ՎԵՀԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԱԿԱՆՆԵՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Ֆրեզնոյի Պետական համալսարանի (Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ) Հայագիտութեան ամպիոնէն խումբ մը ուսանողներ՝ գլխաւորութեամբ ամպիոնի վարիչ տքթ. Պարլոու Սրկ. Տէր-Մկրտիչեանի։ Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը ուսանողներուն փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու բարեմաղթանքը, նաեւ իր գնահատանքը յայտնեց Տէր-Մկրտիչեանին՝ հայ երիտասարդները մշտապէս Հայաստանի հետ կապելու եւ զանոնք հայկական ոգիով կրթելու համար։ Նորին Սրբութիւնը զրոյցի ընթացքին անդրադարձաւ Հայաստանէ եւ Արցախէ ներս ստեղծուած դժուարին իրավիճակին եւ յորդորեց, որպէսզի երիտասարդ ուսանողներն ալ, իրենց հերթին, ամէն հնարաւորութիւն օգտագործեն Արցախի հայութեան ազատ ու անկախ ապրելու իրաւունքի արդար պահանջը բարձրաձայնելու համար բոլոր ատեաններու մէջ եւ կանխելու համար Ատրպէյճանի ծաւալապաշտ քաղաքականութիւնը։

Հանդիպման ընթացքին Տէր-Մկրտիչեանն ալ տեղեկացուց, որ իր գլխաւորած ամպիոնի դասընթացքներուն շուրջ 400 ուսանող կը մասնակցի։ Ան կարեւորեց ուսանողներու Հայաստան այցելութիւնը, ինչ որ անոնց համար լաւագոյն հնարաւորութիւնը կ՚ընձեռէ՝ հայ հոգեւոր ու մշակութային ժառանգութիւնը ճանչնալու եւ անոր հետ հաղորդակցելու տեսակէտէ։ 

Հինգշաբթի, Յունիս 1, 2023