«ՏՐՏՈՒՄԵՐԵՍ ՄԻ՛ ԸԼԼԱՔ…»

Մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս Իր երկրաւոր առաքելութեան ընթացքին բազմաթիւ քարոզներ խօսեցաւ ժողովուրդին: Քարոզներ, որոնք սովորական քարոզ ըլլալէ անդին կեանքի, ապրելակերպի մարտահրաւէրներ էին, զորս առաջին հերթին Ի՛նք գործադրեց ու ապա թելադրեց մարդոց գործադրել: Այդ թելադրութիւններէն մէկը, որ պահքի, պահեցողութեան վերաբերեալ էր, հետեւեալն էր. «Երբ ծոմ կը պահէք, տրտումերես մի՛ ըլլաք կեղծաւորներուն նման, որոնք իրենց երեսը կը կախեն, որպէսզի մարդոց ցոյց տան, թէ ծոմ կը պահեն: Վստահ եղէք միայն ատիկա է անոնց վարձատրութիւնը: Ընդհակառակը, երբ դուն ծոմ կը պահես, օծէ՛ գլուխդ եւ լուա՛ երեսդ, որպէսզի մարդիկ չտեսնեն, թէ ծոմ կը պահես, այլ՝ միայն Հայրը, որ անտեսանելի է. եւ Հայրդ, որ կը տեսնէ կատարածդ, քեզ պիտի վարձատրէ յայտնապէս» (Մտ 6.16-18):

Սխալ է այն կարծիքը կամ մտայնութիւնը, թէ պահեցողութիւնը՝ Մեծ պահքի ժամանակաշրջանը ծանր, դառն, դժուար, եւ կամ անտանելի շրջան է: Միթէ Աստուծոյ ներկայութիւնը կամ Անոր հետ ամէնօրեայ խօսակցութիւնն ու յարաբերութիւնը կրնա՞ն ծանր, դառն, դժուար կամ անտանելի ըլլալ: Չէ՞ որ պահեցողութեան ընթացքը մնայուն ու յարատեւ կապ մըն է Աստուծոյ հետ աղօթքի միջոցով, ինչպէ՞ս կարելի է այդպէս սխալ կարծիք կազմել:

Տակաւին, պահեցողութիւնը պարտադրանք մը չէ: Պահեցողը իր հոգիին փրկութեան համար կը պահէ, իսկ չպահեցողն ալ ինք պատասխան պիտի տայ Աստուծոյ: Ոչ ոք միւսը դատելու իրաւունք ունի հետեւաբար:

Անոնք որոնք պահք կը պահեն սակայն, պէտք է ուշադրութեամբ կարդան Տիրոջ խօսքերը եւ փորձեն գործադրել, աւելի ճիշդ՝ փորձեն ապրիլ այնպէս ինչպէս Տէրը կը թելադրէ: Պահքը չէ՛ եղած, որպէսզի մենք մեզ տրտմեցնենք, մենք մեզ թոյլ, տկար, ուժասպառ ձեւացնենք: Պահքը չէ՛ եղած ձեւականութեան համար: Պահքին նպատակը թատրերգութիւն խաղալ չէ: Պահքին ընթացքը տրտմութեան, տխրութեան ընթացք մը չէ երեւութապէս, այլ՝ տրտմութեան ու տխրութեան ընթացք մը կրնայ ըլլալ ներքնապէս՝ երբ մեր հոգին մեղքերով վիրաւոր ու կոտրուած է: Այլապէս, ինչպէս մեր Փրկիչը կ՚ըսէ, եթէ մեր պահքը պարզապէս ուրիշներուն դիմաց ցուցադրութիւն մը ըլլայ, այդ պահեցողութենէն արդիւնք չենք կրնար քաղել, որովհետեւ մարդիկ մեզ կը վարձատրեն: Իսկ եթէ մեր պահքին ընթացքը ներքին ընթացք մը ըլլայ, այսինքն՝ մնայուն կապ Աստուծոյ հետ՝ աղօթքով եւ ապաշխարութեամբ, ողորմածութեամբ եւ կարիքաւորներուն օգնութեամբ միա՛յն ի տես Աստուծոյ՝ Ամենատեսին, այդ պարագային մեր պահեցողութեան արդիւնքը բացառիկ կ՚ըլլայ, որով մեր պահեցողութեան ղեկը ո՛չ թէ մեր սին ցանկութիւններն են, այլ՝ Աստուծոյ Սուրբ Կամքը:

Երկրորդ օրուան մարտահրաւէր. Պէտք է ըմբռնենք ու լաւապէս գիտակցինք, թէ Աստուած մարդուն «սիրտին գաղտնիքները գիտէ» (Սղ 44.21), եւ մեր ձեւականութիւնները կրնայ ըլլալ մեր նմանները խաբեն, բայց զԱստուած՝ երբեք: Այդ պատճառով ալ պահեցողութեան այս ընթացքին պիտի փորձենք ձերբազատուիլ մեր մէջ բոյն դրած ամէն տեսակի ձեւականութիւններէ ու կեղծիքներէ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Երեքշաբթի, Մարտ 1, 2022