ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ՅՈՐԴՈՐՆԵՐ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ գիշեր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն աշխարհացրիւ իր հօտին տուաւ Ամանորի պատգամը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ, արեւմտահայերէնի վերածելով։
*
Սիրելի բարեպաշտ ժողովուրդ ի հայրենիս եւ ի սփիւռս,
Տարեմուտի այս երեկոյեան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն հայրապետական մեր սէրն ու բարեմաղթանքները կը բերենք բոլորիդ։ Ամանորը սահմանագիծն է պատմութիւն դարձած օրերու եւ յուսառատ գալիքի։
Փրկչական 2024 թուականը կը դիմաւորենք խոր մտահոգութիւններով, կը դիմաւորենք ահռելի կորուստներու անամոքելի ցաւը մեր սրտին մէջ։ Ծանր տարի ապրեցանք, սակայն Տիրոջն ապաւինած՝ յոյսով ու լաւատեսութեամբ կը նայինք մեր ազգի ապագային։ Արցախի բռնազաւթման եւ հայաթափման, Հայաստանի շուրջ ստեղծուած լրջագոյն իրավիճակով եւ առկայ հիմնախնդիրներով հանդերձ, հաստատակամ պիտի յաղթահարենք դժուարութիւնները՝ ամուր պահելով նուիրումն ու սէրը առ հայրենին եւ հաւատը առ մեր Ամենակալ Տէրը։
Սիրելիներ, ուրախութեան թէ նեղութեան պահերուն մեր ժողովուրդը միշտ ապաւինած է Աստուծոյ, միշտ ուժ ու զօրութիւն առած է Բարձրեալէն՝ հաւատքով, թէ Աստուած մեզի հետ է։ Անտարակոյս, մեր ժողովուրդի հոգեւոր ներուժն ու ոգիի ամրութիւնը մեզ պիտի առաջնորդեն վերյառնումի եւ հայոց կեանքի յաղթական վերընձիւղման։ Մենք ժառանգներն ենք ազգի մը, որ տառապած ու չարչարուած է, բայց չէ յանձնուած, ցեղասպանուած է, բայց չէ կործանուած, սրատուած է, բայց չէ մահացած։ Արդարեւ, չի կրնար ընդհատուիլ պատմութիւնը ժողովուրդի մը, որու տարեգրութիւնը զարդարուած է աստուածպաշտութեան ու հայրենասիրութեան հրաշալի վկայութիւններով, ապրելու եւ արարելու անընդմիջելի տենչանքով։ Փորձութիւնները յաճախ կը պատահին ժողովուրդներու կեանքին մէջ, սակայն, դժուարին իրավիճակներէն յաղթանակած դուրս կու գան այն ազգերը, որոնք աննկուն կը մնան ոգիով ու առ Աստուած հաւատքով եւ արիաբար կը դիմակայեն նեղութիւններուն ու մարտահրաւէրներուն։ «Տէրը ապաւէնն է բոլոր անոնց, որոնք յոյսը դրած են Անոր վրայ», կ՚ըսէ սաղմոսերգուն (17.31)։
Արդ, սիրելիներ, նոր տարիին նորոգուինք հոգիով ու միտքով, զօրանանք յոյսով, ինքնաքննութեամբ անդրադառնանք մեր ընթացքին ու գործերուն, սրբագրենք թերացումներն ու սայթաքումները, թոյլ չտանք, որ ազգային կեանքի մէջ սերմանուի ատելութիւն ու պառակտում, արմատաւորուի կործանարար յարմարուողականութիւնն ու անտարբերութիւնը։ Ապրինք հաւատքով զարդարուն կեանքով, իրարու հանդէպ աստուածապատուէր սիրով, որպէսզի զգանք Աստուծոյ շնորհաբեր ներկայութիւնը մեր մէջ։ «Մեր անձերը կառուցենք հաւատի սրբութեամբ, աղօթենք Սուրբ Հոգիով, պահենք մենք մեզ Աստուծոյ սիրով», ինչպէս կը յորդորէ առաքեալը (Յուդա 20-21)։ Միասնական ըլլանք Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ եւ մեր համախումբ ջանքերը ծառայեցնենք յանուն համազգային շահերու պաշտպանութեան, հայրենեաց ու ազգի կեանքի նոր արշալոյսի կերտման։ Գիտակցինք, որ հայրենիքը այն միակ սրբազան վայրն է, ուր ամբարուած են բոլոր ժամանակներու հայ սերունդներու աղօթքներն ու երազները, ուր շարունակ պիտի կերտուի հայոց ինքնութիւնը եւ որու սրբազան հողէն յաւէտ ուժ պիտի առնէ հայ ժողովուրդը։ Հոգածու սիրով շրջապատենք Արցախէն բռնի տեղահանուած մեր քոյրերն ու եղբայրները, անոնց մէջ առատացնենք յոյսը, թէ երբեք չմարի հայրենի Արցախ վերադարձի տեսիլքը եւ զօրեղ մնայ հաւատն առ Աստուած։ Աջակից ըլլանք կարիքաւորներուն ու նեղեալներուն եւ Բարձրեալի օգնականութիւնը հայցենք անյայտ կորսուած եւ գերեվարեալ մեր զաւակներուն ու անոնց ընտանիքներուն։
Սուրբգրական պատգամի համաձայն՝ չմոռնանք բարեգործութիւնը ու մեր ունեցած բարիքներուն զիրար մասնակից դարձնելը, քանզի այդպիսի՛ պատարագները հաճելի են Աստուծոյ (հմմտ. Եբր. 13.16) եւ այս է ճանապարհը մեր ժողովուրդի բարեպաշտ ու ապահով կեանքի, այս է ճանապարհը դարաւոր ու նուիրական արժէքներով մեր ազգի եւ պետութեան լինելիութեան ու յարատեւութեան։
Սրտագինս աղօթենք, որ Երկնաւոր Տէրը խաղաղութեան մէջ պահէ հայոց աշխարհը եւ ողջ մարդկութիւնը, Իր զօրակցութեամբ յոյսի եւ սիրոյ շնորհները եւ յաղթութեան պարգեւը սփռէ վտանգներու միջով անցնող մեր հայրենիքի եւ համայն հայութեան կեանքին այսօր եւ միշտ եւ յաւիտեան. ամէն։
Բարի, օրհնեալ Նոր տարի։