«ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԸ ԶՈՀՈՒԱԾ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐՈՒ ԿՈՂՔԻՆ» ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԵԱՆ ԱՆԴԱՄՆԵՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾԻՆ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց «Համալսարանը զոհուածներու ընտանիքներու կողքին» նախաձեռնութեան անդամները։ Երեւանի Պետական համալսարանի զանազան ֆաքիւլթէներու ուսանողներէ բաղկացեալ խումբ մըն էր այս մէկը, որ Վեհափառ Հայրապետին ներկայացաւ պատմաբան Միքայէլ Մալխասեանի գլխաւորութեամբ։ Այս առթիւ ան որդիական խոնարհութեամբ ողջունեց Նորին Սրբութիւնը եւ ներկայացուց նախաձեռնութեան անդամները։ Արտայայտուեցաւ նաեւ նախաձեռնութեան համահեղինակ Եդուարդ Գալստեան։ Այս վերջինը դիտել տուաւ, որ նախաձեռնութիւնը միտուած է նեցուկ եւ զօրավիգ ըլլալ այն ընտանիքներուն, որոնք պատերազմի հետեւանքով իրենց զաւակները կամ հարազատները կորսնցուցած են։ Ան յոյս յայտնեց, թէ եկեղեցին այս ուղղութեամբ կը շարունակէ բերել իր անփոխարինելի ներդրումը՝ միշտ հաւատարիմ իր առաքելութեան։

Ապա Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց երիտասարդ ուսանողներու նախաձեռնութիւնը՝ անոնց բերելով իր հայրապետական գնահատանքն ու օրհնութիւնը։ Ան բնական ու կարեւոր համարեց նախաձեռնութիւնը՝ ընդգծելով, որ իւրաքանչիւրի պարտքն ու պարտականութիւնն է այս դժուարին պահուն զօրակցիլ այդ ընտանիքներուն։ Արցախի երկրորդ պատերազմի կորուստներուն մասին խօսելով՝ Նորին Սրբութիւնը նշեց, որ նահատակներու յիշատակը պէտք է ոգեշնչման աղբիւր ըլլայ՝ ապրելու, արարելու եւ ապագայի նկատմամբ նոր յոյսով լեցուելու համար։ Ան անդրադարձաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Աջակցինք Արցախին» ծրագրին ու նպատակներուն։ Պատերազմի օրերու եւ յետպատերազմեան շրջանի եկեղեցւոյ գործունէութեան անդրադառնալով՝ Վեհափառ Հայրապետը տեղեկացուց, որ կատարուած են հոգեխնամական աշխատանքներ, ընկերային աջակցութեան ջանքեր գործադրուած են եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինը փորձած է նաեւ իր հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ լուծել Արցախի տեղահանեալ ընտանիքներու կեցութեան հարցը։

Վեհափառ Հայրապետը երիտասարդներուն հետ խօսեցաւ նաեւ վիրաւորներու, զոհերու, գերիներու եւ կորսուածներու ընտանիքներուն նկատմամբ ցուցաբերուելիք հոգեւոր խնամքի կարեւորութեան մասին։ Այս կապակցութեամբ ան տեղեկացուց, որ նկատի ունենալով խնդրի նրբութիւնը՝ հոգեւորականներու համար կազմակերպուած են վերապատրաստման յատուկ դասընթացքներ, որոնց ներգրաւուած են համապատասխան մասնագէտներ։ Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց, որ ապագային կը նախատեսուի Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի եւ վանքերու յարակից ստեղծել վերականգնման կեդրոններ։

Վերջաւորութեան երիտասարդ ուսանողները Վեհափառ Հայրապետին ուղղեցին զանազան հարցումներ։

Երկուշաբթի, Մարտ 1, 2021