ԿԻԼԻԿԵԱՆ ԱԹՈՌԻ ԳԱՀԱԿԱԼԸ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԻ ՀԱՅՐԵՆԱՆՈՒԷՐ ԿԵՑՈՒԱԾՔԻՆ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը եւ Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը։ Անթիլիասի աղբիւրներու հաղորդումներով, անոնք կանգ առին Հայաստանի առկայ խնդիրներուն եւ տագնապալից իրադրութեան վրայ։
Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետն ու Կիլիկեան Աթոռի գահակալը հերթական անգամ շեշտեցին Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնն ու անվտանգութիւնը ամուր պահելու հրամայականը։ Անոնք ընդգծեցին նաեւ այս ուղղութեամբ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ անխախտ յանձնառութիւնը։ Տ.Տ. Գարեգին Բ. եւ Տ.Տ. Արամ Ա. միեւնոյն ժամանակ ընդգծեցին հայ ժողովուրդի ներքին միասնականութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը՝ յատկապէս ներկայ տագնապալի շրջանին։
Կիլիկեան Աթոռի գահակալը զրոյցի ընթացքին իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնեց Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին եւ ընդհանրապէս Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի նկատմամբ՝ հայրենանուէր կեցուածքի եւ այս ուղղութեամբ ձեռնարկուած աշխատանքներուն համար։