ԱՌԱՆՑՔԱՅԻՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի բարձր նա­խա­գա­հու­թեամբ, 28-30 Յու­նիս թուա­կան­նե­րուն Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցան Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խոր­հուր­դի ընդ­լայ­նուած կազ­մով ժո­ղով­նե­րը։ Նիս­տե­րը վա­րե­ցին Ար­ցա­խի Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Պար­գեւ Արք. Մար­տի­րո­սեան, Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րե­ւե­լեան Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Խա­ժակ Արք. Պար­սա­մեան եւ Աւստ­րա­լիոյ եւ Նոր Զե­լան­տա­յի Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Հայ­կա­զուն Եպսկ. Նա­ճա­րեան։ Նստաշր­ջա­նի ըն­թաց­քին քննու­թեան առ­նուե­ցան մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն, ե­կե­ղե­ցա­կան ներ­քին կեան­քին ու ե­կե­ղե­ցա­կան ժո­ղո­վա­կան կա­ռոյց­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ հար­ցեր։

Ա­մե­նայն Հա­յոց Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին մաս­նա­ւոր անդ­րա­դարձ կա­տա­րուե­ցաւ Հռո­մի Սրբա­զան Քա­հա­նա­յա­պե­տի Հա­յաս­տան կա­տա­րած այ­ցե­լու­թեան։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նեց, որ տա­կա­ւին 2014 թուա­կա­նին Հա­յաս­տան հրա­ւի­րուած Ֆրան­սիս­քոս Ա. Պա­պը ան­ցեալ տա­րի նա­մա­կով մը հաս­տա­տած էր իր այ­ցե­լու­թեան ի­րա­կա­նաց­ման այս տարուան հա­մար։ Ուս­տի, Յու­նի­սի 24-26-ին ան Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ ե­ղաւ եղ­բայ­րա­կան այ­ցե­լու­թեամբ, որ ան­ցաւ հո­գե­ւոր ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ։ Այս այ­ցե­լու­թեան վե­րա­բե­րեալ զե­կոյ­ցով մը հան­դէս ե­կաւ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Դի­ւա­նա­պետ Տ. Ար­շակ Եպսկ. Խա­չատ­րեան, որ գլխա­ւո­րեց այ­ցե­լու­թեան կազ­մա­կեր­պիչ յանձ­նա­խում­բը։ Գե­րա­գոյն հո­գե­ւոր խոր­հուր­դի (ԳՀԽ) ան­դամ­նե­րը ու­րա­խու­թեամբ ար­ձա­նագ­րե­ցին, որ Ֆրան­սիս­քոս Պա­պի դէ­պի Հա­յաս­տան ե­ռօ­րեայ այ­ցե­լու­թիւ­նը լա­ւա­գոյն վկա­յու­թիւնն էր Հա­յաս­տա­նեայց Ա­ռա­քե­լա­կան եւ Կա­թո­լիկ ե­կե­ղե­ցի­նե­րու մի­ջեւ եղ­բայ­րա­կան ջերմ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն եւ գոր­ծակ­ցու­թեան։ Ժո­ղո­վա­կան հայ­րե­րը նաեւ ի­րենց գնա­հա­տան­քը յայտ­նե­ցին այ­ցե­լու­թեան կազ­մա­կեր­պիչ յանձ­նա­խում­բին եւ կազ­մա­կերպ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն մաս­նակ­ցած բո­լոր ան­ձե­րուն հա­մար։

Ժո­ղո­վի ըն­թաց­քին ԳՀԽ­-ի ան­դամ­նե­րու ու­շադ­րու­թեան յանձ­նուե­ցաւ Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիարք Տ. Նուր­հան Արք. Մա­նու­կեա­նի կող­մէ ներ­կա­յա­ցուած դի­մում մը։ Ե­րու­սա­ղէ­մի Ս. Յա­րու­թեան տա­ճա­րէն ներս Տի­րոջ Ս. Գե­րեզ­մա­նի նո­րո­գու­թեան ծրագ­րին Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ մաս­նակ­ցու­թեան մա­սին էր այդ դի­մու­մը։ Ընդգ­ծե­լով Ե­րու­սա­ղէ­մի կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը հա­մազ­գա­յին կեան­քէ ներս եւ Ս. Տե­ղեաց պահ­պա­նու­թեան գոր­ծին մէջ հա­յոց ե­կե­ղեց­ւոյ պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը՝ Ա­մե­նայն Հա­յոց Հայ­րա­պե­տին նա­խա­գա­հու­թեամբ ԳՀԽ յանձ­նա­ռու ե­ղաւ օ­ժան­դա­կե­լու Ե­րու­սա­ղէ­մի Հա­յոց Պատ­րիար­քու­թեան եւ աշ­խար­հաս­փիւռ թե­մե­րու մի­ջո­ցաւ ա­պա­հո­վե­լու անհ­րա­ժեշտ գու­մա­րը։

31 Հոկ­տեմ­բեր-4 Նո­յեմ­բեր թուա­կան­նե­րուն Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ պի­տի գու­մա­րուի Ե­կե­ղե­ցա­կան-ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան ժո­ղով, ո­րու կազ­մա­կերպ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն ըն­թաց­քը եւս ե­կաւ ԳՀԽ­-ի ժո­ղո­վի օ­րա­կար­գին վրայ։ Այս մա­սին զե­կու­ցում մը ներ­կա­յա­ցուց Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Ա­րա­րո­ղա­կար­գի բաժ­նի ղե­կա­վար Տ. Նա­թան Արք. Յով­հան­նի­սեան, որ կ՚ա­տե­նա­պե­տէ ժո­ղո­վի կազ­մա­կեր­պիչ յանձ­նա­խում­բին։

