ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ԴԱՍՈՒ ԱՄԱՆՈՐԻ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔԸ
Պոլսահայ հոգեւորականաց դասը տարեմուտի առթիւ համախմբուեցաւ Գումգաբուի մէջ՝ գլխաւորութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ հոգեւոր հայրերու աւանդական հաւաքը տեղի ունեցաւ աղօթական մթնոլորտի մէջ։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր գլխաւորած թափօրը Պատրիարքարանէն ուղղուեցաւ Մայր եկեղեցի, ուր տեղի ունեցաւ ժամեգրութեան արարողութիւն, որու աւարտին միասնաբար ծնրադիր երգուեցաւ «Տէր ողորմեա՛»ն։
Կրօնական արարողութենէն վերջ թափօրը վերստին ուղղուեցաւ Պատրիարքարան, ուր դահլիճին մէջ Նորին Ամենապատուութիւնը հանդէս եկաւ հոգեւոր եղբայրներուն ուղղեալ ողջոյնի խօսքով մը։ Ան բիւր յարգանքով վերյիշեց այն հոգեւոր հայրերը, որոնք վախճանած էին անցեալ տարի։ Անցեալ տարուան հակիրճ ամփոփումը ընելէ վերջ, Նորին Ամենապատուութիւնը տարեմուտի խորհրծադրութիւնները աւարտեց բարեմաղթանքներով։
Հաւաքի մասնակից հոգեւոր հայրերը, Նորին Ամենապատուութեան օրհնութիւնը ստանալէ վերջ, միասնաբար համտեսեցին աւանդական անուշապուրը եւ իրարու հետ եղբայրաբար ողջագուրուելէ վերջ հրաժեշտ առին Գումգաբուէն։
ԱՆՁՆԱԿԱԶՄԻ ՀԱՒԱՔԸ
Միւս կողմէ, նոյն օրը յետմիջօրէին, Պատրիարքարանի փոքր դահլիճին մէջ ալ տեղի ունեցաւ անձնակազմի տարեմուտի հաւաքը, որու ընթացքին եւս մթնոլորտին կը տիրէր ուրախութիւնը։ Բոլորը Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր օրհնութիւնը ստացան եւ անկեղծ շնորհաւորութիւններ ու բարեմաղթանքներ փոխանակեցին Նոր տարուան եւ Սուրբ Ծնունդի առթիւ։