօսք կը միա­ւո­րենք եւ կը զա­տո­րո­շենք ու­րիշ­նե­րէ եւ իբր ձայ­նե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն (rapport) կ­­՚ըմբռ­նենք՝ ա­հա ա՛յն ա­տեն կ՚ու­նե­նանք նե­րըմբռ­նումն ու ար­տըմբռ­նու­մը։ Առ այդ՝ տե­սո­ղու­թիւ­նը, լսո­ղու­թիւ­նը եւ ըմբռ­նու­մը այն կա­րո­ղու­թիւն­ներն են, ո­րոնց մի­ջո­ցաւ ար­տա­քին աշ­խար­հը ներ­կայ կ՚ըլ­լայ մե­զի, մեզ­մէ դուրս կա­տա­րուող բո­լո՛ր ե­րե­ւոյթ­նե­րը կը զգանք եւ կ­­՚ըմբռ­նենք ըն­դո­ծին տրուած վե­րո­յի­շեալ ան­դամ­նե­րով։

Մա­նուկ, պա­տա­նի, ե­րի­տա­սարդ եւ տա­րեց, մէկ խօս­քով՝ բո­լոր տա­րի­քի ա­րա­րած­ներն ալ կ­­՚ու­զեն միշտ գո­վա­բա­նուիլ, հա­ճո­յա­լի եւ գնա­հա­տե­լի խօս­քեր լսել, ա­մէ­նու­րեք ի­րենց սխրա­գոր­ծու­թեանց եւ նուա­ճում­նե­րուն մա­սին կը փա­փա­քին խօ­սուի։ Սա բնա­կան ե­րե­ւոյթ է։ Բայց կան այն­պի­սի փա­րի­սե­ցի ու կո­կո­զա­վիզ մար­դիկ, ո­րոնք չեն ու­զեր լսել ի­րենց թե­րու­թիւն­նե­րը, սխալ­ներն ու ի­րենց ան­ձին ուղ­ղուած յան­դի­մա­նու­թիւն­նե­րը, ո­րով­հե­տեւ ճշմար­տու­թեան դէմ յան­դի­ման գա­լու քա­ջու­թիւ­նը չու­նին։ Մար­դիկ, ո­րոնք սե­թե­ւե­թու­թեամբ եւ սնա­պար­ծու­թեամբ ա­նեզր փառ­քե՜ր կ­­՚ըղ­ձան հիւ­սել։ Հո­գե­կան կու­րա­պաշ­տու­թի՛ւն։

Լո­լո­զուած խօս­քե­րը, քաղց­րա­նուշ գո­վա­բա­նու­թիւն­նե­րը, գու­նա­զար­դուած գո­վեստ­նե­րը, յե­րիւ­րուած դրուա­տիք­ներն ու կոն­ծա­բա­նու­թիւն­նե­րը շատ հեշ­տու­թեամբ կրնաս լսել, սա­կայն ա­պա­գա­յին է որ ա­նոնց ար­դիւն­քը պի­տի քա­ղես ու ակ­ռա­ներդ կճռտես։ Մինչ երբ կ՚ըն­դու­նիս նպա­տա­կաուղ­ղուած խօս­քե­րը, ցու­ցան­շուած ախ­տե­րը, բա­րո­յա­հիմք ու­նե­ցող թե­լադ­րանք­նե­րը, հա­ւա­նա­բար կարճ ժամ­կէ­տի մը հա­մար քիմ­քիդ դառն թուին, բայց ա­նոնց քաղց­րա­համ պտու­ղը ան­դե­նա­կա­նին մէջ է որ պի­տի ճա­շա­կես։