Որ­պէս Կա­նո­նադ­րու­թիւն­նե­րու մշակ­ման յանձ­նա­խում­բի ա­տե­նա­պետ՝ Հիւ­սի­սա­յին Ա­մե­րի­կա­յի Ա­րեւմ­տեան Թե­մի Ա­ռաջ­նորդ Տ. Յով­նան Արք. Տէր­տէ­րեանն ալ ԳՀԽ­-ի ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին ներ­կա­յա­ցուց իր գլխա­ւո­րած յանձ­նա­խում­բին կող­մէ մշա­կուած նա­խագ­ծեր՝ Ազ­գա­յին-ե­կե­ղե­ցա­կան ժո­ղո­վի եւ ԳՀԽ­-ի կա­նո­նադ­րու­թիւն­նե­րուն։ Քննար­կում­նե­րու ըն­թաց­քին այդ բա­նաձե­ւե­րու յօ­դուած­նե­րուն շուրջ կա­տա­րուե­ցան զա­նա­զան ա­ռա­ջարկ­ներ եւ նկա­տա­ռում­ներ, ո­րու հի­ման վրայ յանձ­նա­խում­բին յանձ­նա­րա­րուե­ցաւ լրամ­շա­կել զա­նոնք ու ներ­կա­յաց­նել ԳՀԽ­-ի յա­ռա­ջի­կայ ժո­ղո­վին։

Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Ըն­կե­րա­յին ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րու գրա­սե­նեա­կի տնօ­րէն Տ. Մար­կոս Քհնյ. Ման­կա­սա­րեան զե­կու­ցեց «Ա­ջակ­ցու­թիւն Ար­ցա­խին» ծրագ­րի մա­սին՝ անդ­րա­դառ­նա­լով Մայր Ա­թո­ռի կող­մէ Հայ Ե­կե­ղեց­ւոյ աշ­խար­հաս­փիւռ թե­մե­րէն ներս կա­տա­րուած հան­գա­նա­կու­թիւն­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ Սուրբ Էջ­միած­նի զա­նա­զան կա­ռոյց­նե­րուն եւ թե­մե­րուն կող­մէ Ար­ցախ ու­ղար­կուած մար­դա­սի­րա­կան օգ­նու­թեան։

Գո­հու­նա­կու­թիւն յայտ­նե­լով ե­կե­ղե­ցա­կան կա­ռոյց­նե­րու եւ թե­մե­րու կող­մէ ցու­ցա­բե­րուած ա­ջակ­ցու­թեան ա­ռըն­չու­թեամբ՝ ԳՀԽ կա­րե­ւո­րեց այս ուղ­ղու­թեամբ աշ­խա­տանք­նե­րուն շա­րու­նա­կու­թիւ­նը՝ զօ­րա­վիգ ըլ­լա­լու հա­մար ար­ցա­խա­հա­յու­թեան եւ ա­նոր կա­րիք­նե­րուն։ Ժո­ղո­վը փա­կուե­ցաւ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տի օրհ­նու­թեան ու գնա­հա­տան­քի խօս­քով եւ «Պահ­պա­նիչ» ա­ղօթ­քով։

ՆԱՄԱԿԻ ՀԱՐՑԸ

Միւս կող­մէ, «news.am» կայ­քէ­ջը տե­ղե­կա­ցուց, թէ ԳՀԽ­-ի նստաշր­ջա­նին ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կած է նաեւ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի կող­մէ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նին ու­ղար­կուած նա­մա­կին հար­ցը։ Ծա­նօթ է, որ Պուն­տես­թա­կի ո­րո­շու­մէն վերջ ու­ղար­կուած այդ նա­մա­կը յա­ռա­ջա­ցու­ցած էր լուրջ աղ­մուկ Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Տե­ղե­կա­տուու­թեան հա­մա­կար­գի տնօ­րէն Տ. Վահ­րամ Քհնյ. Մե­լի­քեան այս կա­պակ­ցու­թեամբ յի­շեալ աղ­բիւ­րին յայտ­նած է, թէ ժո­ղո­վա­կան հայ­րե­րը քննար­կած են նա­մա­կի հար­ցը, ինչ­պէս նաեւ այդ ա­ռըն­չու­թեամբ ար­տա­յայ­տուած ընդվ­զում­ներն ու բո­ղոք­նե­րը։ Ըստ ի­րեն, ԳՀԽ ըն­դու­նե­լի չի հա­մա­րեր Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի ար­տա­յայ­տած կե­ցուած­քը՝ Սուրբ նա­հա­տակ­նե­րու յի­շա­տա­կին առ­ջեւ։ Տ. Վահ­րամ Քհնյ. Մե­լի­քեա­նի բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րով, ԳՀԽ նկա­տի ա­ռած է նաեւ Պատ­րիար­քա­րա­նի վրայ առ­կայ ճնշում­նե­րը եւ այն ծանր կա­ցու­թիւ­նը, ո­րու պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ կը գոր­ծեն հայ ե­կե­ղե­ցա­կան­նե­րը։ Այ­դու­հան­դերձ, ընդ­հա­նուր փո­խա­նոր­դին ար­տա­յայ­տած կե­ցուած­քը ըն­դու­նե­լի չէ հա­մա­րուած եւ յոր­դո­րուած է նման պա­րա­գա­նե­րու մէջ ա­ռա­ւել զգու­շա­ւո­րու­թիւն հան­դէս բե­րել՝ չստեղ­ծե­լու հա­մար այ­սօ­րի­նակ վի­ճակ­ներ։

Ուրբաթ, Յուլիս 1, 2016