ՀԱՆԳԻՍՏ Տ. ՎԱՀԱՆ ԾԱՅՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆԻ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ շաբաթավերջին ի Տէր հանգած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան երէց միաբաններէն Տ. Վահան Ծայրագոյն Վարդապետ Պէրպէրեան։ Շաբաթ վաղ առաւօտեան ժամերուն վախճանած է ան եւ իր վերջին օծման, յուղարկաւորութեան ու թաղման կարգերը նախատեսուած են այսօր։ Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ, նորոգ վախճանեալ հայր սուրբի վերջին օծումը տեղի կ՚ունենայ այսօր, յընթացս Ս. Պատարագի, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր տաճարին մէջ։

Կիլիկեան միաբանութեան այս երէց անդամի կենսագրութիւնն ալ հրապարակուած է Կաթողիկոսարանի դիւանին կողմէ։ Այսպէս, հոգելոյս Տ. Վահան Ծայրագոյն Վարդապետ Պէրպէրեան, աւազանի անունով Յովսէփ, 1945 թուականին ծնած էր Սուրիոյ մէջ։ Նախակրթութիւնը ստացած էր տեղւոյն Ազատութիւն Ազգային վարժարանին մէջ։ 1960 թուականին ընդունուած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքը։ 1964-ին ձեռնադրուած էր սարկաւագ, իսկ 1967-ին՝ օծուած կուսակրօն քահանայ։ 1971-ին ստացած էր վարդապետական գաւազան, իսկ 1983-ին՝ ծայրագոյն վարդապետութեան իշխանութիւն։ Անթիլիասի մէջ զանազան վանական պաշտօններ ստանձնած էր, եղած էր դպրեվանքի ուսուցիչ ու գաւազանակիր։ 1973 թուականին հովուական առաքելութեամբ մեկնած էր Քարաքաս, Վենեզուելա, ուր ծառայած էր ամբողջ քառորդ դար։ 1998-2000 թուականներուն հովուական ծառայութիւնը շարունակած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս։ 2000-2006 թուականներուն ալ եղած էր Գանատայի Վանքուվըր քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը։ 2006 թուականին Բերիոյ թեմէն ներս սպասաւորութեան կոչուած էր՝ որպէս առաջնորդի օգնական։ 2017 թուականէն ի վեր վերադարձած էր Անթիլիաս։

Յիշատակն արդարոց օրհնութեամբ եղիցի։

Երեքշաբթի, Մարտ 1, 2022