Քրիս­տոս Իր ու­սու­ցում­նե­րուն ըն­թաց­քին քա­նիցս գոր­ծա­ծեց «ա­կանջ ու­նե­ցո­ղը թող լսէ» (Մտ 11.15, 13.9, 43) զգու­շա­ւոր ու դի­մառ­նա­կան խօս­քը, Իր ունկն­դիր­նե­րուն եւ ակն­դիր­նե­րուն ուշ­քը գրա­ւե­լու եւ զա­նոնք դէ­պի ճշմա­րիտ գի­տու­թիւն ա­ռաջ­նոր­դե­լու, ո­րով­հե­տեւ Իր ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին ապ­րող մար­դի­կը, սաղ­մո­սեր­գուին բա­ռե­րով, աչք ու­նէին՝ բայց չէին տես­ներ, ա­կանջ ու­նէին՝ բայց չէին լսեր (Հմմտ. Սղ 115.5-6)։ Իսկ մեր սրբա­զան հայ­րա­պետ­նե­րը ի­րենց քա­րոզ­նե­րուն ու յոր­դոր­նե­րուն իր­բեւ կցորդ պի­տի գա­յին ա­ւելց­նե­լու Քրիս­տո­սի ար­տա­սա­նած խօս­քին այ­լօ­րի­նա­կը՝ «Աչք ու­նե­ցո­ղը թող տես­նէ»։ Ու­նի՞ս ճշմա­րիտ ա­կանջ՝ լսե­լու Ճշմա­րի­տին սրբազ­նա­սուրբ խօս­քը եւ ա­կանջ՝ տես­նե­լու Ա­նոր ան­սահ­ման սէ­րը։ Պա­տաս­խա­նը դո՛ւն գի­տես միայն։

Սի­րե­լի՛ ըն­թեր­ցող, երկ­նա­ւոր Հայրդ եւ Ստեղ­ծիչդ քեզ ստեղ­ծե­լու ժա­մա­նակ նպա­տակ մը ու­նէր, որ Իր փառ­քին ծա­ռա­յես։ Ինչ­պէս դուն ինքդ ստեղ­ծուած ես նպա­տա­կի մը հա­մար, այն­պէս ալ ա­կանջդ եւ աչքդ քե­զի տրուած են ճշմար­տա­պէ՛ս լսե­լու եւ տես­նե­լու, եւ  ոչ թէ այլ ե­սա­կեդ­րոն հա­շիւ­նե­րու «շա­հար­կե­լու» եւ ծա­ռա­յեց­նե­լու։  Այժ­մէն իսկ ա­ղօ­թակ­ցէ Ներ­սէս Շնոր­հա­լի Հայ­րա­պե­տին հետ՝ ը­սե­լով. «Բո­լո­րը խնա­մող Տէր, Քու սուրբ եր­կիւղդ պա­հա­պա՛ն դիր աչ­քե­րուս՝ որ այ­լեւս ա­նա­ռակ ու ցան­կա­ցող աչ­քով չնա­յիմ, եւ ա­կանջ­նե­րուս՝ որ ա­խորժ չզգամ չար խօս­քեր լսե­լէ, եւ բե­րա­նիս՝ որ ստու­թիւն չխօ­սիմ, եւ սրտիս՝ որ չա­րու­թիւն չխոր­հիմ, եւ ձեռ­քե­րուս՝ որ ա­նի­րա­ւու­թիւն չգոր­ծեմ, եւ ոտ­քե­րուս՝ որ ա­նօ­րէ­նու­թեան ճամ­բա­նե­րէն չքա­լեմ. այլ ուղ­ղէ՛ ա­սոնց շար­ժու­մը, որ­պէս­զի միշտ Քու պա­տուի­րան­նե­րուդ հա­մա­ձայն ըլ­լան՝ ա­մէն բա­նի մէջ. եւ ո­ղոր­մէ՛ Քու ա­րա­րած­նե­րուդ եւ ին­ծի՝ բազ­մա­բե­ղիս» («Հա­ւա­տով Խոս­տո­վա­նիմ»)։

Հո­գիի՛դ աչ­քե­րը եւ ա­կանջ­նե­րը բաց, որ­պէս­զի լսես եւ տես­նես, թէ Աս­տուած ի՞նչ կ­­՚ը­սէ քե­զի։

Ա­ԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱ­ԼԱՅ­ՃԵԱՆ

Չորեքշաբթի, Մայիս 24, 2017