ՄԵՆԵՐԳՉՈՒՀԻ ԼԻՏԱ ՔԷՕՍԷՕՂԼՈՒ ԵՐԷԿ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՄՈՆՐԷԱԼԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻ ԵՐԳԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գանատայի թեմակալ առաջնորդ Տ. Աբգար Եպսկ. Յովակիմեան երէկ պատարագեց Մոնրէալի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Առաջնորդանիստ մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Նորին սրբազնութեան առընթերակայ էր Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Տ. Դաւիթ Քհնյ. Մարգարեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան տեղւոյն Կոմիտաս երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Մուրատ Տեմիրտէօէնի եւ երգեհոնահարութեամբ Նարինէ Վարդիվառեանի։ Երգեցողութիւններուն մասնակցեցաւ նաեւ մեներգչուհի Լիտա Քէօսէօղլու, որ հիւրաբար Մոնրէալի մէջ կը գտնուէր։

Պատարագիչ առաջնորդ սրբազանը խօսեցաւ օրուան քարոզը, որու ընթացքին գնահատանքով ներկայացուց Լիտա Քէօսէօղլուն, որ ապագային ծառայութիւն պիտի բերէ Թորոնթոյի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։ Ս. Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն՝ Անդրանիկ եւ Վերոն Ճիհանեաններու հոգւոցն ի հանգիստ։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ ընդունելութիւն մը տեղի ունեցաւ յարակից Վաչէ Յովսէփեան սրահի երդիքին տակ։

Երկուշաբթի, Մայիս 1, 2023