ՏԱՐԵՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ

Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի 2021-2022 ուսումնական տարուայ փակման հանդիսութիւնը՝ նախագահութեամբ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին։

Հանդիսութեան ընթացքին ելոյթ մը ունեցաւ ճեմարանի տեսուչ Տ. Շահէ Եպսկ. Անանեան։ Յայտագիրը ունէր նաեւ գեղարուեստական բաժին։ Տեղի ունեցաւ նաեւ նուիրաբաշխութիւն։ Այսպէս, Վեհափառ Հայրապետի ձեռամբ ուսման մէջ բարձր յառաջդիմութեան եւ կարգապահութեան համար պարգեւներու արժանացան Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի, Սեւանի Վազգէնեան հոգեւոր դպրանոցի եւ Քահանայից պատրաստման լսարանի ուսանողները։

Նորին Սրբութեան պատգամով եզրափակուեցաւ երեկոյթը։ Ան այս առթիւ յայտնեց, որ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր-կրթական բարձրագոյն հաստատութիւնները անոր հոգեփրկչական առաքելութեան անօթներն են, դարբնոցները մեր սուրբ եկեղեցւոյ լուսաւոր ապագայի եւ երաշխաւոր կաճառները անոր սրբազան ժառանգութեան։

Ուրբաթ, Յուլիս 1, 2022