ՁԵԶ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆ ՄԵԶ ԲԱՐԻ ԶԱՏԻԿ

Թերեւս պէտք է մտածել, որ սմարթ ֆօներու, այֆօններու, կէյմերու եւ ռօպլօքսներու այս աշխարհին մէջ այլեւս դժուար է հին, շա՜տ հին աւանդոյթները պահպանել, ապրեցնել, սերմանել ու  յաջորդին փոխանցել։

Այդպէս է անկասկած, երբ դեռ մէկ-երկու տարեկան մանուկները այլեւս իրենց ձեռքերուն մէջ բռնած գործիքի մը ընդմէջէն կը դիտեն աշխարհը ու կը շփուին անոր հետ։ Եթէ մեր ժամանակներուն այդ պատուհանը մեր մայրերուն պատմածներն էին, իրենց յուշերը, փայտիկներէ շինուած խաղալիքներն ու կարուած պուպրիկները, հիմա աս տեսարանները նոյնիսկ դժուար է երեւակայել մերօրեայ մանուկներուն համար։ Ենթադրական, իրենց շինած լայն ու հարուստ ոչ թէ աշխարհ, այլ՝ աշխարհներ կան անոնց ձեռքերուն մէջ.... եւ ի՛նչ խօսք, երբ աչք մը կը նետես այդ շինծու աշխարհներուն վրայ, կատարելագործուած են անոնք, գունաւոր ու գայթակղիչ...

Մեր՝ պարզունակ խաղալիքներու կամ առաւելագոյնը պարպիներու եւ ձայն ու լոյս արձակող հեռավար ինքնաշարժներու եւ օդանաւներու շրջանէն եկածներուն համար գեղեցիկ է այս աշխարհը անկասկած, բայց՝ սուտ։ Եւ կարելի է՞ չմտորել, թէ ենթադրական աշխարհներուն ընդմէջէն կեանքին ծանօթացող մեր մանուկները ինչպէ՞ս պէտք է ճանչնան օրինակ հողը, անոր հոտը, բնութեան կանաչը,  տերեւներուն սօսափը, աղբիւրներուն կարկաչը, լեռներուն շուքը, հաւին ու գորտին ձայնը... ինչպէ՞ս պիտի վայելեն ոչ թէ գծուած, այլ՝ իրական ծիածանն ու անոր սփռած հոգեւոր խաղաղութիւնը... անգլերէնով իրար հետ զրուցած «պրօ»ներու եւ «իզի»ներու այդ աշխարհին մէջ ինչպէ՞ս պիտի զգան միմեանց ցաւը։  եւ վերջապէս... ապահով ըլլալու համար դիմակ դնել,  իրարմէ մի՛շտ հեռու մնալ ու այս գործիքներուն միջոցաւ հաղորդակցիլ առաջարկող այս ներկային մէջ ինչպիսի՛ «մարդիկ» պիտի պատրաստենք մենք...

Նման չենք մենք քարանձաւի, միջնադարի, 20-րդ դարու եւ նոյնիսկ վերջին համաճարակէն առաջ ապրող մարդուն. ուրեմն, մարդու սահմանումը դարձեալ պիտի փոխուի եւ «այլ» մարդիկ պիտի ըլլան մեզի յաջորդողները...

Բայց «պէտք չէ՛ յուսահատիլ» պիտի ըսենք մէկս միւսին ու վերի հարցումներուն պիտի պատասխանենք, երբ սիրով, համբերանքով ու անկեղծօրէն փորձենք մեր արժէքները համատեղել մերօրեայ՝ թուայնացած այս աշխարհին հետ, ոչ թէ խօսելով այլ՝ պարզապէս  ընելով։ Լսելէն աւելի դիտող են մեր մանուկները, մեր ըրածները կը դիտեն եւ զանոնք կը փորագրեն իրենց միտքերուն ու հոգիներուն մէջ։ Մէկ, երկու, վեց, տասը, յաճախ ու միշտ, երբ ժամանակին համահունչ թարմացումներով կրկնուի այս երեւոյթը, անկասկած այդ փորագրուածը այլեւս անջնջելի կ՚ըլլայ ու չի զիջիր ժամանակի դժուարագոյն մարտահրաւէրներուն....

