ԲԱԶՄԱՌԱՆՑՔ ԱՐԺԵՒՈՐՈՒՄ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը։ Երէկ սկսան ժողովները՝ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի բարձր նախագահութեամբ։

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգին հաղորդումներով, նստաշրջանը բացուեցաւ Տէրունական աղօթքով։ Վեհափառ Հայրապետին գլխաւորութեամբ ԳՀԽ-ի անդամները աղօթեցին 1988 թուականի փետրուարին Սումկայիթի մէջ իրականացուած ջարդերուն զոհ գացած հայորդիներու հոգիներու խաղաղութեան եւ հանգստութեան համար։ Այնուհետեւ ԳՀԽ-ի հոգեւորական եւ աշխարհական անդամներուն իր օրհնութիւնն ու բարեմաղթանքները փոխանցեց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը՝ բոլորին մաղթելով արդիւնաւէտ աշխատանք։

Նորին Սրբութիւնը ողջունեց նաեւ ԳՀԽ-ի կազմէն ներս ընդգրկուած նոր անդամները՝ Շիրակի թեմի առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանը, Դամասկոսի թեմի առաջնորդ Տ. Արմաշ Եպսկ. Նալպանտեանը, Արցախի թեմի առաջնորդ Տ. Վրթանէս Եպսկ. Աբրահամեանը, Գուգարաց թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Եպսկ. Յակոբեանը, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Մեսրոպ Վրդ. Պարսամեանը եւ Հայկ Իգնաթեանը։

Նստաշրջանի օրակարգին վրայ ընդգրկուած են զանազան նիւթեր, որոնք բազմառանցք արժեւորում մը կը նախատեսեն։ Այսպէս, ԳՀԽ նկատի կ՚ունենայ ազգային, եկեղեցա-վարչական, կանոնական, կարգապահական, հայեցակարգային եւ եկեղեցւոյ առաքելութեան արդիւնաւորման վերաբերեալ հարցեր։ Քննարկման առարկայ կը դառնան Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ստեղծուած կացութիւնը եւ առկայ մարտահրաւէրներու յաղթահարման ուղղեալ եկեղեցւոյ առաքելութիւնը, Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի օծման, Միւռոնօրհնութեան եւ յարակից այլ միջոցառումներու կազմակերպչական աշխատանքները։

Չորեքշաբթի, Մարտ 1, 2023