ՊԱՀԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ ՆՊԱՏԱԿԸ

Պահեցողութեան 33-րդ օրն է:

Շատերու համար պահեցողութիւնը սահմանուած ժամանակաշրջանի մը համար եղած փորձառութիւն մըն է, եւ միայն: Ուրիշներու համար նորութիւն մը, փորձել իմանալու համար արդեօք պիտի յաջողի՞ն դիմանալ: Իսկ ուրիշներու համար հոգին ազնուացնելու եւ Աստուծոյ համար անուշաբոյր դարձնելու հերթական առիթն է, որ կը տանին մեծ սիրով:

Արդարեւ, եթէ պահեցողութիւնը կ՚ընկալենք միայն որոշ ժամանակաշրջանի մը համար, ատով ոչինչ կրնանք օգտուիլ այդ պահեցողութենէն: Աւելի՛ն, եթէ մեր պահեցողութեամբ մեր հոգիին համար յաւիտենական ձեռքբերում մը չկարենանք ունենալ, դարձեալ անօգուտ է մեր պահեցողութիւնը: Որովհետեւ պահեցողութեան նպատակը միայն այդ սահմանուած ժամանակաշրջանը չէ, այլ՝ մեր ամբողջ կեանքը, ինչպէս կ՚ըսէ Պօղոս Ադրիանապոլսեցի Պատրիարքը. «Պէտք է ծոմով, պահեցողութեամբ եւ ժուժկալութեամբ ճնշել մարմինը, որպէսզի հլու հնազանդութեամբ մինչեւ վերջ Աստուծոյ ծառայէ» (Պօղոս Պատրիարք Ադրիանապոլսեցի): Շատ յստակ ու պարզ են Պատրիարք Հօր խօսքերը, որով իւրաքանչիւր պահեցողի համար յստակ կը դառնայ պահեցողութեան իսկական նպատակը: Հետեւաբար, պահեցողները պիտի աշխատին այս ժամանակաշրջանին, իրենց՝ Աստուծոյ նկատմամբ հնազանդութեան մէջ քայլ մը առաջ երթալ եւ աւելի ինքնավստահութեամբ հնազանդին Աստուծոյ: Այլապէս, եթէ պահեցողութիւնը սամանափակենք ֆիզիքականով եւ ֆիզիքական սպասումներով, պարզապէս մենք մեզ խաբած կ՚ըլլանք, աւելի վատը անցողիկը՝ մեր ֆիզիքական գոյութիւնը գերադասած կ՚ըլլանք քան յաւիտենականը՝ անմահ հոգին, որ փառաւորուած մարմինով կոչուած է յաւիտենապէս ապրելու: Մեզի կը մնայ ընտրութիւնը:

Երեսուներեքերրորդ օրուան մարտահրաւէր. դաստիարակել մեր հոգիները որպէսզի Աստուծոյ հնազանդին եւ մի՛ միայն Աստուծոյ:

ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Վաղարշապատ

Ուրբաթ, Ապրիլ 1, 2022