Այսպէս, արդի քայլ ու կշիռով կարելի է առանց վարանելու սերմանել մեր մայրենին, մեր երգերը, շարականները, մեր առասպելները, հերոսները, մեր սուրբերն ու անոնց զօրութիւնները, մեր ազգային գունագեղ տօներն ու հարուստ-հարուստ մեր աւանդոյթները...

Կրնանք, անկասկած, Տեառնընդառաջին վառել մեր խարոյկները, կրնանք լապտերները տուն բերել ու լուսաւորել այսօրուան նոյնանման տարափէն մթագնած մեր ոգիները, կրնանք Աւարայրին ու Վարդանին մասին պատմել, գողթնի քնարքը չլռեցնել ու մաքրագործել մեր աղաւաղուած ականջները, կրնանք մեծ ու պզտիկ ծպտուիլ ու «Ձեզ բարեկենդան, մեզ բարի Զատիկ» ըսելով շէնցնել բազմութիւններուն մէջ ամայացած մեր հոգիները...

Կրնանք։

Եւ ահա՛ ոչ ենթադրական այլ իրական աշխարհին մէջ Բարեկենդանը տօնելու համար հաւաքուեցան մեր մանուկները Գահիրէի ու զանազան գաղութներու՝ իրենց գոյութեան պատճառն ու նպատակը գիտակցող  հայկական բոլոր դպրոցներէն ու միութիւններէն ներս։

Բազմատեսակ ու խայտաբղէտ էին անոնց տարազները. հանրութեան ընդառաջ յամեցան մեր ժամանակներու աւանդական մանկական կերպարներէն մինչե՜ւ աշխարհը փրկող «փէլէրին»ով հերոսները.

Ջերմօրէն ծափահարուեցան մեր իշխանուհիները, աճպարարները, ծովահէնները, օդաչուները, ոստիկանները, հրշէջները, բժիշկները, պարուհիները, փարաւոնները, մարզիկները, ծաղրածուները, մեղուներն ու ելակները, վիրուսներն ու անոնց սրսկումները, թօմերն ու ճէրիները, սուբըրմէնները, պէթմէնները, ուուտիները, պազերն ու ֆրօզընները եւ դեռ շա՜տ շատերը...

Անկարելի է չնկատել աս բոլոր հերոսները դիմաւորող մեծահասակները. մանուկներուն պէս ծպտուելով ու կերպարանափոխուելով ուրախացողները չեն անոնք, այլ՝ կարծես քանի մը ժամ դառն իրականութիւններէն փախողները, ինքնակամ խաբկանքին կառչողներն ու այդ ուրախութեամբ  տարուողները....

Քիչ մը ուշ, երբեմն ալ ուշացած կը հասկնանք, որ աննկատ սահած տարիներուն ընթացքին մեր երեսին վրայ շռնդացող ապտակներով է, որ մանկութեան իրականութիւնները հետզհետէ կ՚ըլլան մեր ժամացոյցի պէս լարուած կեանքին ճշմարիտ սուտերը, մեզ մոխրագոյն երկրէն դէպի լազուր բարի՜ երկինքներ տանող կախարդական աստիճանները...

Բոլորս ալ կարիք ունինք կախարդական այս պահերուն տուած լիցքաւորման.

Որպէսզի շարունակենք....

Շնորհակալութիւն բոլոր անոնց, որոնք կը մտածեն,  կ՚աշխատին, ժամանակ, ջանք ու սէ՜ր կը տրամադրեն այս պահերը մեզի նուիրելու համար։

ՍԵՒԱՆ ՍԵՄԷՐՃԵԱՆ

Գահիրէ

Երեքշաբթի, Մարտ 1, 2022